Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ԱՊՐՈՂ ՍՊԻՆԵՐՈՒՍ ՀԵՏ
Ամէն օր եւ ամէն առիթով,
Ճակատագրիս գծած ճամբաներէն,
Փորձեցի քալել, երբեմն վազել,
Ճանչնալ մարդիկ, սէրեր ու վիշտեր,
Ըմբոստանալ եւ յաճախ ալ լռել,
Երբեմն անտեսել, բայց միշտ յարգել,
Կշռել, դատել, ապա ներել,
Ու հաշտ մնալ, ապրող սպիներուս հետ:
Ու վախնալով մոգական բառերէն,
Ներկայութիւն գօտեպնդող,
Անծանօթ սէրերէն, կարօտախտէն,
Մանաւանդ անգիր ոճիրներէն,
Ուզեցի միշտ հեռու մնալ,
Նաեւ երազներու կախարդանքէն,
Մարդոց կոյր ատելութիւններէն:
Ու հաշտ մնալ, ապրող սպիներուս հետ:
Եւ քաղցր մտերմութեամբը սրտիս,
Նաեւ փորձեցի հեռանալ,
Կեանքի ու մարդոց սին համբաւէն,
Կեղծ ու փառամոլ ձգտումներէն,
Պատիւներէ, սնապարծ խօսքերէն,
Ապա, տարիքիս աշնան հանդիպելով,
Քիչ մը յուսահատ, քիչ մըն ալ յուսախաբ,
Հաշտ ապրեցայ, ապրող սպիներուս հետ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022