ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Մայիսի 2-3-ին Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ, որոնց մեկնարկին մասնակցեցան նաեւ Միրզոյեան եւ Պլինքըն։ Այս բանակցութիւններուն զուգահեռ Արարատ Միրզոյեան եւ Էնթընի Պլինքըն ունեցան առանձին տեսակցութիւն մը։ Ուաշինկթընի շփումներու ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAIP) կառավարիչ Սեմենթա Փաուէրի հետ։ Այս բոլորը համընկնեցան Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելենական փուլին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պլինքըն ընդգծեցին հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս համատեղ աշխատանքներու վերսկսման նշանակութիւնը։ Նախարարները համոզուած են, որ առեւտրատնտեսական կապերու եւ համագործակցութեան ընդլայնման համար կան զգալի հնարաւորութիւններ։ Միրզոյեան եւ Պլինքըն անդրադարձան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցերու։ Հայկական կողմը ներկայացուց Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած իրավիճակն ու իր դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացներուն վերաբերեալ։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու սկսման վերաբերեալ։ Միրզոյեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԱՄՆ-ի միջնորդական ջանքերու կարեւորութիւնը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւն։ Միրզոյեան ամերիկացի պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց Ատրպէյճանի այն գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են Արցախէ ներս մարդասիրական տագնապ ստեղծելու։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն, որոնց համատեսքին մէջ կարեւորուեցաւ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի անհրաժեշտութիւնը, նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը։ Միրզոյեան եւ Պլինքըն անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին։
Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի զարգացումները։ Պլինքըն նշեց, որ ԱՄՆ լիովին կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կը կարեւորէ այդ գործընթացէն ներս Հայաստանի կողմէ ներդրուած շինիչ ջանքերը։
Միրզոյեան եւ Պլինքըն ստորագրեցին նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ քաղաքացիական միջուկային ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի մէջ Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն վերջ ԱՄՆ-ի հետ համագործակցութիւնը համատեղ ջանքերով բարձրացած է ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի։ «Մենք կը գնահատենք մեր բարեփոխումներուն աջակցելու ԱՄՆ-ի ջանքերը», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան կը գնահատէ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը՝ երկրէ ներս ուժանիւթի ոլորտը զարգացնելու ուղղութեամբ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Արարատ Միրզոյեան Վիքթորիա Նուլանտի հետ զրուցելու ընթացքին ալ առանձնապէս ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքներու վերսկսման կարեւորութիւնը։
Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան երկօրեայ ժողովները ամփոփուեցան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Հայաստան եւ ԱՄՆ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով ամրապնդելու համար։ Համատեղ յայտարարութիւնը ունի երեք բաժին, որոնցմէ մին կը վերաբերի ժողովրդավարական ապագայ բարեփոխումներու եւ փոխադարձ բարեկեցութեան խթանման Հայաստանի մէջ։ Առանձին բաժին մը յատկացուած է նաեւ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու վերաբերեալ ձգտման։ Կողմերը ընդգծած են նաեւ անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման խնդիրները։ Յայտարարութեան այս բաժնին մէջ դիտել տրուած է հետեւեալը. «Երկու պատուիրակութիւնները քննարկած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին սահմանային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ոլորտներէ ներս գործընկերութեան՝ աղէտներու կառավարման, պաշտպանական բարեփոխումներու, բժշկական աջակցութեան եւ խաղաղապահութեան միջոցաւ։ Պատուիրակութիւնները կարծիքներ փոխանակած են անվտանգութեան հարցերու շուրջ ու նշած Միացեալ Նահանգներու դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ օժտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպաստելու լիազօրութեամբ»։