ՃՈՒՔԱՆՈՎԻՉ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Քարատաղի նախագահ Միլօ Ճուքանովիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Փաշինեան եւ Ճուքանովիչ Երեւանի մէջ անդրադարձան միջազգային ասպարէզի գործընթացներուն եւ կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակին շուրջ։ Վարչապետը ներկայացուց հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ։

Այս առաւօտ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը՝ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնով։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022