ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՇՏ ԱՉՔՈՎ ՉԻ ԴԻՏԵՐ ՆԱԹՕ-Ի ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա հաշտ աչքով չի դիտեր Ֆինլանտիոյ եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարը։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ մերձակայ շարք մը երկիրներ մտահոգութեան մատնուած են՝ Ռուսաստանի թիրախը դառնալու հաւանականութեան բերումով եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ սկսած են մտածել դաշինքին անդամակցելու մասին։ Ֆինլանտիոյ պարագային այս վարկածը շատ աւելի լուրջ է։
Նախագահ Էրտողան երէկ այս բոլորին շուրջ արտայայտեց Անգարայի վերաբերմունքը։ Ըստ իրեն, թրքական կողմը աջակցութիւն պիտի չցուցաբերէ Ֆինլանտիոյ եւ Շուէտի անդամակցութեան հեռանկարին։
«Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններուն կը հետեւինք, սակայն դրական մտածումներու մէջ չենք։ Աւելի առաջ Յունաստանի վերաբերեալ ՆԱԹՕ-ի շուրջ սխալ մը գործած են մեզմէ առաջուան ղեկավարութիւնները։ Մենք չենք փափաքիր, որ Թուրքիա երկրորդ սխալ մը գործէ։ Կարելի չէ, որ հաշտ աչքով դիտենք», ըսաւ նախագահը։