ԶՈՒՐԱԲԵԱՆ. «6 ԿԷՏ ԱՌ ՈՉԻՆՉ»
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի մեծ ցոյցերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի զանազան քաղաքներէն ներս։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որդեգրուած քաղաքականութիւնը կ՚ենթարկուի շատ սուր քննադատութեան։ Բողոքի ցոյցերը, ըստ էութեան, խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ յառաջ կը տարուին։ Ցուցարարներու շարքին կը գտնուին մարդիկ, որոնք թէեւ այդ ուժերուն չեն համակրիր, սակայն, Արցախի ապագային համար տագնապած են։ Կան նաեւ այլ ընդդիմադիր ուժեր, որոնք խորհրդարանական ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւններուն չեն մասնակցիր, սակայն, հրապարակաւ կը քննադատեն Փաշինեանի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը։ Այս վերջիններու շարքին է Հայ ազգային քոնկրէսը, որու գլուխը կը գտուի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։ Այս կուսակցութեան փոխ-նախագահը՝ Լեւոն Զուրաբեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Պաքուի կողմէ փոխանցուած առաջարկներէն վերջ Երեւանի կողմէ ներկայացուած վեց կէտերուն։ «6 կէտ առ ոչինչ», յայտնեց Զուրաբեան։
«Նիկոլ Փաշինեանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էտմոն Մարուքեան մայիսի 13-ին, Հանրային հեռուստատեսութեամբ Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցին ժամանակ վերջապէս հրապարակեց Ատրպէյճանի հետ բանակցուող խաղաղ պայմանագրի վերաբերեալ Հայաստանի՝ 6 կէտէ բաղկացեալ դիրքորոշումները եւ մենք անգամ մը եւս համոզուեցանք, որ Հայաստան այսօր ունի դիւանագիտութենէ որեւէ բան չհասկցող, բառիս բուն իմաստով՝ անմեղսունակ իշխանութիւն», նշած է Զուրաբեան։
Գրառման մէջ ընդդիմադիր գործիչը դիտել տուած է, որ Ատրպէյճան Հայաստանին ներկայացուցած է 5 կէտէ բաղկացեալ իր պատկերացումները, թէ ի՜նչ դրոյթներ պէտք է ամրագրուին ապագայ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։ Ըստ էութեան, շարադրանքը հետեւեալն է.
1- Տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում,
2- Տարածքային պահանջներու բացառում,
3- Ուժի կիրառման եւ անվտանգութեան սպառնալիքներու բացառում,
4- Սահմանազատում, սահմանանշում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում,
5- Հաղորդակցութեան ուղիներու բացում։
Այսինքն, Ատրպէյճան առաջարկած է ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի իր տեսլականը կամ նախագիծը, իր պատկերացումը այդ մասին, թէ ինչ տեսք պէտք է ունենայ այդ պայմանագիրը։ Աւելի վերջ Լեւոն Զուրաբեան խորհրդածութիւն ըրած է այն մասին, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլար Հայաստանի պատասխանը՝ ըստ դիւանագիտութեան կանոններու։ Միանգամայն պարզ է։ Պէտք էր ներկայացնել նոյն պայմանագրի վերաբերեալ Հայաստանի տեսլականը կամ նախագիծը, Հայաստանի պատկերացումը այն մասին, թէ ինչ տեսք պէտք է ունենայ այդ պայմանագիրը։ Ան ըսաւ. «Եւ ահա մեր իշխանութիւնը մեծ հանդիսաւորութեամբ ազդարարեց, որ ներկայացուցած է պատասխան վեց կէտերը, իսկ Մարուքեանի միջոցաւ նաեւ հրապարակեց անոնց բովանդակութիւնը»։ Ըստ Զուրաբեանի, պարզուեցաւ, որ Հայաստան որեւէ պատկերացում չունի, թէ ի՜նչ կը ցանկանայ ընդգրկել խաղաղութեան պայմանագրին մէջ կամ ի՜նչ կը ցանկանայ փոխել Ատրպէյճանի ներկայացուցած առաջարկներուն մէջ։ Հայաստանի պատասխանի մանրազննին քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ պայմանագրի կէտերու վերաբերեալ սեփական առաջարկներու կամ պատկերացումներու փոխարէն բոլորովին այլ բաներ ներկայացուած են։ Զուրաբեան նշած է, որ ակնարկուած է չնշուած համանախագահ միջնորդի մը հասցէին, որու պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ փետրուարի 21-ին փոխանցուած նամակը իբրեւ թէ Հայաստանին հասած է 20 օր ուշացումով մարտի 11-ին։
Գրառման մէջ Լեւոն Զուրաբեան անդրադարձած է Երեւանի 6 կէտերուն մէջ արձանագրուած պատմական փաստի մը, որ, հեղինակներու կարծիքով, կ՚ապացուցանէ, թէ միանալով ԱՊՀ-ի ստեղծման մասին յայտարարութեան՝ Հայաստան արդէն 1991 թուականին ճանչցած էր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Եւ այդպէս ալ անհասկնալի կը մնայ, թէ արդեօք Հայաստան պատրա՞ստ է ընդգրկել պայմանագրին մէջ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման կէտը, թէ ոչ։
Երեւանի 6 կէտերուն մէջ նշուած է, որ հայկական կողմի համար Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը սկզբունքային պիտի ըլլայ։ Այս պնդումով հանդերձ, որեւէ բան ըսուած չէ, թէ ի՛նչպիսի կարգավիճակ կամ ապագային այդ հարցի լուծման ի՛նչպիսի դրութիւն կ՚առաջարկէ Հայաստան։ Այդ պնդումը կարելի չէ նոյնիսկ դիտարկել որպէս կարգավիճակի հարցը բանակցութիւններու մէջ ընդգրկելու առաջարկ։
Հայկական կողմի համար Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափով նախորդ յայտարարութիւններով սահմանուած պարտաւորութիւններու կատարման կարեւորութեան մասին հատուածը նոյնիսկ հնարաւոր չէ դիտարկել՝ որպէս այդ պարտաւորութիւններու կատարման պահանջ եւ բանակցութիւններու նախապայման կամ այդ մէկը գոնէ որպէս օրակարգի մէջ ընդգրկելու առաջարկ։ Բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, կը վերահաստատէ, թէ Հայաստան բանակցութիւններու սկսելու համար որեւէ նախապայման չի դներ։ Կայ տեղեկութիւն մը, թէ հայկական կողմը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ բանակցութիւններու կազմակերպման առաջարկով։ Այս կէտն ալ Զուրաբեանի կողմէ համարուած է բաւական խնդրայարոյց՝ հաշուի առնելով Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին մէջ համանախագահութեան կողմէ միասնական գործողութիւններով հանդէս գալու անկարողութիւնը։
Ուստի, ընդդիմադիր գործիչը կը շեշտէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատասխան-նամակին մէջ ինչ ըսես չեն ըրած. իրենց զգացումները յայտնած են ընթացող բանակցութիւններու մասին, պատմական կասկածելի մէջբերումներ կատարած են, բանակցող այլ կողմերու չկատարուած պարտաւորութիւններու մասին մեղմ ակնարկներ ըրած են, բանակցային գործընթացի կազմակերպման մասին ըրած են ռոմանթիք առաջարկներ։ Մէկ խօսքով, ըրած են ամէն ինչ, բացի այն բանէն՝ ինչ որ իրենցմէ կը պահանջուէր այս լրջագոյն՝ Հայաստանի եւ Արցախի համար ճակատագրական նշանակութեամբ գործընթացին մէջ։ Անոնք այդպէս ալ ո՛չ Ատրպէյճանին եւ ոչ ալ միջազգային հանրութեան չեն ներկայացուցած, թէ ի՛նչ լուծումներ կ՚առաջարկէ Հայաստան։ Թշուառամիտ պատասխանը տեղի տուած է նոյնիսկ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի ծաղրին։ Ան օրինակ վերցնելով առաջին ներկայացուած կէտը՝ հարցուցած է, թէ ո՞ւր է Հայաստանի առաջարկը։
«Կասկած չունենաք. այս մարդիկ մեզի կը խայտառակեն ամէնուրեք եւ կը տապալեն ամէն գործ։ Անոնք տարրական պատկերացումներ չունին միջազգային քաղաքականութեան եւ բանակցային դիւանագիտութեան մասին՝ ըլլայ սա Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միրզոյեանը, Արմէն Գրիգորեանը, թէ Վահագն Խաչատուրեանն ու Էտմոն Մարուքեանը։ Այս վիճակին մէջ, քանի դեռ Հայաստանի մէջ չկայ գրագէտ, պատասխանատու, տարրական դիւանագիտութեան տիրապետող իշխանութիւն, դիւանագիտական գործընթացներու մէջ միակ հեղեղուկ յոյսը առայժմ կապուած է այն բանի հետ, թէ որ գերտէրութիւններու շահերը եւ ծրագրերը պատահաբար կը համընկնին Հայաստանի ազգային շահերուն հետ։ Բայց, ի հարկէ, սա շատ հեղեղուկ եւ շատ տեսական շանս է», եզրափակած Լեւոն Զուրաբեան գրառումը։