ԽԱՔԱՄԱՏԱՅԷՆ ԱՆԳԻՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

1995 թուականին «Թայմզ» ամսագիրը Իրինա Խաքամատան ընդգրկած է 21-րդ դարու 100 նշանաւոր կիներու ցանկին մէջ: 1977-1999 եւ 2001-2005 թուականներուն Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցած ընկերաբանական հարցումներու արդիւնքին, Իրինա Խաքամատան նկատուած է տարուան կինը, իսկ 1999 եւ 2002 թուականներուն ան յաղթած է այդ անուանակարգին մէջ:

2005 թուականին ռուս քաղաքական գործիչ եւ հրապարակախօս, տնտեսագիտութեան թեկնածու, գրող, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդավարուհի, Ռուսաստանի Պետական տումայի երեք գումարումներու երեսփոխխան Իրինա Խաքամատան առաջադրուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածութեան։

2002 թուականին ան մասնակցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 57-րդ նստաշրջանին։ 1990-ականներուն Իրինա Խաքամատայի անունը ռուսական քաղաքական դաշտին մէջ կը հնչէր ամէն օր. ան ղեկավարած է կուսակցութիւն մը, աւելի ուշ եղած է Ռուսաստանի նախագահի թեկնածու (2004): Այդ օրերուն ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ նշանաւոր քաղաքական կին գործիչը տարիներ ետք պիտի ձգէ շատ յաջող քաղաքական գործիչի ասպարէզը եւ բոլորովին ուրիշ գործերով պիտի զբաղի, պիտի նկարահանուի շաժանկարներու մէջ, գիրքեր պիտի գրէ, կեանքի եւ յաջողութեան մասին դասընթացքներ եւ դասախօսութիւններ պիտի ունենայ աշխարհով մէկ, նորաձեւութեան շունչով պիտի քալէ եւ ներշնչանքի աղբիւր պիտի դառնայ միլիոնաւոր կիներու համար:

Փաստուած է, որ այս կին գործիչի դասախօսութիւններուն կը հետեւին նաեւ տղամարդիկ, քանի որ Խաքամատա կը խօսի ընդհանրապէս կեանքի եւ կնոջ վերապահուած դերին մասին, որուն մէջ կը շեշտէ, թէ ի՛նչ տեղ պիտի ունենայ տղամարդը: Շատեր անոր գրած գիրքերուն պատճառով գտած են ներքին խաղաղութիւն եւ աշխարհի ու մարդոց հետ հաղորդակցելու իրենց կերպը:

Ճաբոնական Խաքամատա մականունը կրող այս կինը նաեւ հայկական արիւն ունի: Անոր հայրը՝ ճաբոնցի համայնավար Մուցուօ Խաքամատան Խորհրդային Միութիւն գաղթած էր 1939 թուականին, եւ չկարենալով ետ Ճաբոն դառնալ՝ ընդունած էր խորհրդային կարգերու պայմաններէն մէկը՝ կա՛մ աքսոր, կա՛մ ամուսնութիւն: Ամուսնացած էր Նինա Սինելնիկովային հետ, որ ռուսական, հայկական եւ լեզկինական արմատներ ունեցող կին մըն էր՝ անգլերէնի ուսուցչուհի: Անոնք երջանիկ չէին: Ամուսնալուծուած են, ճաբոնցին կրցած է հայրենիք վերադառնալ եւ միանալ առաջին ընտանիքին: Մինչ այդ, Ռուսաստանի մէջ ծնած է Իրինան, որ հօր ու մօր ստիպողական ամուսնութիւնը իբրեւ իր ճակատագիրը ընդունելով, ապրած է ողջ կեանքը՝ պայքարելով եւ հաստատելով իր տեղը ռուսական միջավայրին մէջ:

Դպրոցի մէջ Իրինան միշտ ծաղրանքի ենթարկուած է՝ տարօրինակ մականունին եւ ոչ ռուսական արտաքինին համար, բայց նաեւ՝ լռակեաց եւ ինքնամփոփ բնաւորութեան համար: Մանկութիւնը ան ուրախութեամբ չի յիշեր, քանի որ մայրը անընդհատ հիւանդ էր, իսկ հայրը լաւ չէր հասկնար ռուսերէն եւ ամչկոտ էր ռուսական միջավայրին մէջ: Ան ջանացած է իր ձեռքերով հարթել իր ճամբան եւ ինքզինք կերտել իբրեւ անհատ:

Յետագային, դառնալով Ռուսաստանի ամենահամարձակ կիներէն, կատակով անդրադարձած է իր դեռահասութեան շրջանին: Ամուսնացած է շատ կանուխ՝ 18 տարեկանին, սակայն չմտածուած քայլ նկատելով, վերցուցած է ամուսնութենէն ծնած որդին եւ հեռացած: Խաքամատա երկրորդ անգամ ամուսնացած է իրմէ 12 տարի մեծ գործընկերոջ հետ, սակայն կրկին ամուսնալուծուած է: Երրորդ անգամ ամուսնացած է, երբ արդէն ձգած էր քաղաքականութիւնը, եւ երրորդ ամուսինին հետ ապրած է բաց ու անկեղծ յարաբերութեամբ՝ խնամելով Տաունի համախտանիշով ծնած իրենց աղջիկը՝ Մարիան: Երրորդ ամուսինը մահացած է մէկ տարի առաջ, իսկ անոնց դուստրը նոյնպէս ազատ ու համարձակ աղջիկ է եւ հակառակ իր ունեցած առողջապահական առանձնայատկութեան, շատ աշխոյժ կեանք կը վարէ, նորաձեւութեան ցուցադրութիւններու կը մասնակցի, թատրոնի մէջ կը խաղայ…

Չնայած Խաքամատայի կեանքին մէջ եղած դժուարութիւններուն, երեխային անբուժելի հիւանդութեան, ան զարմանալիօրէն լաւատես, ուժեղ եւ խելացի կին է, որուն համար չկայ փակուղի: Իրինա Խաքամատայի մասին կ՚ըսեն, թէ ան ունի գրեթէ ամէն հարցումի պատասխան: Այդ պատասխանները քաղած է ո՛չ թէ իր կարդացած անթիւ գիրքերէն, այլ՝ անոնք բարդ բնաւորութիւն ունեցող կնոջ մը անձնական կարծիքն են. կին մը, որ գիտէ իր արժէքը:

Իրինա Խաքամատա նկարահանուած է շուրջ հինգ շարժանկարի մէջ, ուր հիմնականօրէն խելացի եւ կայացած կնոջ դեր մարմնաւորած է: Ան յաճախ կ՚ըսէ, թէ բանի մը հասնելու համար պէտք է հակառակ կողմէն գալ: Օրինակ, ազատութիւն ձեռք բերելու համար, պէտք է գիտնաս, թէ ի՛նչ է վանդակին մէջ ապրիլը. երջանիկ ըլլալու համար պէտք է նախ դժբախտ ըլլաս, իսկ հարստութեան ձգտելու համար, աղքատութեան մէջ ապրիս… Բայց այս բոլորին հիմնական գաղափարը այն է, որ պէտք է այնքան կամք ու ես ունենաս, որ կարենաս առաջ քալել, քանի որ անցեալին մէջ մնալով՝ կը կորսնցնես ամէն ինչ, իսկ չափէ աւելի շտապելով, կը գտնես ոչինչ:

67 տարեկան Իրինա Խաքամատա այսօր ալ կը մնայ հետաքրքրական կին մը, զոր կարելի է միշտ լսել: Անոր գիրքերը եւ վարպետութեան դասերը գանձ են այն մարդոց համար, որոնք կը զբաղին ինքնազարգացմամբ: Իր հետեւորդներուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ այն մարդիկը, որոնք կ՚ուզեն յաջողակ ըլլալ ժամանակակից Ռուսաստանի մէջ եւ մնալ ազատ մարդ:

ԿԵԱՆՔԻ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ ԻՐԻՆԱ ԽԱՔԱՄԱՏԱՅԷՆ

Նախ եւ առաջ պէտք է ազատիք արքայազնի մասին այնպիսի խաբկանքէն, թէ ան պիտի գայ, գրկէ ձեզ եւ տանի դէպի ապագայ: Ժամանակի հետ տղամարդիկ կը յոգնին կիները ձեռքերու վրայ պահելէն, եւ դուն կ՚իյնաս գետին, ինչպէս ծանր ճամպրուկ մը: Լքուած ճամպրուկ չդառնալու համար կինը պէտք է կեդրոնանայ ո՛չ թէ տղամարդուն, այլ՝ իր երազանքին վրայ:

Ամենալաւը, որ կրնանք տալ մեր երեխաներուն, անոնց իրենք զիրենք սիրել սորվեցնելն է:

Տարիքը ձեր անձին մէկ մասն է: Անոր հետ պէտք է բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել, սիրել տարիքը ինչպէս ներկային, այնպէս ալ ապագային: Այդ ժամանակ աշխարհը բարեկամական կ՚ըլլայ ձեզի համար:

Երբեք մի՛ մեղադրէք աշխարհը: Աշխարհը խորապէս անտարբեր է ձեր նկատմամբ: Քանի տակաւին շրջապատի մարդիկը կը մեղադրէք ձեր խնդիրներուն համար, դուք կը սահիք վար:

Երբ ինծի կ՚ըսեն. «Իրա՛, դուն յիմար ես», ես կը պատասխանեմ. «Այո՛, համաձայն եմ»: Իսկ յետոյ կ՚երթամ ու կ՚ընեմ ինչ որ անհրաժեշտ կը նկատեմ: Երբեք մի ապացուցէք բան մը:

Ոեւէ մէկուն հետ ներդաշնակ յարաբերութիւններ ունենալու համար, նախ պէտք է դուն քեզի հետ ներդաշնակ ըլլաս եւ սիրես դուն քեզ:

Սորվեցէք երազել, ձեր առջեւ մեծ նպատակներ դրէք եւ գացէք անոնց ընդառաջ: Հաճոյք ստացէք ոչ թէ վերջնական արդիւնքէն, այլ՝ ընթացքէն: Եթէ յաջողիք գտնել եւ ձեր մէջ զարգացնել այդ կենսուժը, ապա ձեզմէ այլեւս ոչ մէկ ջանք կը պահանջուի, ամէն ինչ ինքնաբերաբար շատ սահուն կը դասաւորուի՝ ե՛ւ երազանքները, ե՛ւ գործը, ե՛ւ սէրը:

Այն կինը, որ ունակ է ներդաշնակօրէն զարգացնել եւ իր մէջ համադրել կանացի եւ տղամարդկային հիմնական «սկիզբները», ով որ կարենայ ինքնադրսեւորման համար գործածել ինչ որ կայ աշխարհի մէջ, կը դառնայ շատ հազուագիւտ կին: Այդպիսին էր, օրինակ, Քոքօ Շանելը: Եւ ցանկութեան պարագային այդպիսին կրնայ ըլլալ ձեզմէ իւրաքանչիւրը: Փորձուած է իմ կողմէս:

Կին-հրթիռը, այսինքն՝ ան, որ միշտ կը սլանայ յառաջ՝ իրագործելով իր նպատակները եւ երազանքները, խելացի տղամարդը ըստ արժանւոյն զայն կը գնահատէ: Նման կնոջ մէջ միշտ գաղտնի, հետաքրքրական բան մը կայ, եւ այդ մէկը կը գայթակղէ տղամարդիկը:

Տղամարդուն հետ ծանօթութեան ժամանակ պէտք է շատ վառ խօսիլ, իսկ յետոյ դառնալ յիմարիկ աղջիկ: Շատ կարեւոր է մէկ վիճակէն միւսը շատ անսպասելի եւ շատ դիւանագիտօրէն անցնիլ: Տղամարդը շատ վախկոտ է, ան անընդհատ որեւէ բանէ կը վախնայ: Կինը մէյ մը՝ շատ հարուստ է, մէյ մը՝ շատ աղքատ, մէյ մը՝ չափազանց գեղեցիկ եւ՝ հակառակը: Ատոր համար մենք պէտք է ըլլանք անկանխատեսելի՝ կատակով եւ թեթեւութեամբ կառուցելով մեր յարաբերութիւնները:

Եթէ տղամարդը չ՚ուզեր փոխուիլ, դուք ունիք ընտրութեան հնարաւորութիւն. ապրիլ անոր հետ՝ այնպէս, ինչպէս որ է՛, կամ ապրիլ՝ ինչպէս կը փափաքիք, բայց առանց անոր: Եթէ կը դժուարանաս որոշել, ուրեմն դուն քեզ վատ կը լսես, եւ այդ պարագային խնդիրը ոչ թէ անոր, այլ՝ քու մէջդ է:

Տղամարդը պէտք չէ ըլլայ մեր ամբողջ աշխարհը: Ան պէտք է ըլլայ մեր աշխարհին մասերէն մէկը միայն:

Ուժեղ կինը երբեք տղամարդ չի փնտռեր: Իմ խորհուրդս բոլոր աղջիկներուն՝ երբեք մասնայատուկ կերպով տղամարդ մի՛ փնտռէք: Ապրեցէք որքան կրնաք: Վայելեցէք արեւը, դիտեցէք դուք ձեզ, գտէք հետաքրքրական աշխատանք մը ձեզի համար: Ձեր աչքերուն մէջ պէտք չէ կարդացուի, որ մինակ էք:

Երբ սկսիք տղամարդիկը փնտռել, անմիջապէս ձեր դէմքին կը յայտնուի անհանգստացնող արտայայտութիւն, ողնաշարի հետեւողական թեքում, սայթաքող հայեացք եւ ունայնութիւն: Եւ տղամարդիկը անմիջապէս կը փախչին ձեզմէ: Բայց երբ տեսնեն վստահ, հանգիստ, գեղեցիկ կին, անոնք կու գան ինքնուրոյն:

Ես կ՚երազէի նախագահ դառնալու մասին: Ամուսինս ըսաւ, որ պէտք է նայիմ հայելիին մէջ եւ բարձրաձայն արտասանեմ իմ մականունս: Ան ըսաւ, որ ինձմէ եւ նման մականունով մէկէ մը Ռուսաստանի նախագահ կարելի չէ պատկերացնել: Ես նեղացայ իրմէ, նախընտրական քարոզարշաւին համար աւազակներէն պարտքով գումար վերցուցի: Լուսանցքային, շատ աղքատ շրջան մը ընտրեցի՝ Մոսկուայի ծայրամասը, ուր նոյնիսկ քաղաքային երթեւեկի միջոց չէր հասներ: Առանձնացայ եւ սկսայ աշխատիլ: Արդիւնքին՝ ես ընտրուեցայ այդ շրջանին մէջ, իսկ իմ հակառակորդս, որուն կը հովանաւորէր իմ ամուսինս, պարտուեցաւ: Այդ ժամանակ ես հասկցայ, որ ես առաջնորդ եմ, ես կրնամ:

Յաջողութեան հասնելու համար գումարը երկրորդ տեղն է: Պէտք է այնքան գումար, որ կարենաս իրականացնել գաղափարներդ: Այնպէս պէտք է ըլլայ, որ ամէն առտու արթննալով՝ չըսես, թէ կ՚ատես աշխատանքդ ու սովէն կը մահանաս, եթէ չաշխատիս:

Միշտ սորվեցէք, ստացէք նոր տեղեկութիւն: Ատիկա ապահովագրութիւն է, հիմք է, որ կ՚օգնէ ձեզի գոյատեւել ամենադժուար ժամանակներուն մէջ: Անգամ մը, Օքսֆորտի մէջ դասախօսութիւն կարդացած պահուս, ծանօթացայ ռուս աղջկայ մը: Ան ինծի պատմեց, որ կ՚ուսանի բանասիրութեան բաժնին մէջ, բայց միաժամանակ կ՚աշխատի շատ նշանաւոր դրամատան մը մէջ: Ան կ՚ըսէր, որ ինքը հիմա գիտէ ամէն ինչ եւ կրնայ հասկնալ գրեթէ ամէն ինչ:

Իսկական տաղանդաւոր մարդը ոչ թէ ան է, որ շատ բան գիտէ, այլ ան, որ արագ կը մշակէ նոր գիտելիքները եւ գիտէ ինչպէս զանոնք կիրարկել:

Մի՛ վախնաք յուսահատելէն: Ամենախոր անդունդը ինկէք: Ես կ՚երթայի ամարանոց, մէկ շաբաթ ոչ մէկուն հետ կը հաղորդակցէի: Ես ինծի կ՚ըսէի, որ ես սարսափելի եմ, ես անյաջող եմ: Ես ինծի կը խղճայի, եւ նոյնիսկ այդ վիճակը սկսած էր ինծի հաճելի թուիլ: Բայց որոշ ժամանակ անց այդ ամէն ինչը օրկանիզմին տհաճ կը դառնայ: Դուն կը հասկնաս, որ չես մահացած, արեւը կը շողայ, ամէն ինչ լաւ է: Դուն կը կանգնիս եւ կ՚երթաս առաջ:

Ճակատագիրը առիւծի նման է: Եթէ կը վախնաք՝ ան կը յարձակի ձեր վրայ, իսկ եթէ այդ վախը չըլլայ, ան կը թեքուի այն կողմ, որ դուք կ՚ուզէք:

Ինչ կը վերաբերի իմ կազմուածքին, ես պարզապէս հմտօրէն կը թաքցնեմ իմ թերութիւններս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2022