«ՊԱՅՔԱՐ»Ի ՄԷՋ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ

Ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջին թիւին մէջ անդրադարձաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին. Երթուդարձի նօթեր» գիրքին։ Հայաստանի հեղինակաւոր մտաւորականներէն Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան գրախօսական մը ստորագրած է՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի պատասխանատու, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքին մասին։ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան շատ լաւ ձեւով մատուցած է այն առանձնայատկութիւնները, որոնք կը բնորոշեն գիրքին արժէքը։ Ան գրախօսականը պատրաստած է՝ աշխատելով ակնյայտօրէն մեծ խղմտանքով, առանց զանց առնելու վրիպակները, որոնք թուարկուած են մի առ մի։

«ԺԱՄԱՆԱԿ լրագրի խմբագրութիւնը այսօր կ՚իրագործէ բան մը, որու մասին ես քանիցս գրած եմ տարբեր առիթներով։ Կան թերթեր, ամսագրեր ու հանդէսներ, որոնց մենք այսօր կը մնանք պարտական, այսինքն, աւելի ճիշդ, անոնց խմբագիրներուն ու աշխատակիցներուն։ ԺԱՄԱՆԱԿ վերջին տարիներուն հրապարակ հանած էր վեց ուշագրաւ հատոր, որոնց բովանդակած նիւթերը ժամանակին տպագրուած են այդ թերթի էջերուն», նշուած է գրախօսականին մէջ ու մի առ մի թուարկուած՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն նախապէս լոյս տեսած հինգ գիրքերը, որոնց «հեղինակներու անունները արդէն պատկառանք կը ներշնչեն»։

Աւելի վերջ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան նշած է. «Եւ ահա օրերս ձեռքս հասաւ մատենաշարի նոր՝ 6-րդ գիրքը, Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին. Երթուդարձի նօթեր» ծաւալուն հատորը (2021)։ Այս բոլոր գիրքերը հրատարակուած են Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ (Վահան Թէքէեանի «Կեսարիա»ն՝ Գրիգոր Պըլտեանի հետ)։ Սեւան Տէյիրմենճեան իր սերունդի լաւագոյն բանասէրն է (նկատի ունիմ նաեւ Հայաստանը)։ Այս գիրքերը ան հրատարակութեան պատրաստած է բանասիրական եւ գրականագիտական պատշաճ մակարդակով, օժտելով զանոնք լաւ շարադրուած յառաջաբաններով, սպառիչ ծանօթագրութիւններով, յատուկ անուններու, տեղանուններու ցանկերով, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նաեւ բառարանով»։

Գրախօսականի տեւողութեան Տէր-Խաչատուրեան նշած է, որ Թորոս Ազատեան եղած է իրեն վաղուց ծանօթ անուն մը։ Ան չէ փափաքած ծաւալուիլ բանաստեղծ, բանասէր, խմբագիր ու լրագրող Թորոս Ազատեանի (1898-1955) կենսագրութեան շուրջ, ինչ որ հարուստ է գրական-բանասիրական աշխատանքով։

«Ես կը խօսիմ այս նոր գիրքի մասին։ 1945 թուականի յունիսի 19-ին Թորոս Ազատեան իրերու եւ հանգամանքներու պատեհ բերումով Պոլսէն ճամբայ կ՚իյնայ դէպի Հայաստան, դէպի Սուրբ Էջմիածին։ Կու գայ թրքահայ պատգամաւորներու խումբով մասնակցելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան։ Յունիսի 23-ին կը հասնի Հայաստան։ Այստեղ կը մնայ շուրջ շաբաթ մը։ Յուլիսի 1-ին խումբը կը բռնէ վերադարձի ճամբան։

«Թորոս Ազատեանի այդ օրերը եղած են լեցուն, յիշարժան, ուղղակի փառաւոր օրեր։ Վերադառնալէ յետոյ ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ շարունակաբար կը տպագրէ իր տպաւորութիւնները։ Պէտք է ըսեմ, որ ժամանակին Հայաստանի մէջ նկատած են զանոնք», նշած է գրախօսականի հեղինակը՝ այս կէտին վրայ մէջբերելով 1973 թուականին անուանի բանասէր ու գրականագէտ Գառնիկ Ստեփանեանի կողմէ այդ մասին գրուածները։

Աւելի վերջ, Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան շարունակած է ըստ հետեւեալի. «Արդարութիւնը կը պահանջէ ըսել, որ այս գիրքի իր տպաւորութիւններուն մէջ Թորոս Ազատեան աւելի գրող է, քան լրագրող։ Իսկական գրողը մանրամասնութիւններու մէջ է, կեանքի մանրամասնութիւնները, աննշան եւ, կը թուի, անկարեւոր մանրուքները տեսնելու մէջ։ Թորոս Ազատեանի հայեացքը «դուրսի» մարդու հայեացք է, ուշադիր եւ նկատող։ Ազատեանի գիրքը շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ ու մանրադէպեր, էական իրողութիւններ եւ իրականութիւններ կը պարունակէ։ Այսպէս, օրինակ, շատ հետաքրքրական են Էջմիածնի ժողովի ընտրային պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի իր նկարագրութիւնը։ Այսօր Մայր Տաճարի տարածքը անճանաչելիօրէն փոխուած է։ Շատ հետաքրքրական են իր հանդիպումները եւ այդ հանդիպումներու նկարագրութիւնները։ Թորոս Ազատեան կարողացած է որսալ Երեւանի կեանքի մթնոլորտի ու միջավայրի 1940-ական թուականներու գուներանգը։ Չմոռնանք, որ իր այցելութիւնը 1945 թուականի յունիսին էր եւ նոր-նոր սփիւռքի հետ կապեր կը ստեղծուէին։

«Մէկ խօսքով՝ լաւ եւ հետաքրքրական գիրք է, շարադրուած լաւ լեզուով եւ ընթերցելը ուղղակի հաճելի է»։

Հուսկ, Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան նշած է, որ կը սպասէ մատենաշարի նոր հատորին։ 

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022