ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք նախ­կին իս­թան­պու­լա­հայ ար­ժէ­քա­ւոր ա­տամ­նա­բոյժ Սար­գիս Ա­տա­մը։ Ան Թուր­քիա կ՚այ­ցե­լէր Վա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար բժշկա­գի­տա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի մը։ Պոլ­սոյ իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին բժիշ­կը ազ­նուու­թիւ­նը ու­նե­ցած էր այ­ցե­լե­լու նաեւ խմբագ­րա­տունս։ Կա­յա­ցած ջերմ ու մտեր­միկ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սար­գիս Ա­տամ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց Վա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գի­տա­ժո­ղո­վէն, ինչ­պէս նաեւ իր յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն մա­սին։ 

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015