ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ
Պելժիոյ Վարչապետ Շարլ Միշէլ իր երկրի խորհրդարանին մէջ 1915-ին վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին յայտարարած էր, թէ կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն է։ Ինչպէս այլ պարագաներուն, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չուշացուց իր յայտարարութիւնը՝ շարունակելով իր ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը։ Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Պելժիոյ վարչապետին յայտարարութիւնը համահունչ չէ պատմական ճշմարտութեան եւ կ՚ոտնակոխէ իրաւունքը։ «Անընդունելի եւ աններելի է Պելժիոյ վարչապետին սահմանները զանցելով որոշում տալ փորձելը նիւթի մը շուրջ, որու մասին իրաւասու միջազգային դատարան մը վճիռ չէ արձակած եւ այդ մասին դեռ ակադեմական համամտութիւն մը գոյութիւն չունի», շնուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Անգարայի իշխանութիւնները մեղադրած են նաեւ Պելժիան՝ նշելով, թէ այդ երկիրը տակաւին չէ առերեսուած իր պատմութեան սեւ էջերուն հետ։ Յայտարարութեան վերջաւորութեան նշուած է, որ այս դիրքորոշումը անխուսափելիօրէն պիտի վնասէ Պելժիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։