Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»ԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը արձագանգեց նախընթաց օր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին, որ կատարուած էր թերթիս Երեւանի աշխատակից Անուշ Թրուանցի կողմէ։ Սա «Արմէնփրէս»ի նորանշանակ տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեանի հետ կատարուած առաջին հարցազրոյցն էր։ Գործակալութիւնը նոյն օրն իսկ տեղ տուաւ այդ հարցազրոյցին՝ արեւելահայերէնի փոխադրուած տարբերակով։
Մինչ այդ, Նարինէ Նազարեանն ալ առանձնապէս արձագանգեց ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը՝ նշելով, որ առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միջոցաւ ներկայացուած է գործակալութեան ապագային վերաբերեալ իր տեսլականը։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022