ԼՈՅՍԸ՝ ՇՐՋԱՊԱՏՈՂ…
Լոյսը կեանք է, միանշանակ։ Ուր որ կը թափանցէ լոյսը՝ այնտեղ կը ներգործէ կեանքը։ Առանց լուսաւորութեան չկայ կենսունակութիւն։ Ինչպէ՞ս տեսնել խաւարի մէջ։ Արհեստական լոյսով տեսածդ կրնա՞յ ըլլալ իսկական կեանքի պատկերը։ Առանց լոյսի ինչպէ՞ս առաջնորդուիլ։ Միթէ միայն ա՞չքդ կը փնտռէ լոյսը։ Հապա ուղե՞ղդ… Պիտի լուսաւորուիս, որպէսզի լիարժէք ապրիս՝ ամէն ինչը տեղը տեղին ընկալելով եւ իմաստաւորելով։
Խաւարի մէջ ձեւով մը կը զգաս առանձին. ի՞նչ կեանք այդպէս միայնակ։ Լոյսին մէջ կը զգաս շրջապատուած, եթէ նոյնիսկ շուրջդ մարդ չըլլայ այդ պահուն։ Իսկական կեանքի ամբողջական պատկերը կրնա՞յ առթել առանձնութեան զգացում։ Լոյսը որ շողայ, արդէն կեանքը կու գայ շրջապատել քեզ։
Ու վրայ կը հասնի Մահմուտ Տէրուիշի բանաստեղծութիւնը։
Շրջապատման մէջ,
Կեանքը կ՚ըլլայ ժամանակը՝
Սկիզբին յիշեցումով
Եւ վերջաւորութեան մոռացումով...
(թարգմ.՝ Անի Բրդոյեան-Ղազարեան)