ԿԸ ՊԱԿՍԻ ՍԷՐԸ

Աշխարհին կը պակսի սէրը՝ կեանքի, աշխարհի համը, ինչպէս որ աղը կերակուրի համար:

Ամէնուր կը փնտռենք սէր, անտեսելով անոր գոյութիւնը: Սպաննելով սէրը մեր մէջ: Սէրը Աստուած է: Աստուածային սիրոյ մասին անգամ չենք յիշեր: Արարիչը չենք սիրեր, լոկ կը գործածենք, յիշելով Բարձրեալը միայն մեր նեղութեան վայրկեաններուն, երբեմն ալ ուրախութենէն փառք տալով: Այսքանը: Այսքանով կը սահմանափակուի մեր հաւատքն ու վստահութիւնը առ Աստուած:

Աստուած սէր է: Սէրն ու Աստուած իրարու շատ կը նմանին: Երկուքն ալ չենք տեսներ, սակայն կը զգանք, ինչպէս՝ հովը: Քամին նոյնպէս աներեւոյթ է՝ չենք տեսներ, բայց կը զգանք: Այսօր ամէնուր մեզի կը պակսէ մեր կեանքի համը՝ սէրը:

Առանց սիրոյ՝ ամուսնութիւններ, զաւակներու ծնունդ, կեանք, դաստիարակութիւն: Յաճախ կը հանդիպիմ դատարկ հայեացքներու, որոնց մէջ կը բացակայի ջերմութիւնը, կեանքը: Իսկ չէ՞ որ աչքերը մարդու հոգիին հայելին է: Ըսել է, թէ ներքուստ դատարկ ենք՝ պարապ տակառ մը:

Առաջին անգամ այդ դատարկ, ոչինչ ըսող հայեացքներուն հանդիպեցայ Իսթանպուլի մէջ: Նախ սարսափեցայ, քանզի ակնբախ հոգիներու այդ պաղութիւնը ազդու էր: Մանուկէն մինչեւ ալեհեր: Ինկայ տաքուկ քաղաք մը, ուր մարդոց հայեացքները պաղ էին ու անխօս: Այդ նոր աշխարհի մէջ կը բացակայէր սէրը: Մարդիկ իրարու սէր կը խոստովանէին, բնաւ ծանօթ չըլլալով այդ աստուածային զգացումին:

Ամէնուր արգելապատնէշներ են: Մարդոց հոգիներն ու սիրտերը պարսպապատ են: Ամէն անգամ պէտք է զգուշութեամբ բախես այդ պարիսպներու դռները, այնուհետեւ յառաջանաս: Վստահաբար անոնց սէրը կեղծ է: Քանզի կը դիմանայ ոչ մէկ փորձութեան, իսկ ազնուութիւնը միշտ կը փորձարկուի, ինչպէս երկաթը կամ ոսկին բարձր ջերմաստիճանի մէջ:

Ժպիտնե՜ր, ժպիտներ: Բոլորը կը ժպտան: Իմ կեանքի մէջ երբեւէ այդքան ժպիտ չէի տեսած: Հաճելի էր: Ժպիտներու քաղաքի մէջ կեղծ են անգամ ժպիտները՝ անարժէք, ձրի: Այստեղ ձրի բառի գործածութիւնը աւելի տեղին է: Իսկ ձրի բանն ալ արժէք, կշիռ չունի: Երբ կը փորձես մօտենալ այդ ժպիտներուն, կը բախիս աներեւոյթ ցանկապատերու: Ինչպէս որ երկիրները գծած են իրենց սահմանները, մարդիկ նոյնպէս ամէնուր ցանկապատած են դէպի աստուածայինը տանող իւրաքանչիւր ճանապարհ: Որքան կը փորձես մօտենալ այդ ջերմ թուացեալ ժպիտներուն, այնքան կը զգաս սառնութեան շերտը:

Այստեղ կեանքը կը շարունակէ առանց կեանքի, առանց սիրոյ, ջերմութեան: Առանց սիրոյ ամրոցները կը փլին, սարերն ու լեռները ճաք կու տան: Առանց սիրոյ կառուցածը կը փոշիանայ, կ՚ըլլայ ի չիք: Այստեղ սրտերը կը միանան առանց սիրոյ: Կարճ ժամանակ անց դիրութեամբ կը զատուին՝ սիրոյ բացակայութենէն է: Ճշմարիտ սէրը երբեք չի նախանձիր, չի վիրաւորեր, չի նուաստացներ: Ճշմարիտ սէրը լի է անսահման համբերութեամբ, ըմբռնումով, հաւատարմութեամբ, ջերմութեամբ, լոյսով, յոյսով, հաւատով, հանդուրժողականութեամբ:

Սիրոյ մէջ չկայ բաժանում, վիրաւորանք, արցունք, տամուկ աչքեր, տխրութիւն, յուսահատութիւն, ծեծ ու ջարդ:

Ինչո՞ւ այսօր յիշեցի սիրոյ մասին: Պատճառը իմ պատուհանէն դուրս մեղմիկ երգող անձրեւն է: Այդ անձրեւը ինծի միշտ կը յիշեցնէ սիրոյ մասին, պակաս ու անկատար: Անձրեւի պարգեւած հանգստութիւնը, մաքրութիւնն ու թարմութիւնն ալ կը նմանի սիրոյն:

Պոլիսը սէր է, դատարկ սիրուց: Աշխարհը սէր է, մոռցած սիրոյ մասին: Սէրը կը բնակի դրախտին մէջ: Հայաստանի մէջ կ՚ապրի սէրը: Սիրոյ ծովեր կը հոսին Արցախի տարածքով: Այստեղ եղանակը վաղ աշնան կը ցրտէ: Սակայն մարդկային սէրը մշտապէս կը վառի, ճիշդ հակառակը՝ տարին տասներկու ամիս տաք Պոլիսի հետ: Երկիր դրախտավայրի մէջ սիրող սրտերը անպակաս են: Առհասարակ Արցախիս մէջ յաճախ, փողոցներու մէջ կարելի է հանդիպիլ թափառող խաղաղութեան, սիրոյ, հանգստութեան, համերաշխութեան: Այստեղ ամենէն շատ կը սիրէ թափառիլ ջերմութիւնն ու հոգատարութիւնը միմեանց նկատմամբ: Սրբազան հողիս պաղ շերտերը նոյնպէս լի են ջերմութեամբ: Հողի տակ հանգչող բազմահազար մատղաշ երիտասարդներու մարմնի ջերմութիւնը շիկացուցած է գետինը: Արցախը իմ տունն է: Պարտադիր չէ գլխավերեւդ տանիք ունենաս: Կրնաս փարուիլ գետնին ու հանգիստ հանգչիլ, ննջել:

Աշխարհին, մարդկութեան կը ցանկամ սէր, ճշմարիտ սէր՝ Աստուածատուր:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022