ՄԱՐԱԼ ՔՈ՛ՅՐՍ
Այնպէս ինչպէս պոռնիկութիւնը, մուրացկանութիւնը եւս աշխարհի ամենէն հին «արհեստ»ներէն մէկն է. մարդիկ գիտէին եւ այսօր ալ գիտեն, որ դրամ ապահովելու ամենէն լաւագոյն ձեւերէն մէկն է այդ: Եւ փաստելու համար հնութիւնը այս արհեստին, յիշենք Գործք Առաքելոցի հետեւեալ խօսքերը.- «Օր մը, Պետրոս եւ Յովհաննէս տաճար կը մտնէին կէսօրէ ետք ժամը երեքի աղօթքին համար: Ի ծնէ կաղ մը, որ ամէն օր շալկած կը բերէին եւ տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դարպասին քով կը դը-նէին, որպէսզի տաճար մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ...» (Գործք Առաքելոց, 6.1-2): Նման երեւոյթ մը տեսնելու համար աւելի քան 2000 տարիներ ետ երթալու կարիքը չունինք. վերոյիշեալ տեսարանը մենք ամէ՛ն օր կը տեսնենք Եռաբլուրի առջեւ, էջմիածինի, Խոր Վիրապի եւ այլ եկեղեցիներու դիմաց, շատ անգամ նոյնիսկ առանց կաղ ըլլալու: Գործք Առաքելոցի մէջ յիշուած մուրացկանները կը փորձէին մարդոց կրօնական զգացումները շահագործել եւ իրենց անկարողութեամբ մարդոց գութը շարժել: Հայերը սակայն, կրօնական զգացումներուն կողքին ունին աւելի տկար զգացում մը՝ ազգութիւնը, որ մուրալու լաւագոյն միջոց կը հանդիսանայ:
***
Երէկ գիշեր անծանօթ թիւով մօրս զանգ մը եկաւ. ինքնավստահ եւ աշխոյժ ձայնով հայուհի մըն էր՝ կարծելովս 35-40 տարեկան: Երկուքին մէջ տեղի ունեցաւ հետեւեալ խօսակցութիւնը.
-Մարալ քո՛յրս, ինչպէ՞ս էք:
-Լաւ ենք, բայց կը ներէք չճանչցայ, ո՞վ կ՚ըլլաք:
-Մենք ալ լաւ ենք Մարալ քոյրս, ինչպէ՞ս ըլլանք. վերջապէս Հայաստա՞ն էք:
-Մենք արդէն ինը տարի պիտի ըլլայ Հայաստան հաստատուած ենք... բայց չճանչցայ ձեզ, ո՞վ կ՚ըլլաք:
-Շատ լաւ էք արել Մարալ քոյրս, մենք ալ հայ ենք, հոս Հայաստան կ՚ապրինք:
-Լա՛ւ, բայց ո՞վ կ՚ըլլաք, չկրցայ ճանչնալ:
-Ոչինչ Մարալ քոյրս, զանգել էի տեսնեմ ինչ բանով կրնաք օգտակար դառնալ ինծի, ես ալ հայ եմ, ընտանիք ունիմ, պզտիկներ ունիմ: Դուք ալ հայ էք մե՛նք ալ. լաւ կին կ՚երեւիք, եթէ կրնաք քիչ մը օգնեցէք:
Մանկամարդ կինը այնքա՜ն վարժ ու անկաշկանդ կը խօսէր, որ պարզ էր, թէ առաջին անգամը չէ, որ ի գործ կը դնէ այդ «արհեստ»ի նրբութիւնները: Խօսած ժամանակ մերթ ընդ մերթ կը լսուէր մանուկի մը ձայնը, որուն դառնալով «արի՛, Մարալ քոյրիկին բարեւ ասա» կ՚ըսէր. մասնագիտացուած մուրացկան մը, որ կրօնական, ազգային եւ մարդկային գութերը միաժամանակ շարժել կը փորձէ:
Ցաւը մե՛ծ է. նախ ինչի՞ն համար ցաւիս. ցաւիս որ աղքա՞տ են, աշխատելու սէր չունի՞ն, ցաւիս որ պէտքէ մը աւելի առօրեայ մասնագիտութի՞ւն է այդ մէկը: Աստուած գիտէ օրական քանի՜ «Մարալ քոյր»եր զոհը կը դառնան այդ ազգային դիմագիծ կրող մուրացկանութեան:
Հաւանաբար ազգութիւնը մեր ժողովուրդին համար հաւատքէն եւ մարդկային արժէքներէն շա՜տ շատ աւելի առաջ կու գայ. եւ ցաւ ի սիրտ հայ մուրացկանը այսօր միայն հայրենիքի մէջ չէ. Լիբանանի, Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ անպակաս են անոնք: Այդ շեշտուող «Քոյր»ս բառը ինքնին պատգամ մըն է, որ ըսել կ՚ուզէ, թէ մենք քոյր եւ եղբայր ենք՝ մեր հաւատքի կողքին մեր ազգութեամբ, որովհետեւ եթէ հայը հայուն չօգնէ՝ ուրիշը հային «երեսին չի նայիր»:
Երեք տարիներ առաջ Պոլիս էի. տարեց մարդ մը մօտեցաւ եւ օգնութիւն խնդրեց. առաջ որ գումար մը տամ, ուզեցի խօսիլ իր հետ. անունս հարցուց. երբ Հրայր ըսի «ե՛ս ալ հայ եմ զաւակս ըսաւ»: Ինչքան կը յիշեմ անունը Սարգիս էր. մուրացկանի նման պատռտուած հագուստներ հագած չէր. իր ի վիճակի ըլլալն ու չըլլալն ալ այդ պահուն այնքան կարեւոր չէր, ինչքան իր հայ ըլլալը, որովհետեւ մինչեւ որոշ ժամանակ ինծի համար դժուար էր համոզուիլ, որ կրնան գոյութիւն ունենալ հայ բոզեր ու մուրացկաններ:
Մեր հայերը այնքա՜ն յառաջդիմած են մուրացկանութեան «արհեստ»ին մէջ, որ «խնդրել»ը վերածուած է «պահանջ»ի ու այդ պահանջատիրութիւնը հայրենակիցի գրպանին նկատմամբ զգացի, երբ խումբով գացինք Կիւմրի եւ Սպիտակ, երկրաշարժէն աւելի քան երեսուն տարներ ետք անմարդկային վիճակի մէջ ապրող հայրենակիցներուն օգնութիւն տանելու: Այդտեղ զգացի, որ իրենք շնորհակալ կամ երախտապարտ չեն, այլ համոզուած են, որ սփիւռքահայը պարտաւոր է ընել այդ բոլորը՝ որովհետեւ իրենք ալ հայ են: Փողոցին մէջ շատեր մեզի ցոյց տուին տուներ՝ ըսելով. «ասոր ըսածներուն մի հաւատաք. պետութիւնը երկու անգամ իրեն տուն տուաւ, երկուքն ալ ծախեց հոս եկաւ, որպէսզի մարդոցմէ օգնութիւն ուզէ»: Մարդիկ բացատրեցին, թէ անոնք իրենց ստացած գումարներով չեն ուզեր իրենց տուները նորոգել, իրենց ապրելակերպը բարելաւել, որպէսզի երբ «բարերար»ը գայ տեսնելով իրենց վիճակը, օգնութեան ձեռք երկարէ:
Այս բոլորն ալ փաստ՝ որ հայերը ամէ՛ն բանի մէջ յատուկ են՝ իրենց մուրացկանութեան ձեւերով նոյնիսկ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՓԱՆՈՍ ԹԷՐԼԷՄԷԶԵԱՆ
(1865-1941)
Մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ՝ 30 ապրիլ 1941 թուականին Երեւանի մէջ մահացած է նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Փանոս Թէրլէմէզեան:
Թէրլէմէզեան ծնած է 3 մարտ 1865-ին, Վան քաղաքի Այգեստան գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի վարժարանին մէջ, ուր ի յայտ եկած է արուեստագէտին նկարչութեան հանդէպ ունեցած սէրը: Ուսումը շարունակած է Վանի Մկրտիչ Փորթուգալեան կեդրոնական վարժարանէն ներս:
Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1886-1889 թուականներուն սկսած է գծագրութեան, գեղագիտութեան եւ աշխարհագրութեան նիւթերը դասաւանդել Վանի դպրոցներէն ներս: Այդ տարիներուն մասնակցած է սուլթանական կառավարութեան դէմ կայացող երիտասարդական պայքարներուն, որու պատճառով 1890 թուականին ձերբակալուած է, սակայն ապացոյցներու բացակայութեան պատճառով վեց ամիսներ ետք ազատ արձակուած է: Ազատ արձակուելէ տարի մը ետք՝ 1891 թուականին ատեանի կողմէ մահուան դատապարտուած է, սակայն յաջողած է բանտէն դուրս գալ եւ անցնիլ Պարսկաստան, ուրկէ անցած է Թիֆլիզ: Ազատումէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է որպէս փայտահատ եւ ապա որպէս գրաշար գործի ընդունուած՝ «Մշակ» թերթի խմբագրութենէն ներս:
Թէրլէմէզեան 1895 թուականին մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր ընդունուած է գեղարուեստական դպրոց, ուր իր ուսումը ստացած է Խրիմեան Հայրիկի հաստատած թոշակի շնորհիւ:
Ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Էսթոնիա, ուր դարձեալ թրքական կառավարութեան հետապնդումներով ձերբակալուած եւ բանտարկուած է: Այնուհետեւ որոշ ժամանակ մնացած է Սեն Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի, Ռոստովի, Թիֆլիզի, Դիլիջանի եւ Երեւանի բանտերուն մէջ: Ապա 1898 թուականին Թէրլէմէզեան աքսորուած է դէպի Պարսկաստան, ուրկէ յաջողած է անցնիլ Վրաստան եւ ապա մեկնած է Փարիզ, ուր հետեւած է նկարչութեան դասընթացքներու եւ սկսած է իր առաջին ցուցահանդէսները ունենալ ֆրանսացի արուեստագէտներու հետ միատեղ. 1900 թուականին կայացած ցուցահանդէսի ժամանակ իր նկարներէն մին արժանացած է առաջնութեան մրցանակի:
Թէրլէմէզեան 1901 թուականին Խրիմեան Հայրիկի հրաւէրով մեկնած է Էջմիածին, ուր որոշ ժամանակ մնալէ եւ ստեղծագործելէ ետք դարձեալ մեկնած է Թիֆլիզ, ուր Ներսիսեան եւ Յովնանեան վարժարաններէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն:
Թէրլէմէզեան որոշ ժամանակ ապրած է նաեւ Պոլսոյ մէջ, ուր մտերիմ կապեր հաստատած է Վարուժանի, Սիամանթոյի, Օտեանի եւ ուրիշներու հետ: Պոլիս գտնուած միջոցին նկարիչ Լեւոն Քիւրքճեանի հետ միասին հիմնած է նկարչական դպրոց:
Արուեստագէտին կարեւորագոյն գործերէն մէկն է Կոմիտաս Վարդապետի դիմանկարը. 1912 թուականին Թէրլէմէզեան Կոմիտաս Վարդապետի հետ միասին մեկնած է Քիւթահիա, ուր նկարած է մեծ երաժիշտին դիմանկարը, որուն յաջորդած են Աւետիք Իսահակեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Ակսել Բակունցի, Ռոմանոս Մելիքեանի եւ այլ յայտնիներու դիմանկարները:
Թէրլէմէզեան 1916 թուականին եղած է Հայ արուեստագէտներու միութեան հիմնադիրներէն մին:
Արուեստագէտը ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Պոլսոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Թիֆլիզի եւ շարք մը այլ երկիներու մէջ:
Թէրլէմէզեան իր գործերը նուիրած է Հայաստանի Պետական թանգարանին: Շնորհիւ իր վաստակին, 1930 թուականին ստացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչում: Ի յիշատակ արուեստագէտին, Երեւանի գեղարուեստի ուսումնարանը կը կոչուի Փանոս Թէրլէմէզեանի անունով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ