ԱԳԱՀ ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԸ
Ներկայ ընկերութեան մեծագոյն մասը սկսած է հետաքրքրուիլ «ինչպէս հարստանալ» նիւթով. այսօր համացանցի մէջ տեղադրուած գրութիւններուն ու տեսերիզներուն մեծամասնութիւնը նուիրուած է այդ նիւթին, որովհետեւ ներկայ ընկերութեան մէջ (միշտ այդպէս եղած է, սակայն այս օրերուն առաւելաբար) հաստատուած է այն ճիշդ կարծիքը, որ դրամը վեր է ամէն արժէքներէ եւ ընկերութեան մէջ «տեղ» ունենալու համար շնորհքէն, արժանիքներէն եւ տաղանդէն աւելի կարիքը ունիս այդ դրամին:
Մարդիկ սկսան հետաքրքրուիլ այս նիւթերով, որովհետեւ տեսան, թէ ներկայ աշխարհին մէջ շատեր անիմաստ բաներու ետեւէ դարձան մեծահարուստներ. անժխտելի իրականութիւն է, որ ամէն ժամանակէ աւելի 21-րդ դարուն շատ մը երիտասարդներ դարձան մեծահարուստներ. արդի արուեստագիտութեան շնորհիւ աշխարհը ունեցաւ նաեւ մեծահարուստներ՝ որոնք անչափահասներ են տակաւին՝ 15-17 տարեկան եւ այս բոլորը պատճառ դարձաւ, որ հարուստ թէ աղքատ «ինչպէս կարելի է հարստանալ» անուան տակ քարոզչութիւն կատարէ:
Լրատուական միջոցները վկայ, շատ անգամ հարստանալու յոյսով այդ քարոզչութիւններուն հետեւողները կը կորսնցնեն իրենց ունեցած փոքր մէկ գումարն ալ, այդ իսկ պատճառով այսօր աշխարհը լեցուն է նաեւ կեղծ «ուսուցիչներ»ով:
Այս նիւթերուն շուրջ մտածելով ես ալ ուզեցի «ինչպէս հարստանալ»ու պատասխան մը գտնել ո՛չ թէ համացանցի միջոցով, այլ ուսումնասիրելով այն մեծահարուստները, որոնք շուրջս կը գտնուին: Շատ անգամ գործի բերումով, շատ անգամ ալ անձնական առիթը ունեցած եմ հանդիպելու եւ ժամանակ անցընելու մեծահարուստներու հետ, որոնց ապրելակերպէն հասած եմ այն եզրակացութեան, որ հարստանալու ամենէն լաւ ու արդիւնաւէտ միջոցը ժլատութիւնն է. այսօր մեծ մասամբ հարուստ են անոնք՝ որոնք կծծիութեամբ, ժլատութեամբ եւ ագահութեամբ կ՚ապրին:
Հաւանաբար այս կծծիները մի՛շտ ալ եղած են. տակաւին Քրիստոսէ տասնամեակներ առաջ գրուած Առակաց գիրքը կ՚ըսէ. «Մարդ կայ՝ որ իր ստացուածքը ցրուելով կ՚աւելցնէ, ուր մարդ կայ՝ որ չափազանց կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի» (Առակաց 11.24): Աստուածաշունչի նոյն գիրքը մի քանի տող ետք կ՚ըսէ. «ժողովուրդը կ՚անիծէ ցորենը պահողը» եւ այսօր մեր շուրջ այնքա՜ն շատ են պահողները...:
Սկսիմ ձեզ ծանօթացնել շուրջս տեսած հարուստներէն մէկը.-
Անոնցմէ մին մի քանի ամիսներ առաջ Հայաստան էր. ապրելով Քուէյթի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ յաջողած էր մեծ գումարներ ձեռք բերել: Գումարները այնքան շատ էին, որ Հայաստան չապրելով հանդերձ որոշեց իր ունեցուածքէն փոքր մաս մը՝ աւելի քան 600 հազար ամերիկեան տոլար ձգել Հայաստանի դրամատուներէն մէկուն մէջ: Վերջերս եկած էր մեր տուն. ինձմէ խնդրեց, որ մեքենայով իրեն շուկայ տանիմ, «մի քանի բան» ունէր առնելու. որոշեց գիշերուան ընթրիքին համար խնձոր առնել։ Առողջապահութեան թէ դրամապահութեան համար չեմ գիտեր... միայն գիտեմ, որ աւելի քան չորս խանութ պտտեցանք՝ մի քանի դրամ աւելի պակասի խնձոր գտնելու համար. «Ես չե՛մ սիրեր վրաս խնդան ու գին ըսեն. մի քանի տեղ կը հարցնեմ եւ յետոյ կ՚որոշեմ», ըսաւ. հաւանաբար իրաւունքով էր:
Դարձեալ վերադարձանք տուն. ժամ մը նստելէ ետք ուզեց երթալ եւ խնդրեց, որ մեքենայ մը կանչեմ իրենց տուն հասցնելու համար. օգտուելով արուեստագիտութեան առաւելութիւններէն՝ հեռաձայնի ճամբով մեքենայ փնտռեցի. ամենէն յարմարը 1.600 դրամ էր, իսկ մէկ կարգ բարձրը 2.100 դրամ. մէջը կար 1 տոլարի տարբերութիւն մը: Բացատրեցի, որ այս պահուն միայն երկրորդ կարգի մեքենայ կը գտնուի. հարցուց տարբերութիւնը. բացատրեցի, որ ինքնաշարժը աւելի նոր ու մաքուր կ՚ըլլայ քան առաջինը. «ինչ ես մեքենան պիտի գնե՞մ թէ ոչ տուն պիտի երթամ. նոր կամ հին ինչ է տարբերութիւնը. ոչինչ կը սպասենք մինչեւ առաջին կարգի մեքենայէն գտնէ»: Աւելի հիասթափուեցայ երբ գիտցայ, որ ունի եղբայր մը, որուն հետ մի քանի տարիէ արդէն չի խօսիր. եղբայրը վարձով ապրող, բանուորութիւն ընող անձ մըն է. ինչպիսի՞ հարստութիւն է այս մէկը... աւելորդ դրամներէդ աւելի քան կէս միլիոն դնես դրամատան մէջ ու չօգտագործես, մինչ հարազատ եղբայրդ ամբողջ ամիս մը չարչարուի՝ տունի վարձք հասցնելու համար: Շատեր հաւանաբար ըսեն «ի՞նչ պարտաւոր է...». կը կարծեմ եղբայր բառը ինքնին պատճառ մըն է պարտաւորութիւն մը ստեղծելու:
Իր եղբօր բարիք չընող անձ մը վստահաբար ազգին եւս բարիք մը չունի. աւելին՝ անոնց ունեցած հարստութիւնը իրենց անձերուն նոյնիսկ բարիք չունի. պարզապէս դրամատուներու մէջ գրուած մեծամեծ թիւեր են, որոնք առանց արեւի լոյս տեսնելու պիտի մնան այդտեղ՝ մինչեւ ինք գերեզման իջնէ. թրքական առածը կ՚ըսէ. «Երբ հարուտը հող իջնէ, իր ոսկիները հողին տակէն դուրս կու գան»:
Ի՜նչ հաճոյք է, նման հարուստներուն յիշեցնել բանաստեղծին բառերը.-
«Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չի կայ,
Թքել եմ քո՛ էլ, փողիդ էլ վրայ...»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(1923-2013)
Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 24 մայիս 1923-ին Եգիպտոսի մէջ ծնած է գեղանկարիչ, Ժողովրդական նկարիչ եւ պետական մրցանակի դափնեկիր Յակոբ Յակոբեան:
Յակոբեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի մէջ եւ ապա ընդունուած՝ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1948 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք հետեւած է Փարիզի Կրան Շոմիէի անուան ակադեմիայի արուեստի դասընթացքներուն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1954 թուականին:
Երիտասարդ տարիքէն սկսած է նկարել եւ իր արուեստի սկզբնական շրջանէն սկսեալ նկարներ նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին: Երիտասարդ տարիքէն մասնակցած է զանազան ցուցահանդէսներու. 1953 թուականին, տակաւին ուսանող եղած ժամանակ մասնակցած է ուսանողներու համաշխարհային չորրորդ փառատօնին եւ արժանացած է երկրորդ մրցանակի: Ցուցահանդէս ունեցած է նաեւ Եգիպտոսի մէջ՝ 1958 թուականին: Յակոբեան 1962 թուականին ընտանիքի անդամներուն հետ միասին եղած է հայրենադարձ, ուր շարունակած է զբաղիլ նկարչութեամբ եւ արուեստով:
Յակոբեանի յայտնի գործերէն են «Կինը խոհանոցում», «Սխտորներ», «Վիշտ», «Դերձակը», «Գարուն», «Անդորր», «Հանրապետութեան հրապարակ» եւ այլ աշխատութիւններ, որոնք այժմ կը պահուին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ այլ թանգարաններու մէջ:
Շնորհիւ իր արուեստին եւ աշխատութեան, Յակոբեան 1977 եւ 1985 թուականներուն արժանացած է պետական մրցանակի. 1994 թուականին շահած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մրցանակը։ Արուեստագէտը արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշաններուն. ստացած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, իսկ յետ մահու՝ 2013 թուականին արուեստագէտին տրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակը:
Յակոբ Յակոբեան մահացած է 9 մարտ, 2013 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ