ՀԱՍՏԵԱՅ ՀԱՒԱՏՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵԱՅ ՅՈՅՍՈՎ ՀԻՄՆԵՑՈՅ ՍԻՐՈՎ
Շաբաթավերջին թրքահայութեան օրակարգը բնորոշուեցաւ գաւառի մեր մնացորդացին վերաբերեալ պատմական իրադարձութիւններով։ Այսպէս, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ առաւօտ մատոյց նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Տիարպաքըրի Ս. Կիկակոս եկեղեցին բառին բուն իմաստով վկայութեան կոթող մըն է՝ արեւմտահայութեան անցեալի հարստութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւատի խորութեան տեսակէտէ։ Երկար ժամանակ անմխիթար վիճակի մէջ մնացած այս սրբավայրը մօտաւոր անցեալին Պատրիարքական Աթոռի ջանքերով վերանորոգուած ու պաշտամունքի վերաբացուած էր։ Կարճ ժամանակ անց վրայ հասած էին ահաբեկչական դէպքերն ու անոնց դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով այս եկեղեցին դարձեալ լրջօրէն վնասուած ու անգործածելի դարձած էր՝ քաղաքի պատմական կեդրոնի այլ սրբավայրերուն առընթեր։ Այդ կէտէն սկսեալ Տիարպաքըրի սրբավայրերը սկսած էին վերանորոգուիլ ու պաշտամունքի վերաբացուիլ՝ պետութեան կողմէ յատկացուած միջոցներով։ Ս. Կիրակոս եկեղեցին այս ամբողջին մէջ յարաբերաբար շատ աւելի երկար ժամանակ խլած է՝ հաշուի առնելով, որ անհրաժեշտ գործին ծաւալները շատ մեծ էին։ Այս եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն հայկական տաճարն է։ Ի վերջոյ, երկարաշունչ այս գործընթացը հասաւ աւարտին եւ շաբաթավերջին վերանորոգեալ եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը ազդարարեցին անոր պաշտամունքի վերաբացուած ըլլալը։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուեցաւ դէպի Տիարպաքըր։ Ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը շէնցուց պատմական աղօթավայրը, որու սրբազան կամարներուն ներքեւ դարձեալ տիրեց հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ։
Շաբաթ յետմիջօրէին օծման արարողութեան նախորդեց եկեղեցւոյ պաշտօնական բացումը՝ մասնակցութեամբ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյ, երեսփոխաններ, յայտնի քաղաքական գործիչներ, Տիարպաքըրի կուսակալ Միւնիր Քարալօղլու, տեղական իշխանութիւններէն դէմքեր, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Այս փուլին ելոյթներով հանդէս եկան նախարար Էրսոյ, կուսակալ Քարալօղլու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ մասնաւորապէս ըսաւ. «Անատոլուի չորս կողմերու սրբավայրերը յարգանքի եւ եղբայրութեան ազդանշաններ են։ Ս. Կիրակոս եկեղեցին ահաբեկչութեան թիրախը դարձած էր, վաղը այս կառոյցին մէջ դարձեալ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ այս կառոյցի պաշտամունքի վերաբացման բերումով եկեղեցական համայնքը ոգեւորութեան մէջ է եւ կ՚ուզեմ նշել, որ այդ ոգեւորութիւնը կը բաժնենք»։
Բաց աստի, նախարարը նշեց, թէ Տիարպաքըրը մեր երկրի վաղեմի քաղաքներէն է, որ զանազան մշակոյթներու եւ հաւատներու տանտէրը եղած է։ Նախարարը նաեւ անհրաժեշտ նկատեց, որպէսզի այս վաղեմի քաղաքի ծանօթացման, ներկայացման համար ջանքեր գործադրուի։
Այս փուլէն վերջ տեղի ունեցաւ օծման արարողութիւնը։ «Դռնբացէք»էն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հոգեւոր հայրերը հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին տաճար։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ շաբաթավերջի արարողութիւններուն մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին անունով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ սրբազան հայրերը Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն համաձայն կատարեցին օծումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս փուլին տուաւ նաեւ իր հայրական պատգամը։
Երէկ առաւօտ ալ բարեզարդեալ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց անդրանիկ Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Արմաշ» դպրաց խումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւորապէս վերաբերուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, որով Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը՝ ի գնահատումն իր ծառայութիւններուն։ Կոնդակը ընթերցեց Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։
Անդրանիկ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Տիգրանակերտի թեմի հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւոր սպասաւորներու, հաւատացեալներու եւ այս եկեղեցւոյ վերջին երկու հովիւներուն՝ վախճանեալք Տ. Կիրակոս Քհնյ. Թոքաթլեանի եւ Տ. Վարագ Քհնյ. Պէյլէրեանի յիշատակին։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ ճաշ, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ խորհրդակատարութիւն։ Այս փուլին կատարուեցաւ չորս մկրտութիւն եւ մէկ պսակ։ Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ տեղւոյն հայոց գերեզմանատունը, ուր ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ։
Անդրանիկ Ս. Պատարագին խօսած քարոզին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Կարմիր կիրակիի խորհուրդին՝ ընդգծելով վերանորոգուելու կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, ինչպէս մարդիկ, այնպէս ալ մեր աղօթքի տուները վերանորոգութեան կարիք ունին։ Ան դիտել տուաւ, թէ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացուիլը այսպիսի երեւոյթ մըն է, ինչ որ հոգեւոր հրճուանք կը պատճառէ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աստուած կ՚իրականացնէ հրաշքներ եւ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումն ալ կը նշանակէ հրաշք մը։ «Շատ ուրախ ենք, որ այս եկեղեցին պաշտամունքի վերաբաց-ւած է։ 7 խորան ունի այս եկեղեցին, սակայն այստեղ բնակող 7 հազար հաւատացեալ չունի։ 7 խորանով եկեղեցի մը ըլլա՞ր, թէ ոչ 7 հազար հաւատացեալ… Սա շատ բարդ հարցում մըն է», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ բարձր գնահատեց ծխական խորհուրդի գործունէութիւնը։
Քարոզին տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ այս եկեղեցին անցեալի մէջ անբաւարար կը մնար հաւատացեալները ընդունելու համար։ Թէեւ ան պիտի չկարողանայ վերադառնալ անցեալի օրերուն, սակայն միշտ պիտի մնայ վկայութիւն մը՝ քրիստոնէական գոյութեան մասին։ «Հանգուցեալ Մկրտիչ Մարկոսեան շատ լաւ կը պատմէ այստեղ ապրուածներուն եւ այստեղ ապրածներուն մասին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ մարդու էութիւնը սէրն է, եթէ սէր չըլլայ, ապա մարդկութիւնը կը մեռնի։ Այս հիման վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ Մայրերու օրը։ Քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս անդրադարձաւ այն ջանքերուն ու եռանդին, զորս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներդրած էր Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ու կենսունակութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պետութեան կողմէ յատկացուած միջոցներուն համար։ «Այս եկեղեցիները շատ կարեւոր են այս քաղաքի խաղաղութեան համար», ըսաւ ան։
Մինչ ուխտագնացութեան շաբաթավերջի բոլոր փուլերը կեանքի կոչուեցան կատարեալ յաջողութեամբ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր ալ կ՚ուզեւորուի դէպի Տերիք։