ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՌԱՆՑ ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԱՊՐԻԼ

Յինանց կիրակիներուն հինգերորդ կիրակին, մասնաւոր անուանում մը չունի։ Սակայն, մեկնելով օրուան Աւետարանական ընթերցուածներէն՝ կրնանք այս կիրակին կոչել մեղքերէ զերծ կեանքի կիրակի, որովհետեւ օրուան ընթերցումներու մեծամասնութիւնը կը խօսին զղջումի, ապաշխարութեան եւ մեղքերէն հեռու մնալու մասին:

Այսօրուան Աւետարանական ընթերցուածները քաղուած են Գործք Առաքելոցէն (20.17-38), Յովհաննէս առաքեալի ընդհանրական առաջին նամակէն (3.2-6), Մատթէոսի (16.13-17.13), Մարկոսի (8.27-9.12), Ղուկասի (14.25-15.32) եւ Յովհաննէսի (9.39-10.10) աւետարաններէն:

Ղուկասի Աւետարանին 15-րդ գլուխին 1-10 համարներուն մէջ երկու առակի կը հանդիպինք, մէկը՝ կորսուած ոչխարին, միւսը՝ կորսուած դրամին: Երկուքին ալ միտք բանին գրեթէ նոյնն են, մէկ հատիկ մեղաւորի մը դարձին, ապաշխարութեան ուրախութիւնը: Կորսուած ոչխարին առակին մէջ այսպէս կը կարդանք.

«Ենթադրենք, որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի: Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚երթա՞ր կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն: Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ»: Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին» (Ղկ 15.4-7): Ենթադրելի անձը, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է: Իննսունինը ոչխարները, բոլոր անոնք են, որոնք Աստուածահաճոյ կեանք մը կ՚ապրին եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը միշտ կը զգան: Իսկ մէկ հատիկ ոչխարը, որ կը կորսուի, բոլոր անոնք են, որոնք կամայ թէ ակամայ եւ իրենց մեղքերուն պատճառով հեռացած են Աստուծմէ եւ մեղքի կեանք մը կ՚ապրին: Տէր Յիսուս այդպիսներուն համար միշտ դուրս կու գայ իր փարախէն, որպէսզի գտնէ զանոնք եւ վերադարձնէ իրենց Հայրենի տունը: Սակայն, Տէր Յիսուսի կամեցողութիւնն ու դուրս գալը՝ փնտռելու համար կորսուածը բաւարար չեն, այլ՝ անհրաժեշտ է տուալ անձին գիտակցութիւնը, որոշում կայացնելը վերադառնալ դէպի Աստուած, որով Տէր Յիսուս Իր ձեռքը երկարելով կ՚օգնէ, որպէսզի դիւրութեամբ կարենանք յաղթահարել բոլոր այն արգելքները, որոնք մեր դիմաց ցցուած կ՚ըլլան վերադարձի ճամբուն վրայ:

Վերադարձի՝ ապաշխարութեան այս ընթացքին Աստուած-մարդ յարաբերութեան մասին լաւագոյն արտայայտուած է Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը, որ կը գրէ. «Մենք մեր խօսքով եւ գործով անընդհատ կը մեղանչենք: Աստուած կը տեսնէ եւ զանց կ՚ընէ, որպէսզի Իր երկայնամտութեամբ մեզ ապաշխարութեան բերէ: Չմեղանչելը մարդուն համար կատարեալ արդարութիւն է, իսկ եթէ իբրեւ մարդ կը մեղանչէ, թող շտապէ զղջալ եւ ապաշխարել. բա՛ց են Անոր ողորմութեան դռները. Ան զանոնք չի՛ գոցեր ապաշխարողներուն դիմաց»: Այսինքն, Աստուած միշտ պատրաստ է վերստին ընդունելու իւրաքանչիւր անձ, որ որոշում կը կայացնէ վերադարձի, այլ խօսքով՝ ապաշխարելու, զղջալու իր սխալ ընթացքին համար, որով Ամենաբարին Աստուած Իր ողորմութեան դռները առատապէս կը բանայ վերադարձողներուն դիմաց:

Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք, թէ երբ Պօղոս առաքեալ իր մօտ կը կանչէ Եփեսոսի երէցները, անոնցմէ հրաժեշտ առնելու համար, որովհետեւ Երուսաղէմ պիտի մեկնէր, կը խօսի անոնց, թէ ինչպէս Ասիա գտնուած ժամանակ բազմաթիւ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ հալածանքներու ենթարկուեցաւ, սակայն անվարան կերպով կատարեց իր քարոզութիւնը: Կը յայտնէ անոնց նաեւ, թէ Սուրբ Հոգիին ազդարարութեամբ արդէն գիտէ, թէ յետագային իրեն կը սպասեն բանտարկութիւն եւ նեղութիւն, սակայն Առաքեալը ամենայն վստահութեամբ կ՚ունենայ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ՚ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու» (Գրծ 20.24): Այսօր մեզմէ քանի՞ն հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու նեղութիւններուն, նոյն վստահութիւնը ունին ո՛չ թէ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու, այլ՝ աւետարանուած շնորհքը հաստատ պահելու, ապրելու ու գործելու այդ շնորհքով, ի փառս Աստուծոյ: Մեզմէ քանի՞ն այսօր, իրենց եսը մէկ կողմ ձգած կը նախընտրեն հաւատարիմ սպասաւորներ ըլլան Աստուծոյ, գործադրելով Անոր կամքը եւ հնազնադելով Անոր պատուիրաններուն եւ օրէնքներուն: Այսօր մեզմէ քանի՞ն իրենց եսասիրութիւնը մէկ կողմ ձգած, Աստուծոյ անուան փառքին համար կը գործեն եւ մարդիկը կը հրաւիրեն դէպի Աստուած, զգալու զԱստուած, ապրելու Անոր ներկայութեան մէջ եւ ստանալու Անոր օրհնութիւնն ու ողորմութիւնը: Ի վերջոյ, մեզմէ քանի՞ն այսօր, Պօղոս առաքեալին ունեցած վստահութեամբ պատրաստակամութիւն ունին յանուն Քրիստոսի ո՛չ միայն զրկուելու փառքէ եւ ունեցած դիրքէն, այլեւ՝ զրկանքներու ենթարկուիլ իրենց նմաններուն օգնութեան համար, իրենց նմանները ուրախացնելու, մխիթարելու եւ սփոփելու համար, որ մերօրեայ հասկացողութեամբ բանտարկութեան տեսակ մըն է, որ մեզ կը բանտէ մեր անձնական հաճոյքներէն ու եսամոլութենէն, եւ մեզ կ՚ընէ հաւատարիմ սպասաւորներ Տէր Յիսուսի անդաստանէն ներս:

Յովհաննէս առաքեալի առաջին ընդհանրական նամակին մէջ կը կարդանք. «Ով որ Քրիստոսի միացած կը մնայ՝ չի մեղանչեր. իսկ ով որ կը մեղանչէ՝ զայն երբեք տեսած ու ճանչցած չէ» (Ա. Յհ 3.6): Մեղքի կեանքէն հեռու մնալու եւ չմեղանչելու գրաւականն է, որ կու տայ Առաքեալը այստեղ: Իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար այս համարը պէտք է ազդարարիչ ըլլայ, մեղքէ հեռու մնալու եւ Քրիստոսով ապրելու համար: Առաքեալին մտածողութեամբ, անոնք որոնք կը մեղանչեն, կը նշանակէ, թէ զՔրիստոս ո՛չ տեսած են ու ո՛չ ալ ճանչցած: Արդար եւ իրաւ. որովհետեւ, Քրիստոս ունեցողը, Քրիստոսին հաւատացողը եւ Քրիստոսով ապրողը առնուազն կը փորձէ Քրիստոսի նմանութեամբ ապրիլ, իսկ Քրիստոսի նմանութեամբ ապրիլ կը նշանակէ մեղքերէ հեռու եւ առաքինութեամբ լեցուն կեանք մը:

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ՚ըսէք, թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք» (Յհ 9.41): Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին հետեւեալ ձեւով կը մեկնէ այս համարը. «Խօսք. «Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք» (Յհ 9.41):

Մեկնութիւն. իրենց խօսքով զիրենք կը յանդիմանէ:

Չորս է իմացումը. նախ՝ եթէ գործերս չէիք տեսած, պատճառ ունէիք Ինծի չհաւատալու: Երկրորդ. թէ Գիրքն ու Իմ մասիս եղած մարգարէութիւնները չէիք գիտեր, այնքան մեղք չունէիք, ինչպէս հիմա ունիք: Երրորդ. եթէ դուք ձեզ կոյր համարէիք, մեղք չէիք ունենար, քանի որ բժիշկի կ՚երթայիք ու կը հաւատայիք: Չորրորդ. կոյր տգէտի կ՚ըսէ, ինչպէս մանուկ, որովհետեւ անգիտութեամբ մեղանչելը աւելի փոքր է քան՝ գիտութեամբ [մեղանչելը], որ ձաղկանքը աւելի սաստիկ կ՚ընէ:

Դարձեալ՝ ըստ մարմինի կոյրը մեղքերու ցանկութենէն անմեղ է, ինչպէս նաեւ նախանձէն եւ ատելութենէն, որովհետեւ չի տեսներ:

Խօսք. «Քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք» (Յհ 9.41):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ աւելի շատ բան գիտէք, քանի որ տեսաք զիս եւ սակայն չհաւատացիք, կամ անզեղջ ու անդարձ [մնացիք] ձեր մեղքերուն մէջ:

Եւ գիտելի է, թէ կոյր կը կոչուի մեղաւորն ու անհաւատը, եւ տասը պատճառով կ՚ըսենք.

Նախ՝ որովհետեւ կոյրը ոչինչ կը տեսնէ, այդպէս ալ մեղաւորը աստուածայիններէն ոչինչ կ՚իմանայ:

Երկրորդ. քանի որ կուրութիւն կայ, որ բնական է, ինչպէս ի ծնէ կոյրը, եւ կայ, որ պատահմամբ. այդպէս է մեղաւորը, որ բնականապէս յիմար է, այսինքն՝ անհաւատը, ինչպէս այլազգները, որոնք անխտիր մեղք կը գործեն, եւ կայ որ ետքէն պատահմամբ է, ինչպէս քրիստոնեաները Աւազանի ծնունդէն ետք:

Երրորդ. որովհետեւ կոյր կայ, որ միտքով սուր է եւ որպէս աչքաւոր կը շարժի. այդպէս է մեղաւորը, որ ճարտարապէս իբրեւ արդար կայ, սակայն մեղաւոր է, ինչպէս հրեաները այն ատեն:

Չորրորդ. կոյր կը կոչուի, որուն աչքերէն բնական լոյսը պակսած է, այդպէս ալ մեղաւորը կոյր կը կոչուի, որովհետեւ խղճմտանքը վերացած է անկէ:

Հինգերորդ. քանի որ կոյրը եթէ մէկուն հարուածէ, չի՛ գիտեր, թէ ով է, այդպէս ալ մեղաւորը չի գիտեր, թէ սատանան ի՞նչ չարիքի մէջ կը ձգէ զինք:

Վեցերորդ. որովհետեւ մէկը կիսով չափ կոյր է, այդպէս ալ մէկը քիչ մեղքեր ունի:

Եօթներորդ. քանի որ մէկու մը աչքը բորոտ է, թէեւ լոյս ունի. այդպէս ալ ոմանք հերձուածող են եւ կատարեալ հաւատքը չունին ու մեղաւորներ կը կոչուին:

Ութերորդ. որովհետեւ կոյրը ստուգապէս գիտէ, թէ չի տեսներ, այդպէս ալ որոշ մեղաւորներ գիտեն, թէ մեղքերով լեցուն են, այդ պատճառով կը զղջան:

Իններորդ. որովհետեւ կուրութիւնը հնարաւոր չէ թաքցնել, այդպէս ալ հնարաւոր չէ որ մեղքերը պատիժ չբերեն, թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ ալ այնտեղ:

Տասներորդ. քանի որ կոյրը դժուարութեամբ կը բժշկուի. այդպէս ալ մարդ դժուարութեամբ մեղքերէն կ՚ելլէ, միթէ՞ իմաստուն բժիշկ մը ըլլայ այդպիսիին համար, կ՚ըսէ Տէրը. «Քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք» (Յհ 9.41)»:

Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ: Ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ Ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գնտէ զայն: Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար» (Մտ 16.24-26): Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան այսպէս կը գրէ այս համարներուն մասին.

«Խաչը առնելով Յիսուսի ետեւէն երթալը ի՞նչ է:

Պատրաստ ըլլալ է հետեւիլ Քրիստոսի կատարեալ յանձնառութեամբ, այսինքն յանձն առնելով յարատեւ կերպով եւ առանց յուսահատելու քալել ըստ Քրիստոսի օրինակին, մինչեւ Գողգոթա:

Մինչ խաչի հորիզոնին միայն մահը կը տեսնուէր, Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ ծրագրին հաւատարմութիւնը՝ խաչէն անդին կեանքի պիտի արժանանայ: Ատոր համար է, որ կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ Ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գնտէ զայն»:

Ով որ կ՚ուզէ աշխարհին կառչիլ՝ ինքնաբերաբար կը մերժէ այն, որ Աստուած կ՚ուզէ մեզի տալ: Ով որ աշխարհին չ՚ուզեր կառչիլ՝ ինքնաբերաբար կ՚ըդնունի այն, որ Աստուած կ՚ուզէ մեզի տալ: Եւ Աստուած մեզի կեանք տալ կ՚ուզէ, ոչ թէ անցաւոր կեանքը, այլ յաւիտենականը: Աստուած յաւիտենական կեանք խոստանալով՝ մեզ չի հրաւիրեր երկրի վրայ կեանքէն հրաժարելու, այլ երկրի վրայ կեանքը ապրելու այնպէս՝ որ անիկա Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայութիւն մը կամ վկայութիւն մը ըլլայ: Արդարեւ, «ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար»:

Այն մարդը որ նոր կեանքը կ՚ուզէ, այսինքն՝ Աստուծմով կեանքը, պէտք է պատրաստ ըլլայ հրաժարելու իր սեփական անձէն եւ աշխարհային ամէն ինչէ: Այն ատեն է, որ ան արժանի կը դառնայ թրթուռի նման կեանքի այս խոզակէն դուրս գալ եւ իբր թիթեռնիկ մտնել վերին կեանքին մէջ» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ, 2016, էջ 322):

Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ով որ զիս կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ, Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ մեղաւոր այս սերունդին մէջ, Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ՝ երբ գայ Իր Հօրը փառքով, սուրբ հրեշտակներուն հետ» (Մր 8.38): Ի՜նչ սարսափեցնող եւ խիստ խօսքեր են, որոնց խստութիւնն ու ուժգնութիւնը մեր օրերուն կարծէք շա՜տ նուազած են, որովհետեւ մեր օրերուն մենք դիւրութեամբ ամօթ կը համարենք եթէ մեր Տիրոջ խօսքերը ընդունինք, եւ նուազագոյն դժուարութեան եւ կամ նեղութեան դիմաց տեղի կու տանք եւ կուլ կ՚երթանք տիրող հոսանքին, նիւթապաշտութեան եւ եսապաշտութեան: Արդարեւ, այսօր շատ է թիւը անոնց, որոնք պատեհ եւ անապատեհ առիթներով Տէր Յիսուսի անունով կը խօսին ու կը հպարտանան, սակայն, նոյն այդ մարդիկը, պնակ մը թանապուրի դիմաց ամէն ինչ կը ծախեն, նոյնիսկ վայրկեաններ առաջ իրենց քարոզած Տէրը, որով ոչինչով կը տարբերին Յուդայէն, որ երեսուն արծաթով մատնեց թագաւորներուն Թագաւորը:

Այսօր, իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր ապրած կեանքով պէտք է ցոյց տայ, թէ ի՛նք դէպի ո՞ւր կ՚երթայ, դէպի յաւիտենականութիւն, ուր Աստուած բազմած է Իր գահին վրայ ու շրջապատուած սուրբերով, թէ դէպի յաւիտենական կորուստ, ուր լաց ու ատամներու կրճտոց կայ: Մեղքերով ապրուած կեանքին հասցէն յաւիտենական կորուստն է, մինչ Քրիստոսով ապրուած կեանքին հասցէն՝ յաւիտենական երանաւէտ կեանքն է: Ընտրութիւնը մեզէ իւրաքանչիւրինն է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 21, 2022