ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ։ Սկիզբին Լաւրով առանձին-առանձին տեսակցեցաւ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ, իսկ աւելի վերջ եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հարկ է նշել, որ անոնք Տուշանպէի մէջ կը գտնուէին ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին առթիւ։
Միեւնոյն ժամանակ, երէկ Երեւան այցելեցին Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ, որոնք հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Ներկայիս Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ դիւանագիտական շփումները վերստին կ՚աշխուժանան։ Յառաջիկայ օրերուն ալ արդէն նախատեսուած են զանազան հանդիպումներ՝ երկկողմանի կամ եռակողմանի ձեւաչափով։ Այդ բոլոր ժամադրութիւնները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին։ Արդարեւ, բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին շատ բախտորոշ հարցեր, որոնց վերաբերեալ գործընթացները, ըստ երեւոյթին, զգալիօրէն հասունցած են 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած այժմու ժամանակաշրջանին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան, Լաւրով եւ Պայրամով երէկ քննարկեցին յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշըր-ջանային հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման շուրջ, ներառեալ անոնց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիրը։
Նախարար Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման շրջանակներէն ներս տեղւոյն հայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ Արցախի ապագայ կարգավիճակի վերաբերեալ։ Միրզոյեան Տուշանպէի մէջ հերթական անգամ շեշտեց նաեւ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ լուծման կարեւորութիւնը՝ հայ ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութիւնով հանդերձ։