ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ պատուիրակութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին միութեան զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Ողջունելով հիւրերը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց ՀԲԸՄ-ի՝ տասնամեակներու վրայ տարածուած ազգանուէր ծառայութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ՀԲԸՄ-ի եւ Կիլիկեան Աթոռի հետզհետէ ծաւալող գործակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման եւ անոր առաքելութեան հզօրացման։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի ներքին կացութեան շուրջ ու շեշտեց ազգի ներքին միասնութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։
Բաժնելով մտահոգութիւնները՝ Պերճ Սեդրակեանն ալ ընդգծեց եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը՝ հայ ժողովուրդի համախմբման եւ առաւել ազդու ձեւով Հայաստանին ծառայելու, երկրի հզօրացման եւ անոր իրաւունքներու հետապնդման ճանապարհին։ Պերճ Սեդրակեան ընդգծեց նաեւ մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը՝ արդի աշխարհի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով։
Զրոյցի տեւողութեան արծարծուեցան Լիբանանի, սփիւռքի եւ Հայաստանի այժմու կացութեան վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։