Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
Կ՚ԸՍԵՆ...
Կ՚ըսեն, երբեմն պէտք է փոխուիլ եւ հինը քանդել,
Եւ անպայման մոռնալ ու նոր մը ստեղծել:
Ատելութեան կողքին, նաեւ սիրել,
Սարսափ ծամելով, բարութեան գետին նաւարկել,
Ափսոսալ գիտնալ եւ անպայման ներել:
Բայց..., որքա՜ն դժուար է կամք ունենալ:
Կ՚ըսեն, երբեմն պէտք է ամպերէն վեր բարձրանալ,
Աստղերը բռնել, զգալ ու փոխուիլ գիտնալ:
Փորձել միշտ հաւատարիմ մնալ,
Գօտեպնդող ներկայութիւն ըլլալ,
Եւ միշտ յոյսի հետքին մէջ մնալ:
Բայց..., որքա՜ն դժուար է երազ ունենալ:
Կ՚ըսեն, երբեմն պէտք է հարցերը մոռնալ,
Ու անպայման կեանքը սիրել գիտնալ:
Պայման է, նաեւ գեղեցիկ մեղեդի ունենալ,
Հին օրերու թարմութիւնը բերող յոյսերով մնալ,
Ու փայլուն լոյսին բացուող, միտք մը դառնալ:
Բայց..., որքա՜ն դժուար է, կեանքի պարապէն հեռանալ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022