ՅԱՆՈՒՆ ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐՈՒ

Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որու յայտագրին մասնակցեցան մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագիտուհիներ՝ սոփրանօ Գարին Չուպուքճեան-Պոզքուրթ եւ երգեհոնահարուհի Աննա Գէորգեան-Ուղուրլուեան։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն իր աջակցութիւնը բերած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը։ «Համավարակէն վերջ ձեռք ձեռքի՝ յանուն նոր յոյսերու» կոչուած էր այս համերգը, որ ձօնուած էր համավարակի զոհ գացած 6 միլիոն անձի յիշատակին։ Ձեռնարկը այդ 6 միլիոն զոհի համար աղօթքի եւ յանուն նոր յոյսերու ձեռք ձեռքի տալու նշանակութիւնը ունէր։ Իսկապէս որակեալ երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Գարին Չուպուքճեան-Պոզքուրթ ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց իր կատարողական վարպետութիւնով։ Երգեհոնահարուհի Աննա Գէորգեան-Ուղուրլուեանն ալ արձանագրուած յաջողութեան մէջ ունեցաւ իր կարեւոր բաժինը։

Այս երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու առընթեր ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։ Ներկայ էին նաեւ Հրէից րաբունապետ Ռաւ Ւսաք Հալեւա եւ քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ աշխարհական վարիչներ։

Երեկոյթի սկիզբին ընթերցուեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթունի պատգամը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Համերգի յայտագիրը ընդհանրապէս հոգեւոր երաժշտութեան նմոյշներէ բաղկացած էր՝ հայ կամ օտար հեղինակներու յօրինումներով։ Մեներգչուհի Գարին Չուպուքճեան-Պոզքուրթն ալ հակիրճ սրտի խօսքով մը զգացումները բաժնեց ունկնդիրներուն հետ։ Ձեռնարկին հետեւեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքի փոխ-նախագահ Էվրէն Պաշար։

Հուսկ, բոլորը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին երկու արուեստագիտուհիներուն կողմէ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնը եւ ի յիշատակ այս ձեռնարկին տեղի ունեցան նկարահանումներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022