ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին հիւրընկալեց «Եոլճու» թատերախումբի վարիչներն ու Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։ Այս երկու խումբերը համագործակցաբար երկար ատենէ ի վեր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կը բեմադրեն Կոմիտաս Վարդապետի վերաբերեալ յայտնի թատերախաղը։ Այս ծրագիրը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Վերջերս Նորին Ամենապատուութիւնն ալ մասնակցած էր ներկայացումներէն մէկուն։ Հանդիպման ընթացքին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեան համար։ Զրոյցը առիթ ընձեռեց, որ անոնք մանրամասնութիւններ փոխանցեն նաեւ իրենց ապագայ ծրագիրներուն շուրջ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ տարուած աշխատանքին շուրջ՝ յղելով իր օրհնութիւնները։ Ան յայտնեց, որ թատերական այս ծրագիրը սովորականէ դուրս մօտեցումներու պտուղը կը հանդիսանայ եւ սա է նաեւ անոր արձանագրած յաջողութեան գաղտնիքը։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022