ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Ալին Շէնճանը, Առլէթ Կիւնթէրը եւ Մաննիկ Ներկիսօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արամեան սանուց միութենէն ներս վերջին շրջանին ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան շուրջ։ Գատըգիւղցիներու կեանքին մէջ միշտ բարձր ձգողականութիւն ունեցած է Արամեան սանուց միութիւնը, ուր յառաջիկայ շրջանին պիտի բացուի «Կենաց ծառ» անուանումով ցուցահանդէս մը։ Հարկ է նշել, որ միութիւնը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը եւ այս ցուցահանդէսն ալ նախատեսուած է յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս։
Հիւրերը դիտել տուին, որ ցուցահանդէսի այցելուները պիտի տեսնեն՝ միութենէն ներս կազմակերպուած աշխատանոցներու փայլուն արդիւնքը։ Արդարեւ, այդ աշխատանոցներու մասնակիցները յախճապակիի եւ կերպասի վրայ բանած են գոյներ՝ Լինտա Քումտակէզէրի հսկողութեան ներքեւ։ Յառաջիկայ շաբաթավերջին միութեան երդիքին տակ բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը եւ վարչայինները յոյս ունին, թէ այցելուները դրական տպաւորութիւններ պիտի ունենան։