ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԵՐԿՈՒՔԻ ԲԱԺՆՈՒԱԾ, Կ՚ՈՒԶԷ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ
Ապրիլ 6-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ։ Եւրոպական խորհուրդի այս նախաձեռնութիւնը արդեօք նախերգա՞նք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի թաղման արարողութեան։ Այս կը նշէր նաեւ երկու օր ետք ապրիլ 8-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին կատարած ուշագրաւ յայտարարութիւնը, թէ՝ «ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան գործունէութեան... ապագային՝ չեմ գիտեր, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը, քանի որ այդ խումբին մեր ֆրանսացի եւ ամերիկացի, այսպէս կոչուած՝ գործընկերները, ռուսատեացութեան տենդէ տառապելով՝ կը ձգտին չեղեալ համարել ամէն ինչ, որ կապուած է Ռուսաստանի հետ, չեղեալ համարելով նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութիւնը, յայտարարելով, որ պիտի չշարունակեն մեզի հետ շփումները, այդ ձեւաչափով»։
Սակայն, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան անմիջապէս հակազդեցին Մինսքեան խմբակի համանախահ միւս երկու երկիրները՝ Ֆրանսա եւ ԱՄՆ։ Ֆրանսա ապրիլ 11-ին փութով Երեւան ղրկեց Մինսքեան խմբակի իր բանագնաց Պրիս Ռոքֆէօյը, որ հանդիպում ունենալով նախարար Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, վերահաստատեց Մինսքեան խմբակի յանձնառութիւնը՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով։
Նոյնպէս Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը արձագանգելով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին վերոնշեալ յայտարարութեան՝ յայտնեց ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի
Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման աշխատանքին օժանդակելու. «մենք կ՚ողջունենք Պը-րիւքսելի մէջ ապրիլ 6-ին վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպումը, ինչպէս նաեւ այդ հանդիպման ընթացքին՝
խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ սահմանագծումի երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորման դրական քայլը. Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման գործընթացին, Հարաւային Կովկասի մէջ»։
Հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու երկփեղկումին՝ Ֆրանսա ԱՄՆ ընդդէմ Ռուսաստանի, մէկ բան որ դրական է, այն է, որ երկու կողմերն ալ կարեւոր կը նկատեն Մինսքեան խմբակին ձեւաչափը Արցախի կարգավիճակի սահմանումի եւ Հայաստանի սահմանազատման գործընթացին մէջ, ի հեճուկս Ատրպէյճանի, որ այլեւս կը մերժէ այդ խումբին իրաւասութիւնը, Արցախի հարցը լուծուած համարելով։ Իսկ Հայաստան, իր արտաքին գործոց նախարարին բերնով կը շարունակէ շեշտել, որ Մինսքեան խմբակը Արցախեան հարցի կարգաւորման միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափն է, հակառակ աշխարհաքաղաքական դժուարին իրադրութեան։
Բացի Ատրպէյճանէն, որեւէ կողմ կասկածի տակ չի դներ 2020 նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։ Դիւանագիտութեան այս խորտուբորտ ճանապարհը նպաստաւոր է հայկական կողմին՝ պահանջելու համար Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը եւ անկախութեան ճանաչումը։ Սակայն, յստակ է նաեւ, որ Արեւմուտքը լաւ գիտէ՝ անկարելի է փոխարինել ռուսական խաղաղապահ բանակը արեւմտեան ուժերով, այսուհանդերձ, բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ ճնշումներ բանեցնելու՝ Ռուսաստանի դիրքերը թուլցնելու համար։ Եւ անկասկած, Եւրոպական խորհուրդի գործունէութիւնը պէտք է դիտարկել այս համածիրին մէջ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի