ՆՐԲԱՆԿԱՏ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, պետական քարտուղարը բարձր գնահատեց տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու ուղղեալ հայկական կողմի ջանքերն ու Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան բարեփոխումներու համար կառավարութեան տարած աշխատանքը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։
Նիկոլ Փաշինեան Էնթընի Պլինքընի հետ բաժնեց իր տպաւորութիւնները՝ անցեալ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման շուրջ։ Ըստ իրեն, թէեւ հանդիպումը, ընդհանուր առմամբ, դրական կը գնահատէ, սակայն անկէ վերջ դժբախտաբար հնչած են մեկնաբանութիւններ, որոնք քննարկումներու բովանդակութեան հետ կապ չունին։
Պետական քարտուղարը վերահաստատեց Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման եւ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման համար։
Զրոյցի ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով սկսած քննարկումներու ընթացքին։ Փաշինեան եւ Պլինքըն համաձայնեցան շարունակել Հայաստան-ԱՄՆ բարձր մակարդակի շփումները։
Պլինքընի հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեանի ակնարկած՝ Պրիւքսելի խօսակցութիւններուն հետ անկապակից մեկնաբանութիւններու պարագային խօսքը ակնյայտօրէն կը վերաբերի Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ըրած պնդումին, ըստ որու կողմերը համաձայն գտնուած են Զանգեզուրի միջանցքի բացման ուղղութեամբ։ Այս կապակցութեամբ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ «Հայաստանի տարածքէն ներս չի կրնար գործել միջանցքի տրամաբանութիւնով ճանապարհ», ըսաւ ան՝ ի պատասխան «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցման։ Արմէն Գրիգորեանի բերնով հնչած Երեւանի արձագանգին մէջ նշուած է նաեւ հետեւեալը.
«Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումները որեւէ փոփոխութիւն չեն կրած։ Հայաստանի տարածքէն ներս միջանցքի տրամաբանութիւնով ճանապարհ կամ փոխադրութեան ուղի չի կրնար գործել։ Բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Պրիւքսելի մէջ, կը վերաբերին տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման։ Պրիւքսելի մէջ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կը տեղաւորուին նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու ըրած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջանակին մէջ։ Հանդիպման արդիւնքին Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահի յայտարարութեան մէջ ալ կրնաք տեսնել, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման համատեսքին մէջ համաձայնութիւնները վերաբերած են սահմանային, մաքսային հսկողութեան, ճանապարհային վճարներու գանձման, միջազգային տարանցման կազմակերպման հարցերուն։ Այս բոլորը կարեւոր հարցեր են «Հայկական խաչմերուկ» նախագծի իրագործման համար եւ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն պիտի ընթանայ այս ուղղութեամբ»։
Այս հեռախօսազրոյցին առընթեր, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներու՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի առաջին հանդիպումը։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը՝ երկու երկիրներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման շրջանակներէն ներս եւ համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ։
Հայկական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ յանձնաժողովներու շրջանակէն ներս աշխատանքներ տանելու համար սահմանազատման եւ համապատասխան այլ հարցերու շուրջ՝ ներառեալ սահմանային անվտանգութեան ապահովումը։ Քննարկուեցան յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցերը։
Սահմանի հանդիպումներուն հետ մէկտեղ՝ կողմերը համաձայնութեան հասան յանձնաժողովներու ապագայ աշխատանքներու իրականացման համար զանազան հարթակներ օգտագործելու նպատակայարմարութեան շուրջ։ Մասնաւորապէս՝ համաձայնութիւն գոյացաւ երկրորդ հանդիպումը Մոսկուայի, իսկ երրորդը՝ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպելու ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ երէկ անմիջապէս արձագանգեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած յանձնաժողովներու առաջին հանդիպման։ Շարլ Միշել, որ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ մէկտեղած էր Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը եւ այդ եռակողմանի տեսակցութեան անմիջապէս յաջորդեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հանդիպումը, ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ Այս առթիւ ան նշեց. «Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին այսօր տեղի ունեցած հանդիպումը՝ սահմանային յանձնաժողովներու միջեւ միջպետական սահմանի յստակեցման եւ կայունութիւնը լաւագոյնս ապահովելու վերաբերեալ քննարկումները յառաջ մղելու նպատակով։ Շօշափելի յառաջընթաց մըն է, որ կը յաջորդէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ եռակողմանի հանդիպման»։