ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ ընթրիքի մը, որ քրիստոնեայ աշխարհի Ս. Զատկի տօնին եւ հրէից «Պասեք»ին առթիւ կազմակերպուած էր Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր այս ընթրիքին մասնակցեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետարանէն ներկայացուցիչներ, քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ Ռըզա Աքփոլատի շարք մը խորհրդականներ, որոնց կարգին էր նաեւ մեր համայնքէն Նուրհան Փալաքօղլու։

Ընթրիքի սեղանին շուրջ Ռըզա Աքփոլատ ուրախութիւն յայտնեց սոյն ջերմ համախմբումին համար եւ բոլոր մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ հրաւէրին ընդառաջելու բերումով։ Բոլոր սեղանակիցները բարեմաղթանքներ փոխանակեցին իրարու համընկնած տօներուն առթիւ։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022