Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
Ո՞ՒՐ ԿԸ ՆԱՅԻ ՏՈՒՆԴ…
Կալուածոց շուկային մէջ շատ բան կախում ունի բնակարանի մը տեսադաշտէն։ Տուն մը սուղ կ՚արժէ, եթէ ունի լաւ տեսարան։ Բայց միթէ այդքա՞ն միայն…
Զառիվեր բարձրանալէ առաջ պէտք է լաւ հանգստացած ըլլալ, առոյգ, իսկ իջնելէ վերջ պէտք է դարձեալ լաւ մը հանգստանալ՝ ուժերը թարմացնելու համար։ Անվերջ ելեւէջներու ընթացք մը չէ՞ կեանքը։ Եւ ի՛նչ որ ալ ըլլայ տանդ տեսարանը, վերջին հաշուով անոր պատուհանները բացուած չե՞ն ներաշխարհիդ վրայ։ Տեսարանը կրնա՞յ երեշխաւորել ներաշխարհիդ անդորրը։
Տունդ կեանքիդ վէմն է…
Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2022