ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ

Պայտընի նախագահ ընտրուելէն ետք, ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական երկխօսութիւնը աշխուժացաւ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդեց վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը նախագահ Պայտընի կազմակերպած Ժողովրդարութեան վեհաժողովին։ Եւ ահա մայիս 2-ին Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Հայաստանի իր պաշտօնակիցը՝ Արարատ Միրզոյեանը Ուաշինկթըն հրաւիրեց ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական երկխօսութեան համար։

Միաժամանակ, ապրիլ 17-ին, Փաշինեան պետական այցով գնաց Մոսկուա։ Այդ առիթով Փութինի հետ ստորագրեց 30 կէտէ բաղկացող ռազմավարական համաձայնագիր մը, ուր կ՚ընդգծուի Ռուսաստանի առանցքային դերը Արցախի խնդրի կարգաւորման մէջ։

Դիւանագիտական այս ենթախորքին վրայ, Մինսքեան խմբակի երրորդ համանախագահ, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի կողքին, ի յայտ եկաւ նաեւ չորրորդ կարեւոր դերակատար մը, յանձին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Շարլ Միշելի, որ աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։ ԵՄ կարեւոր տնտեսական դաշնակից է, որ Հայաստանի համար նախատեսած է 2.6 միլիառ եւրոյի ներդրումի ծրագիրը։

Քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի մէջ մեծագոյն յաջողութիւն է թերութիւն մը ուժի աղբիւր դարձնելը։ Այսօր նման պատեհ առիթի մը առջեւ կը գտնուի Հայաստան, երբ ռուս-ուքրանական պատերազմը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ Արեւմուտքի ներգրաւումը ապահովեց, հաւասարակշռելով ռուսական եւ թրքական բացարձակ տիրապետութիւնը տարածաշրջանին վրայ։ Իսկ Հայաստան կը փորձէ թիավարել միջազգային տագնապալի այս սուր իրավիճակին մէջ, ջանալով սխալ չգործել, մա՛նաւանդ չվրդովել Փութինը, միաժամանակ կարգաւորել ջանալով անկախութեան շրջանի 30 տարիներուն անլոյծ մնացած, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմին կրած պարտութիւնով ծնունդ առած խնդիրները։

Սակայն, Արեւմուտքը պարտադրեց նաեւ իր օրակարգը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը իր հովանիին ներքոյ։ Արեւմուտքի ներթափանցումը տարածաշրջան բնականաբար հաճելի չէ ռուսական կողմին, որուն համար Լաւրովեան ծրագիրը միանգամընդմիշտ պիտի ջնջէր արեւմտեան ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասէն։ Եւ զարմանալի չէ որ Արեւմուտքի օրակարգը բռնկեցուց Հայաստանի քաղաքական ներքին կեանքը։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը լքեց Ազգային ժողովը եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան կոչ յղեց։ Փողոցային ցոյցեր ծայր առին։ Վերադարձան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած, նախընտրական ժամանակաշրջանի պետական մարդոց անվայել հայհոյալի խօսոյթն ու անտեղի ամբաստանութիւնները, քաղաքական բովանդակութենէ զուրկ, հեռանկար ու օրակարգ չունեցող լոզունգները, որոնց միակ նպատակը ժողովրդավարական կարգը խախտելով, վարչապետ Փաշինեանը ուժի միջոցով՝ իշխանութենէն հեռացնելն է ու նախկին վարչախումբի վերադարձը ապահովելը իշխանութեան գլուխ։ Իսկ ժողովուրդը այս լուծումը արդէն մերժած է արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ։

Դժբախտութիւն է ունենալ այնպիսի խորհրդարանական ընդդիմութիւն, որ կը խուսափի ազգային սուր հնչողութիւն ունեցող, Հայաստանի ապագային վերաբերող քննարկումներ վարելէ խորհրդարանի ամպիոնէն։ Միայն փողոցը՝ փակուղի առաջնորդող ելք է։ Մերժուած ելք է։ Ծայրայեղ վտանգաւոր հետեւանքներով յղի ուղի։

Անկախութենէն ի վեր Հայաստանի համար մեծագոյն վտանգը հանդիսացած է արտագաղթը։ Ռուսաստանի յարձակումը Ուքրայնայի վրայ՝ այս երեւոյթը եւս փոխելու ընթացքի մէջ է։ Հայաստանցիներուն համար Ռուսաստան ճամբորդելն ու հաստատուիլը անբարենպաստ դարձաւ։ Արտագաղթի հոսքը նուազ է։ Եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ ռուսահայերու եւ ուքրանահայերու դէպի Հայաստան ներհոսքը աւելցաւ։ Տնտեսական գետնի վրայ, ռուս եւ հայ գործարարներու ներդրումը զգալի է։ Ըստ ուքրանական հետախուզական ծառայութեան՝ Ռուսաստան կը փորձէ արեւմտեան պատիժները եւ տնտեսական շրջափակումը շրջանցել Հայաստանի եւ կովկասեան միւս երկու երկիրներու միջոցով, ինչ որ դրական հետեւանքներ կ՚ունենայ Հայաստանի համար, նոյնիսկ եթէ տնտեսագէտները կը նախատեսեն, որ Ռուսաստանի դէմ պատիժները Հայաստանի եւ ընդհանրապէս միջազգային տնտեսութեան վրայ պիտի ունենան ժխտական հետեւանքներ։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022