ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՄԱՅԻՍԻ 13-ԻՆ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ մայիսի 13-ին Տուշանպէի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպում մը՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ։ Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի շրջանակին մէջ։
Երէկ, Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս առթիւ նախարարները քննարկեցին յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած յայտարարութիւններով ստանձնուած պարտաւորութիւններու իրականացման ընթացքը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ձեւաւորման։ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ։ Այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան հաւանութիւն տուաւ Տուշանպէի մէջ Ճէյհուն Պայրամովի հետ մէկտեղուելու ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ նախատեսուած այս հանդիպումէն անմիջապէս առաջ, մայիսի 2-ին ալ, Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւի միջեւ հանդիպում մը։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջին մէջ կրնայ տեղաւորուիլ, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները, կրնանք ըսել, այս պահուն քանի մը ուղղութիւններ ունին։ Եռակողմանի աշխատանքային խումբը ապաշրջափակման նիւթին վրայ կ՚աշխատի։ Այս պահուն կը քննարկուի նաեւ սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքային խումբերու ձեւաւորումը։ Կարծեմ՝ գրեթէ վերջնական փուլի մէջ է, մօտակայ ժամանակներս արդէն կը յայտարարուի աշխատանքային խումբի ձեւաւորման մասին։ Կայ նաեւ խաղաղութեան օրակարգի քննարկման ուղղութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Կայ նաեւ անվտանգութեան ուժերու ղեկավարներու պարբերաբար հանդիպում, ուր կը քննարկուին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու որոշ հարցերը։ Կայ նաեւ իմ եւ Հիքմէթ Հաճիեւի հանդիպման հարթակը, ուր կը քննարկուին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վերաբերեալ շարք մը հարցեր»։