ԱՐԱԳ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս վերջինը Անգարա հեռաձայնելով Էրտողանը տեղեակ պահեց շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն շուրջ։ Էրտողան եւ Ալիեւ անդրադարձան Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուած հարցերուն՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան նախատեսուած պայմանագրի պատրաստութեան վերաբերեալ։ Ալիեւ յայտնեց, որ դրական կը գնահատէ եռակողմանի հանդիպման արդիւնքները։ Ան աւելցուց, որ կողմերը համաձայնութեան հասած են Զանգեզուրի միջանցքի բացման շուրջ՝ ընդգրկելով թէ՛ երկաթուղիի եւ թէ մայրուղիի կառուցումը։ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է Պրիւքսելի հանդիպման վերաբերեալ տեղեկութիւններուն համար ու բարձր գնահատած՝ արձանագրուած դրական արդիւնքները։

ԵԱՀԿ-ն ալ երէկ ողջունեց Պրիւքսելի շաբաթավերջի գագաթաժողովը։ Այսպէս, ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութեան կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառման մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Ուղիղ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ նախադրեալ է յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի մշակման համար։ Մենք պատրաստ ենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավար ու բարգաւաճ ապագան ապահովելու ուղղեալ ջանքերուն»։

Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Իլհամ Ալիեւ հաստատեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ յանձնաժողովներու կազմերը։ Հայկական կողմը այս յանձնաժողովի նախագահ նշանակած է փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։ Ատրպէյճանի կողմէ ալ այս յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած է փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։ Հարկ է նշել, որ այս երկու փոխ-վարչապետները, միեւնոյն ժամանակ, կը գլխաւորէին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքային յանձնաժողովը։ Այժմ, անոնք պատուիրակութիւններու երկկողմանի բանակցութիւնները գլխաւորել կը պատրաստուին։

Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պրիւքսելի շաբաթավերջի գագաթաժողովին անմիջապէս յաջորդած զրոյցին ժամանակ քննարկուեցան տարածաշրջանային զարգացումները եւ փոխադրութեան ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման։ Մհեր Գրիգորեան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շարունակական դերակատարութիւնը։

Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ պարզաբանումներով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի հետ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հեռանկարներուն եւ համապատասխան խնդիրներուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ Պրիւքսելի շաբաթավերջի գագաթաժողովէն վերջ կատարուած յայտարարութեան մէջ այս նիւթին անդրադարձ կատարուած էր՝ ան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան լուսաբանութիւններ տուաւ նախատեսուած իրադարձութիւններուն շուրջ։ Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ Հայաստանի տարածքով եւ Հայաստանի զանազան մասերու միջեւ Ատրպէյճանի տարածքով հաղորդակցութեան կառավարման հարցերուն շուրջ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Խօսքը այն մասին է, որ օրինակ՝ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ բեռներու համար Երասխէն Նախիջեւանի տարածքով հնարաւոր ըլլայ հասնիլ Մեղրի եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ այն նոյն սկզբունքներու շրջանակին մէջ, որով Ատրպէյճանի քաղաքացիները եւ բեռները Հորատիզէն Հայաստանի տարածքով կրնան հասնիլ Նախիջեւան»։

Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի մէկ տարածքէն միւսը տեղափոխուելու համար պիտի օգտագործուի Նախիջեւանի տարածքը։ Ի պատասխան՝ Արմէն Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Նախիջեւանով կ՚անցնի այն երկաթուղին, որ Հայաստանի հիւսիսը հարաւին կը կապէ։ «Յետոյ, քննարկուող նիւթը տարածաշրջանի բոլոր հաղորդակցութիւններու բացման մասին է եւ գոյութիւն ունեցող բոլոր հաղորդակցութիւններու բացման եւ գործունէութեան սկզբունքներու հարցը պէտք է լուծուի։ Քննարկումները տեղի կ՚ունենան այս իսկ տրամաբանութիւնով։ Յիշեցնեմ, որ նոյն համատեսքին մէջ կը քննարկուի նաեւ Հայաստանէն Նախիջեւանի տարածքով դէպի Իրան եւ Ատրպէյճանի արեւելեան հատուածներով դէպի Ռուսաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ փոխադրութեան կապերու հարցը», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին։ Նախարարները քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ձեւաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանէ ներս տնտեսական կապերու եւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։

Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Երեւանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին միեւնոյն ժամանակ քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր, կարծիքներ փոխանակուեցան դաշնակցային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղղեալ քայլերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022