ԱՆՍԱՆՁԵԼԻ ԱԼԻՔ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի պոռթկումներն ու բեւեռացումները կը մնան առկայ։ Ճակատագրական ներկայ պահուն իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ճամբարներուն միջեւ ստեղծուած իրավիճակին մտահոգիչ բնոյթը կը բազմապատկուի։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութիւնը հակուած է այժմու բողոքի ալիքը մատուցել՝ որպէս ընդդիմութիւն-իշխանութիւն կռիւ, սակայն, իրադարձութիւնները այդ ձեւով ընկալելը առնուազն մակերեսայնութիւն է։ Արցախի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը հրահրեն Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ ծնունդ տրուած «Դիմադրութիւն»ը, որով բողոքի անսանձելի ալիք մը ստեղծուած է։ Երեւանի կեդրոնին այս առաւօտ ալ տեղի ունեցան երթեր եւ ցոյցեր։ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին առջեւ բողոքաւորներու եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցան նոր բախումներ։

Անցեալ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման յաջորդած յայտարարութիւնները առիթ դարձած են ընդդիմութեան կողմէ հերթական ահազանգի հնչեցուելուն։ Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ընդդիմադիր մեկնաբաններ մտահոգուած են հաւանական աղէտի մը հեռանկարով։ Արդարեւ, անոնք համոզուած են, թէ հնարաւոր չէ միջազգային նման իրավիճակի մէջ անվերջ խաղալ Պրիւքսելի, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի լարերուն վրայ։

Իշխանական ճամբարի նախկին երեսփոխաններէն Տաթեւիկ Հայրապետեանն ալ հարցազրոյց մը տուած է «Հրապարակ» թերթին։ Մասնագիտութեամբ ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան Պրիւքսելի վերջին հանդիպումը նկատած է Հայաստանի՝ որպէս պետութիւն հերթական ետքայլը, որու հետեւանքները կրնան ըլլալ անդառնալի։

Իր կարգին, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ ընդդիմութեան շարժումը որակեց ոմանց հեղինակութիւնը փրկելու փորձ։ Իր խօսքով՝ երկրի նախկին նախագահները՝ Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան հաշուարկած են, որ այլեւս որեւէ հեռանկար չունին եւ այս իրավիճակը պէտք է օգտագործեն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022