ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ

Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Ընդդիմութեան ցոյցերը Երեւանի կեդրոնի եւ երկրի զանազան քաղաքներու մէջ արտասովոր վիճակ ստեղծած են։ Պարզ է, որ ընդդիմութեան հրահրած շարժումին մէջ կայ նաեւ իշխանատենչութիւն, սակայն, այդ ալիքը կը պարփակէ նաեւ ժողովրդական լայն խաւերու զգայնութիւններն ու մտահոգութիւնները՝ երկրի ապագային կապակցութեամբ։ Իշխանութիւնները այդ բոլորի նկատմամբ անտարբեր են եւ իշխանատենչութեան պատրուակը օգտագործելով նոյնիսկ կ՚ըմբոստանան։

Ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին մէջ երէկ հնչեց իմաստութեան ձայն մը։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրապարակեց «Ապացուցուածը եւ անապացուցելին» խորագրեալ շահեկան յօդուած մը՝ անդրադառնալով ներքին քաղաքական կեանքի առկայ ալեկոծումներուն։ «Առճակատումը ո՛չ թէ կ՚ուժեղացնէ, այլ աւելի կը թուլացնէ Հայաստանի դիրքերը յառաջիկայ դժուարին բանակցութիւններու մէջ», գրեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որու համոզմամբ՝ փոխզիջումներու մերժման եւ կարգավիճակի պահպանման քաղաքականութիւնը ազգային աղէտի մը պատճառ դարձած է։ Սա ապացուցման կարիք չունի, ինչ որ աղէտէն յետոյ կը խոստովանին նոյնիսկ այդ քաղաքականութեան երբեմնի կողմնակիցներէն ոմանք։ Ըստ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Սերժ Սարգսեանի թեթեւ ձեռքով Նիկոլ Փաշինեանին փակցուած է «քափիթիւլանտ» պիտակը, ինչ որ թէեւ դիպուկ է, բայց կէս-ճշմարտութիւն։ Իրականութեան մէջ անձնտուութեան ենթարկուած է ոչ թէ Փաշինեանը, այլեւ Հայաստանը։ Հետեւաբար, ով որ ալ ըլլայ Փաշինեանի փոխարէն՝ հլու հնազանդ պիտի ընդունի այն լուծումը, որ պիտի փաթթուի Հայաստանի վիզին։

«Խնդիրը, ըստ այդմ, Հայաստանի ղեկավարի անձէն կախուած չէ։ Եթէ այս պարզ ճշմարտութիւնը չհասկցուի եւ մեր երկրի ներքին քաղաքական ցնցումները շարունակուին, ապա մեզի պարտադրուող լուծումները շատ աւելի ցաւոտ պիտի ըլլան, անկախ այն հանգամանքէն, թէ Փաշինեան կամ ուրիշ մէկը կը ստորագրէ վերջնական փաստաթուղթը», նշած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ աւելցուցած է, որ եթէ մտաւորականութիւնը իսկապէս կը փափաքի ազգանպաստ գործ մը կատարել, ապա պէտք է ստիպէ, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը նստին մէկ սեղանի շուրջ ու ելք գտնեն ներքին քաղաքական տագնապին։

Ընդդիմութիւնը այսօր եւս բողոքի ցոյցերը կը շարունակէ՝ մինչ երկրի մամուլէն զանազան թերթեր արձագանգ կը հանդիսանան կարգ մը վիճակագրական տուեալներու, ըստ որոնց Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը պակսած է։

Միւս կողմէ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսաստան շահագրգռուած է Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակի կայունացումով։ «Հայաստանը մեր մեծագոյն բարեկամն է։ Ասոր համար մենք շահագրգռուած ենք, որպէսզի Հայաստանի մէջ այս ժամանակահատուածը որքան հնարաւոր է արագ վերջանայ ու երկրէն ներս ըլլայ կայունութեան ժամանակահատուած, ինչ որ թոյլ պիտի տայ աստիճանաբար շարժիլ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմանի համաձայնութիւններու իրագործման ուղղութեամբ», ըսաւ ան։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ ալ արձագանգ կը գտնեն Հայաստանի իրադարձութիւնները։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022