ՔԻՉ ՄԸ ԱՆՁՆԱԿԱՆ
Անցեալին, ինչպէս նաեւ այսօր շատ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն «բարիք» մը ընելու նպատակով կը փորձեն միջամուխ ըլլալ անոնց որոշումներուն, նախընտրութիւններուն ու նախասիրութիւններուն, համոզուած ըլլալով, որ տարիքի տարբերութիւնը փորձառութեան հսկայական պակաս մը կը նշանակէ, հետեւաբար անհրաժեշտ է առաջնորդել:
Այդ կարծեցեալ «բարիք»ը, սակայն, կրնայ իսկական չարիքի մը վերածուիլ եւ չտալ այն արդիւնքը՝ որուն երազը կը հիւսեն ծնողներ:
Մեր ընտանիքները չեն գիտեր տարբերութիւնը պարտադրելուն եւ առաջնորդելուն եւ «մենք գիտենք» կարգախօսով կը փորձեն միջամուխ ըլլալ հասակ առնող իրենց զաւակներու որոշումներուն:
Կարդացէ՛ք պատմութեան մէջ այսօրը. Ոսկանեանի փեսացուն հրաժարած է ամուսնութենէն այն պարզ պատճառով՝ որ Արուսեակ ուզած է դերասան դառնալ. ընտանիքը զինք հեռացուցած է Պուլկարիա՝ որպէսզի իրենց աղջիկը հեռու մնայ թատերական բեմէն: Կարդացէ՛ք Ազնիւ Հրաչեայի կեանքը, որուն մայրը բողոքած է «Ո՛չ, ո՛չ, իմ աղջիկս թատրոնի աղջիկ ըլլալու համար չէ ծնած»: Ազնիւ Հրաչեայ եւ կամ Ոսկանեան եթէ համակերպէին իրենց դիմաց դրուած արգելքներուն ու խոչընդոտներուն, այսօր անոնք եւս պիտի դասուէին այն մարդոց շարքին, որոնք ապրած ու մահացած են՝ առանց հետք մը ձգելու իրենց ետին: Այսօր երկու մեծ դերասանուհիները պիտի չկարենայինք ճանչնալ՝ եթէ «բարիք» կարծուած այդ չարիքին համակերպելով իրենց մէջ սպաննէին այն տաղանդն ու սէրը, ինչ որ ունէին թատրոնի նկատմամբ:
Վերոյիշեալ երկու դերասանուհիները եղած են այն հազուագիւտ անձերէն, որոնք կրցած են իրապէս բարիքն ու չարիքը զանազանել, սակայն այդ բարիքներուն հայ ազգը վստահ եղէք զոհ տուած է հազարաւո՜ր հանճարներ. բազմատասնեակ իգական սեռի պատկանող գրողներ ուզած են բարձրաձայնել իրենց ապրումներն ու սէրերը, սակայն «բարիք»ը եկած է կանխելու. շրջապատը ի՞նչ պիտի ըսէ:
Ցաւ ի սիրտ, այդ բարիքին զոհերը ընդհանրապէս եղած են իգական սեռի ներկայացուցիչները, սակայն տղայոց մէջ ալ պակաս չեն անոնք:
Մեր ընտանիքներուն խօսքերն ու գործերը յաճախ կը հակասեն զիրար. ամենայն ազնուութեամբ կ՚ըսեն. «ինչ որ կ՚ուզեն, ինչպէս որ կ՚ուզեն թող այդպէս ապրին, իրենց փափաքին համեմատ ասպարէզ մը ընտրեն», սակայն ջանք չեն խնայեր անոր կեանքը առաջնորդելու համար հո՛ն, ուր իրենք կ՚ուզեն:
Այս բոլորը աւելի յստակեցնելու համար օրինակ մը տամ նոյնինքն իմ կեանքէս. պատանեկութեան տարիներէս կը սիրէի օրիորդ մը, որ նոյնպէս փոխադարձաբար զիս կը սիրէր. տասը տարեկանէս մինչեւ 18 տարեկան երկարող սէր մըն էր. անդին ընտանիքս, մանաւանդ հայրս բուռն փափաք մը ունէր զիս որպէս «եկեղեցական» տեսնելու, հպարտանալու համար թէ տղան եկեղեցական է. 18 տարեկանիս նշանախօսութիւն ունեցայ. սիրոյ դէմ կարելի չէր անձնատուր ըլլալ: Ընտանիքս երբեք ալ չսիրեց այդ աղջիկը, պարզ այն պատճառով որ ես պէտք է եկեղեցական ըլլամ ու այդ ատելութիւնը հասաւ ա՛յն աստիճան, որ նշանախօսութենէն մէկ տարի ետք անխուսափելի բաժանումը եղաւ: Պահանջքը նոյնն էր, պէտք է եկեղեցական դառնայի:
Այդ «բարիք»էն խուսափելու համար որոշեցի հաստատուիլ Յունաստան, սակայն «բարիք»ը հո՛ն ալ վերջ չգտաւ, մինչեւ որ չորս տարիներ ետք՝ 2017 թուականին եկեղեցական օծում ստացայ եւ դարձայ Հայր Հեթում:
Եկեղեցական դառնալէս ետք ըրած եմ այն բոլո՛ր բաները, որոնք չէի ըրած աշխարհական կեանքին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: Ունեցած եմ տագնապալի օրեր. եղած շաբաթներ, որ չեմ ուզած մարդ տեսնել, չեմ ուզած դուրս գալ սենեակէս. նեղութենէս ունեցած եմ առողջական լուրջ խնդիրներ, որոնք մինչեւ օրս դեղ խմելու դատապարտած են զիս: Կեանք մը՝ որ կեանքի հանդէպ սէրը նոյնիսկ մարած է մէջս:
Արդի՞ւնք. խորտակուած սէր մը, կարգաթող եկեղեցական մը՝ որ հակառակ երիտասարդ տարիքին տակաւին ինչե՜ր ունի գրելիք իր կեանքի փորձառութիւններուն մասին:
Այս բոլորէն ետք վերջերս անձ մը ափսոսանքով կ՚ըսէր. «հօրդ երազն էր...»: Այդ անձին տուած պատասխանս որպէս խրատ ու յորդոր տամ բոլո՛ր ծնողներուն եւ անոնց՝ որոնք օր մը ծնողք դառնալու փափաքը ունին.-
Ընտանիքի մը, ծնողքի մը իսկական ուրախութիւնը պէտք է ըլլայ եւ կայանայ իրենց զաւակին ուրախութեանը մէջ. ամէ՛ն մարդ կ՚ուզէ իր զաւակը տեսնէ բարձր մակարդակներու վրայ. ո՞վ չէր ուզեր իր զաւակը ըլլայ յայտնի փաստաբան, օդաչու եւ կամ պետական գործիչ. սակայն այդ բոլորը չէ որ ուրախութիւն կը պատճառեն:
Ոսկանեանի առաջին փեսացուն հաւանաբար նիւթապէս շատ լաւ վիճակ մը ունէր. Ոսկանեան կրնայ նիւթապէս ապահով ու հանգիստ ապրիլ, սակայն այդ հանգստութիւնը պիտի ըլլայ պարզապէս նիւթական եւ ո՛չ բարոյական. ան իր կեանքը պիտի ապրէր հարստութեան մէջ՝ սակայն հոգին ու միտքը պիտի կրծէին զինք:
Ընտանիքի մը պարտաւորութիւնը իրենց զաւակներուն կեանքի նաւը քշել սորվեցնելն է. միա՛յն քշելը՝ առանց ճանապարհորդութեան ճամբան ցոյց տալու, որովհետեւ այն նաւապետը որ ուրիշին գծած ուղղութիւնով կ՚առաջնորդուի կը հասնի հոն՝ ուր ուրիշը կ՚ուզէ եւ ո՛չ ինք. եւ իրապէս դժբախտ է ան՝ որ հեռու է այն նաւահանգիստէն, որ իրեն համար ուրախութեան պատճառ պիտի դառնայ:
Ձգեցէ՛ք ձեր զաւակները. ձգեցէ՛ք որ պահանջել հարկին ձախողին՝ ետքը յաջողելու քաղցրութիւնը զգալու համար. տեսա՞ծ էք մանուկ՝ որ իր քալելու նախափորձերուն երբեւէ ինկած չէ... ձգեցէ՛ք որ իյնան եւ պէտք է որ իյնան: Նաւապետը առանց ալիքի ծով չէ որ կ՚ուզէ, այլ կը սորվի լաւագոյնս այդ նաւը կառավարել՝ դժուարին պայմաններուն մէջ նոյնիսկ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐՈՒՍ ՈՍԿԱՆԵԱՆ
(1889-1943)
Մեր թուականէն 133 տարիներ առաջ՝ 28 ապրիլ 1889-ին, Պոլսոյ մէջ ծնած է դերասանուհի եւ ժողովրդական արուեստագիտուհի Արուս Ոսկանեան (օրիորդական անունով՝ Արուսեակ Դարպասեան. կարգ մը աղբիւրներ ծնունդը կը յիշատակեն որպէս մայիսի 10-ը):
Ոսկանեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանէն ներս, ուր աշակերտած է գրող եւ մանկավարժ Սիպիլին. ապա ընդունուած է տեղի ֆրանսական ուսումնարան:
Ուսումը աւարտելէ ետք Ոսկանեան Ազգային հիւանդանոցի որբանոցէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, սակայն նկատի ունենալով թատրոնի նկատմամբ փոքր տարիքէն ունեցած սէրը, ուզած է դուրս գալ ուսուցչութենէն եւ նուիրուիլ թատրոնի: Ոսկանեանի թատերական աշխարհ մուտք գործելու առաջին փորձը եղած է Պոլիս ժամանումով Վահրամ Փափազեանի, որ առաջարկած է «Օթելլօ»ի Էմիլիայի դերը: Այդ օրերուն Ոսկանեան նշանուած ըլլալով փեսացուն հրաժարած է իրմէ՝ այդ որոշումին համար, իսկ ընտանիքը զինք բեմէն հեռու պահելու նպատակով տարած են Պուլկարիա: Ոսկանեան Պուլկարիայէն Պոլիս վերադարձած է 1908 թուականին եւ որպէս հանդիսատես սկսած է ներկայ գտնուիլ Աբէլեան եւ Արամեան թատերախումբերու ներկայացումներուն, ինչ որ մէջը դարձեալ վառած են թատրոնի նկատմամբ իր ունեցած սէրը: Ժամանակի ընթացքին թատերախումբի հետ իր կապերը ամրացնելով վերջապէս ամուսնացած է նոյն թատրոնի մէջ որպէս դերասան գործող Յովսէփ Ոսկանեանի հետ, որմէ ետք սկիզբ առած է Ոսկանեանի դերասանական գործունէութիւնը:
Ոսկանեան թատերախումբին հետ միասին սկսած է շրջիլ քաղաքներ ու դերեր ստանձնել. Պաքուի մէջ ծանօթացած է յայտնի դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեային, որ ինքնակամ ստանձնած է Ոսկանեանի բեմական ուսուցիչը ըլլալու գործը: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Ոսկանեան հաստատուած է Թիֆլիզ, ուր Ալեքսանտր Շիրվանզատէի խորհուրդով մասնակցած է ներկայացումներու եւ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերած է:
Շնորհիւ իր վաստակին, 1927 թուականին Ոսկանեան արժանացած է Վաստակաւոր արուեստագէտի, իսկ 1935-ին՝ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումներուն:
Ոսկանեան իր վերջին դերը ստանձնած է 29 յունիս 1943 թուականին՝ «Դաւաճանութիւն» ներկայացման մէջ, որմէ 21 օրեր ետք՝ 20 յուլիս 1943 թուականին մահացած է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024