ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ԵՒ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԹՕ-Է ՆԵՐՍ ՇՈՒԱՐՈՒՄ ՍՏԵՂԾԵՑ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ իրադարձութիւնները այնպիսի հունի մը մէջ կ՚ընթանան, որ ամէն պահ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Վերջին օրերուն Շուէտի եւ Ֆինլանտիայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին կապակցութեամբ Թուրքիայէն հնչած վերապահ ձայնն ալ այդ շարքին մաս կազմեց։ Անգարա ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղեկացուց, որ հաշտ աչքով չի դիտեր Սթոքհոլմի եւ Հելսինքիի անդամակցութեան հեռանկարը, ինչ որ զարմանք յառաջացուց դաշինքէն ներս։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Շուէտ եւ Ֆինլանտիա աջակցութիւն ցոյց կու տան ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան, ինչ որ դաշնակիցներու յարիր երեւոյթ մը չէ։ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ Շուէտի թէ՛ արտաքին գործոց եւ թէ պաշտպանութեան նախարարները տեսակցած են ահաբեկիչներուն հետ։ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ այս բոլորի կապակցութեամբ Թուրքիա ոչ թէ խօսք, այլ շօշափելի քայլեր կ՚ակնկալէ։ Ան շաբաթավերջին հանդիպումներ ալ ունեցաւ այդ երկու երկիրներէն պաշտօնակիցներուն հետ։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա մանաւանդ Շուէտի անդամակցութեան դէմ է, ուստի թրքական հանրային կարծիքը պէտք է համոզուի։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ յայտնեց, որ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է եւ իր երկիրը կ՚ընդունի այս հանգամանքը։ Տարակարծութիւնը կը յառաջանայ ԵՓԿ-ի բերումով։ «Սուրիոյ հիւսիսի խմորման համար նոյն բանը չենք մտածեր։ ՆԱԹՕ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ ալ այդպէս կը մտածեն», ըսաւ Լինտէ։
Ֆինլանտիայի ղեկավարութիւնն ալ յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ այս ուղղութեամբ յառաջացած խնդիրները կը հարթուին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ տեսակցեցաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Շուէտի եւ Ֆինլանտիայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հարցին շուրջ քոնսենսիւս մը պիտի ստեղծուի։
Իր կարգին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիա բացայայտօրէն նշած է, թէ իր մտադրութիւնը անդամակցութեան արգիլուիլը չէ։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւնները քննարկման նիւթ պիտի դառնան սեղանի շուրջ։