ՓՐՈՖ. ԱՆԹՈՆԻՕ ՖԷՅԺՕ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ներկայիս ունի նոր նախագահ մը՝ յանձին՝ Անթոնիօ Ֆէյժոյի։ 15 դեկտեմբեր 2021 թուականին գումարուած էր այս հիմնարկի հոգաբարձութեան համաժողովը։ Լիագումար նիստի ժամանակ որոշուած էր նախագահի պաշտօնը վստահիլ Անթոնիօ Ֆէյժոյին։ Ուստի, 3 մայիս 2022 թուականի դրութեամբ փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժօ անցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի գլուխը։

Լիզպոնի աղբիւրներու հաղորդումներով, 2018 թուականէն ի վեր Անթոնիօ Ֆէյժօ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հոգաբարձութեան մաս կազմած է, սակայն չէ անդամակցած գործադիր մարմնին։ Ան այս հիմնարկի առաջին նախագահն է, որ մասնագիտացած է հասարակագիտական ճիւղի մը վրայ։ Արդարեւ, ան իր տոքթորականի թեզը 1985 թուականին պաշտպանած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պրաուն համալսարանէն ներս՝ մասնագիտանալով անգլիական եւ հիւսիս-ամերիկեան գրականութեան վրայ։ Նախապէս՝ 1979 թուականին ալ Ալպանիի Նիւ Եորքի Պետական համալսարանէն ներս մագիստրոսի կոչում ստացած է նոյն ուղղութեամբ։ Ֆէյժօ եղած է Լիզպոնի համալսարանի դասախօս՝ անգլիագիտութեան ու գրականութեան տեսութեան բաժնէն ներս։ Անցեալի մէջ եղած է նաեւ նոյն համալսարանի Արուեստի եւ հասարակագիտութեան դպրոցի տնօրէնը։ Վարչական այլ բարձրաստիճան պաշտօններ ալ զբաղեցուցած է։ Անգլիական, ամերիկեան եւ փորթուգալական գրականութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագահի պաշտօնը ստանձնելու փուլին, Անթոնիօ Ֆէյժօ յայտնած է հետեւեալը. «Կիւլպէնկեան հիմնարկը բարեգործական հաստատութիւն մըն է, որ կը մարմնաւորէ այն ժառանգութիւնը, զոր ձգած է Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան՝ եզակի մարդը իր ժամանակին եւ իր դարուն։ Ոեւէ անձ, որ կը ղեկավարէ հիմնարկը, պարտի պահպանել այդ ժառանգութեան տեւական բնոյթը»։

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն ներս բարձր գնահատանքի արժանացած է նաեւ այժմ արդէն նախկին նախագահ Իզապէլ Մոթա։ Յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունուած է հիմնարկէն ներս իր ծաւալած 26-ամեայ գործունէութիւնը։ Աւելի քան քառորդ դարու այդ ծառայութեան վերջին հինգ տարիներուն Իզապէլ Մոթա վարած է նախագահի պաշտօն։

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը Փորթուգալի ամենակարեւոր հասարակական կազմակերպութիւններէն մին է։ Անոր ղեկավարութեան հովանոցին տակ կը գործէ նաեւ հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, որուն գլուխը կը գտնուի տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2022