ՄՐՑԱՆԻՇԱՅԻՆ ԹԷՅ

Ճաբոնի կեդրոնական հատուածէն բերուած թէյի տերեւներու 1 քիլօկրամնոց ծրարը աճուրդով վաճառուած է 1.96 եէնով, որ կը համապատասխանէ շուրջ 15.5 հազար ամերիկեան տոլարի։ Ապրիլի 12-ին տեղի ունեցած է աճուրդը, որ բացարձակ մրցանիշ սահմանած է նմանատիպ աճուրդներու պատմութեան մէջ։ Սոյն աճուրդները տեղի կ՚ունենան ամէն տարուայ ապրիլին Շիզուոքա քաղաքին մէջ, ուր տեղակայուած են թէյի լաւագոյն դաշտերը երկրէն ներս։

Համտեսելէ յետոյ գիտակները նշած են, որ մրցանիշային գինով վաճառուած կանաչ թէյը կ՚առանձնանայ իր իւրայատուկ եւ առանձնայատուկ գոյնով ու բոյրով։ Շիզուոքայի մէջ կայացած աճուրդէն յետոյ նոր բերքէն ստացուած թէյի մէկ քիլօկրամը միջին հաշուով վաճառուած է 5 հազար եէնով՝ շուրջ 40 ամերիկեան տոլարով։

Ճաբոնը յայտնի է գիւղատնտեսական ապրանքներու աճուրդներու կազմակերպմամբ, որոնց ժամանակ յաճախ գինի մրցանիշներ կը սահմանուին։ Օրինակ՝ նախորդ տարուայ յուլիսին Քանազաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աճուրդին ընթացքին Հռոմէական սուտակ (Ruby Roman) տեսակի խաղողի մէկ ողկոյզը վաճառուած է շուրջ 13 հազար տոլարով։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022