ԶԱՐԹԻ՛Ր ԼԱՕ
Կասկածէ վեր է, որ հայ ժողովուրդին քունը ծանր է քիչ մը... Մսրայ մելիքը քերազանցելու աստիճան: Քուն՝ որուն դիմաց «Զարթի՛ր Լաօ»ն կը մնայ մեռեալ խօսք՝ հրամայական «զարթի՛ր»էն անցնելով աղերսական «զարթիր»ի մը, քիչ մը յուսահատ ու վհատ շեշտով ողողուած:
Այս օրերուն երբ Հայաստանի մէջ երիտասարդութիւնը «Զարթիր Լաօ՛» կը պոռայ, կը յիշեմ 51 տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող «Հայրենիք» օրաթերթի երեքշաբթի, 19 յունուար 1971-ի Ա. էջին վրայ լոյս տեսնող Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Հի՜ն երկրէն նոր ձայներ» գրութիւնը, որ հակառակ կէս դարուան հնուաթեան կը շարունակէ մնալ այժմէական:
Գարեգին Ա. Կաթողիկոս տակաւին եպիսկոպոս եղած ժամանակ Լոնտոնէն դէպի Պէյրութ մեկնած պահուն կ՚որոշէ օդանաւին մէջ ժամանակը թերթի ընթերցանութեամբ լեցնել: Կը վերցնէ «Illustrated London News» ամսաթերթը, որ սրբազանի բառերով «ամենէն ընտիր ժողովրդական պարբերականներէն մէկն է, աւանդութիւն եւ նկարագիր ունեցող»: Այդ միջոցին Սրբազան Հօր մօտ կը նստի հսկայակազմ մարդ մը:
Սրբազան Հայրը կը սկսի կարդալ ամսաթերթը եւ յանկարծ վերնագիրի մը դիմաց կ՚անշարժանայ. ամսաթերթը Ռոպերթ Հիլլենպրանտի հեղինակութեամբ կը հրատարակէր «Armenian’s vanishing Churches» (Հայաստանի անհետացող եկեղեցիները) խորագրով յօդուած մը: «Ընդվզումի ալիք մը կը սկսի շարժիլ շուրջս», կ՚ըսէ Սրբազանը. կը շարունակէ կարդալ օտարին կողմէ գրուած հայկական ա՛յն հարստութիւններուն եւ արժէքներուն մասին, որոնք այսօր դարձած են աւերակ եւ կամաց կամաց կ՚անյայտանան (հաւանաբար անյայտացա՛ն ալ):
Ցաւ պատճառող այս յօդուածին դիմաց Սրբազան Հայրը հետեւեալը կ՚ըսէ. «...յանկարծ երգի ծուէն մը ծայր կ՚առնէ շրթներուս վրայ.- ԶԱՐԹԻ՛Ր ԼԱՕ, ՄԸՌՆԻՄ ՔԸԶԻ...»: Սրբազանը կը սկսի մռմռալ «Զարթի՛ր Լաօ» երգը. քովի հսկայակազմ մարդը զարմացած կը նայի Սրբազան Հօր եւ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ լեզուով է այդ երգը. Գարեգին Սրբազան հայերէն ըլլալը յայտնելով հպարտութեամբ կը ներկայացնէ ինքզինք որպէս ՀԱՅ հոգեւորական. հսկայակազմ մարդը կը ներկայացնէ ինքզինք որպէս ճարտարապետ:
Սրբազան Հայրը մարդուն մասնագիտութիւնը նկատի առնելով ամսաթերթը կը փոխանցէ մարդուն. վերջինս զարմացած հարց կու տայ. «10-րդ դար եւ այսպիսի շէնքե՞ր»:
Հայ հոգեւորականն ու անգլիացի ճարտարապետը կը սկսին խօսիլ ճարտարագիտութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ճակատագրական պատմութեան շուրջ. «Հայաստանի անհետացող եկեղեցիները» յօդուածին դիմաց Սրբազան Հայրը հետեւեալը կ՚ըսէ ճարտապետին.
«Բայց ես պիտի չուզէի, որ այս թերթը փակէք, առանց որ ես բանամ ձեզի միւս էջը, նոր էջը, որուն վրայ չկան այլեւս աւերակներ, եղածները աւերակ չեն, այլ վերստին դէպի կեանք եւ դէպի փառք քալող յուշարձաններ են: Հո՛ն, այդ նոր էջին վրայ դուք պիտի տեսնէք նորոգեալ վանքեր - Էջմիածին, Հռիփսիմէ, Գայիանէ, Շողակաթ, Օշական, Գեղարդ, Սեւանայ վանքեր, Յովհաննավանք, Սաղմոսավանք, Հաղարծին, Սանահին, Հաղբատ ու Տաթեւ: Անոնց մէջ չկան պայթուցիկ նիւթեր, ատելութեան կրակով բռնկող, այլ կան սէր, պաշտամունք, խունկի հոտ եւ մոմի հետք: Դուք պիտի տեսնէք շքեղացող Երեւան քաղաք, Պատմական թանգարան, Սունդուկեան թատրոն, Թամանեան Օփերա, Համալսարան եւ Մաշտոցեան մատենադարան, գրապալատ, վարժարաններու եւ հիմնարկներու շղթայ: Դուք պիտի տեսնէք երկինք հասնող Ապրիլեան նահատակաց յուշարձան եւ ղօղանջող Սարդարապատ, Սասունցի Դաւիթի եւ Անդրանիկի արձան»:
Սրբազան Հօր խօսքը շա՜տ շատ աւելի երկար է եւ երանի ամէ՛ն հայ գոնէ մէկ անգամ այդ տողերը կարդալու բախտաւորութիւնը ունենայ. կը հասնին Պէյրութ. Սրբազանը կ՚իջնէ օդանաւէն եւ կը շարունակէ երգել «Զարթի՛ր Լաօ»ն. որոշ ատեն ետք այդ երգը կը փոխարինուի «Դէ՛ հասէք, շուտ հասէ՛ք, հասէ՛ք օգնութեան» երգով:
Այսօր «Հայաստանի անհետացող եկեղեցիները» խորագիրը պէտք է փոխարինել «Անհետացող Հայաստան»ը խորագրով, որովհետեւ հակառակ Սրբազան Հօր յորդորներուն, Լաօն ո՛չ արթնցաւ եւ ո՛չ ալ օգնութեան հասնող եղաւ. այդ «զարթի՛ր» կոչը մի՛շտ ալ եղած է. վկայ տասնամեակներ շարունակ Պէյրութի, Գահիրէի, Պոլսոյ, Ալեքսանտրէթի եւ Ուոլտհեմի մէջ հրատարակուած «Զարթօնք» թերթերը:
Այսօր այդ նոյն զարթօնքի կոչերը կը հնչեն. պիտի կարենա՞ն արթնցնել Լաօն, որ այսօր իր հաճոյքէն բացի ուրիշ բանով հետաքրքրուած չէ. պիտի կարենա՞ն արթնցնել եւ իմաց տալ, որ դէպի անդունդ կ՚առաջնորդուի եւ քնացած մնալու պարագային կորուստը անխուսափելի պիտի ըլլայ: Տակաւին ինչքա՞ն պիտի տուժէ հայ ազգը, որպէսզի հասկնայ որ ժամը անցած է եւ պէտք է արթննալ:
Պէտք է հասկնալ, որ անհրաժեշտ է արթննալ ազգի՛ փրկութեան եւ ո՛չ թէ այս կամ այն կուսակցութեան շահերուն համար. նախապէս գրած յօդուածներէս մէկուն մէջ ըսած էի, թէ քաղաքականութիւնը բո՛զ է. ո՞ւր, ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ հետ, ո՛չ ոք չի գիտեր. այդ իսկ պատճառով հեռու մնալով քաղաքական աթոռի կռիւներէն՝ պէտք է գիտակցիլ, որ այդ արթնութիւնը մեր ազգի փրկութեան համար է միայն:
Պահանջել հարկին պէտք է ապտակո՛վ արթնցնել հայ ժողովուրդը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՌՈՒԲԷՆ ՕՐԲԵԼԻ
(1880-1943)
Մեր թուականէն 79 տարիներ առաջ՝ 9 մայիս 1943-ին Մոսկուայի մէջ մահացած է հնագէտ Ռուբէն Օրբելի:
Օրբելի ծնած է 23 ապրիլ 1880-ին, Նախիջեւանի մէջ (շարք մը աղբիւրներ անոր ծնունդը կը նշեն որպէս 26 փետրուար): Նախնական կրթութիւնը ստացած է Վրաստանի Քութայիս քաղաքին մէջ, ապա մեկնած է Թիֆլիզ, ուր յաճախած է տեղի մարմնակրթական վարժարանը: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանական կճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1903 թուականին. ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է նոյն համալսարանէն ներս: Համալսարանական ուսումը աւարտելով 1904 թուականին Օրբելի աշխատանքի անցած է քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոնէն ներս, ուր պաշտպանելով իր թեզը ստացած է մագիստրոսի աստիճան. 1905 թուականին երկու տարիով գործուղղուած է Գերմանիա՝ Ենայի եւ Պոննի համալսարան, ուր ստացած է տոքթորի գիտական աստիճան:
Վերադառնալով Փեթերսպուրկ ընտրուած է Կայսերական համալսարանի իրաւաբանական ընկերութեան անդամ եւ միաժամանակ ընտրուած է Սենատի վճռաբեկ յանձնաժողովի աւագ քարտուղար: Որոշ ժամանակ ետք՝ 1914 թուականին Օրբելի դարձեալ մեկնած է Գերմանիա, մասնակցելու փիլիսոփայութեան դասընթացքներու: Օրբելի 1918 թուականին աշխատանքի անցած է Տամպովի պետական կաճառէն ներս որպէս իրաւաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչ: Երեք տարի ուսուցչութեան պաշտօն զբաղեցնելէ ետք 1921 թուականին աշխատանքի անցած է Ռուսաստանի Գիտութեան ակադեմիայի գրադարանէն ներս, ուր կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրական եւ թարգմանական աշխատանքներ. աղբիւրներու համաձայն, Օրբելի տիրապետած է 12 լեզուներու՝ ռուսերէն, վրացերէն, հայերէն, լատիներէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, իտալերէն եւ այլ լեզուներ:
Երկար տարիներ Օրբելի աշխատած է ջրասուզակային գործի գիտական ուսումնասիրութեամբ. անոր առաջնորդած արշաւախումբը Խրիմի մէջ յայտնաբերած է յունական քաղաքի մնացորդներ եւ նաւահանգիստի կառոյցներ. 1939 թուականին Օրբելիի առաջնորդութեամբ արշաւախումբը Պուկ գետէն դուրս բերած է 2500 տարուան անցեալ ունեցող սուզուած սկիւթական նաւակ մը: Օրբելի երկար ուսումնասիրութիւն կատարած է հնագոյն իրերը ջուրէն դուրս բերելու եւ զանոնք պահպանելու մեթոտներուն մասին. հնագէտին ուսումնասիրութիւնները թարգմանուած են զանազան լեզուներու. անոր յայտնի գործերէն են «Ջրասուզակներու առաջին ծովային պատերազմին ըստ հին աշխարհի գրողներուն», «Ջրասուզակի կերպարը մեծ մտածողներու ստեղծագործութիւններուն մէջ», «Յունաստանի եւ Հռոմի ջրասուզակները» եւ այլ աշխատութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024