ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ
Երեւանի փողոցները կը շարունակեն անհանգիստ մնալ։ 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր կեանքը բնականոն հունէն դուրս եկած է Հայաստանի մէջ։ Մէկ կողմէ իշխանութիւնները իրադարձութիւնները լիարժէք չեն կրնար վերահսկել, իսկ միւս կողմէ ընդդիմութիւնը հարիւր տոկոսով հանրութիւնը համոզելու, շարժման անցընելու հնարաւորութիւնը չ՚ունենար։
Վերջին օրերուն Հայաստանի ընդդիմութիւնը նոր շարժում մը կ՚իրականացնէ, որ կ՚ունենայ ազդու դրսեւորումներ։ Ներկայ շարժումը նախորդներուն բաղդատմամբ աւելի լայն զանգուածներ կը համախմբէ։ Այստեղ պատճառներէն մին այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հետեւանքները հետզհետէ տեսանելի կը դառնան ժողովուրդին եւ բոլորը աստիճանաբար կը համոզուին Արցախի ճակատագրի ենթարկուած անշրջադարձելի վտանգներուն մասին։ Այս բոլորէն վերջ, ընդդիմութեան նախաձեռնած այս իրազեկման շարժումը կը շարունակուի՝ բնորոշելով երկրի քաղաքական օրակարգը։ Մինչ այդ, իշխանութեան դէմ բարձրացուած հակազդեցութեան ալիքի պայմաններուն ներքեւ զանազան շրջանակներու կողմէ հնչեցուած միտքերն ալ, յամենայնդէպս, միանշանակ չեն ընկալուիր բոլոր ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ։
Վերջին օրերու աշխոյժ շարժման զուգահեռ՝ Հայաստանի ընդդիմութիւնը մեծ հանրահաւաքի մը կը պատրաստուի շաբաթավերջին՝ 1 մայիսին։