ՊԼԻՆՔԸՆ ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ՝ Քոնկրէսէ ներս, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ կանխելու համար այնպիսի քայլերը, որոնք պատճառ կրնան դառնալ հակամարտութեան վերսկսման։ Պետական քարտուղարը ըսաւ.
«Ես բազմիցս խօսած եմ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի առաջին հերթին վստահ ըլլանք, թէ ոչ ոք կը ձեռնարկէ քայլի մը, որ հակամարտութեան վերըսկսման պատճառ կրնայ դառնալ, ինչպէս նաեւ փորձենք յառաջ տանիլ եւ աջակցիլ երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման»։
Պլինքըն աւելցուց, որ կը բանակցի նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը պետական պիւտճէէն Հայաստանին համար յատկացուցած է 45 միլիոն տոլար, որու 2 միլիոնը նախատեսուած է ականազերծման նպատակով։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ Արցախի կարգավիճակին շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ գոյութիւն ունին։ Ռուսական կողմը ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուած եռակողմանի համաձայնութիւնները կը դիտարկէ՝ որպէս Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացման հիմքը։ Մոսկուա աշխուժօրէն կ՚աշխատի անոնց հետ բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը, սահմանազատման գործընթացի սկիզբը եւ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները։ «Ռուսական կողմը կ՚ընդգծէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ իրարու ընդառաջ շարժելու պատրաստակամութիւնը, այս նիւթով եռակողմանի շփումները կը մշակուին բարձր մակարդակով։ Աջակցելով Երեւանին եւ Պաքուին խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան հարցին մէջ, ռուսական կողմը կ՚առաջնորդուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ առաջարկներով։ Յիշեցնեմ, որ անոնք պատրաստուած են Պաքուի մէջ եւ շինիչ արձագանգ գտած՝ Երեւանէն։ Մենք կը կարծենք, թէ անոնք լաւ հիմք են դիրքորոշումներու ներդաշնակեցման համար։ Կարգավիճակի հարցին շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ կան։ Մենք մեր դերը կը տեսնենք կողմերու մերձեցման օգնելու մէջ», ըսաւ Զախարովա։
Բաց աստի, Զախարովա տեղեկացուց, որ յառաջիկային նախատեսուած է՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի հանդիպումը։ Մինչեւ այս շաբթուայ վերջաւորութեան շփումներ նախատեսուած են նաեւ Պաքուի մէջ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցաւ։
Զախարովա կրկնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան երբեմնի լաւ համակարգուած աշխատանքը փաստացիօրէն կաթուածահար եղած է ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի պատճառով։ Միեւնոյն ժամանակ, ան «անամօթ» որակեց Պրիւքսելի փորձերը, որոնք ուղղուած են Երեւան-Մոսկուա-Պաքու համաձայնութիւնները իւրացնելու։ Զախարովա այս նշումը ըրաւ՝ յիշեցնելով ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը։