ԲԱՆՈՎ ՄԸ ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ
Թաքուն բանով մը ուրախանալ:
Առաւօտը կը գրկէի վանկարկումի զօրութեամբ`
Կը քալէի քայլերէս վստահ,
Տեսիլքէս վստահ:
Ոգեշնչում մը կը կանչէր զիս.
-Եկո՛ւր...
Կախարդական շարժում մըն էր կարծես
Եւ կարծես երազ մըն էր,
Որ կենդանացած էր զիս
Մարզելու իր գաղտնիքներով:
Աստղիս տէրը կ՚ըլլամ գիշերը...
Լեզուիս ապաւինելով:
Ես երազս եմ,
Ես մօրս մայրն եմ տեսիլքներով
Եւ հօրս հայրը,
Զաւկիս զաւակը:
Ուրախանալ թաքուն բանով մը,
Որ զիս վերցուցած էր իր վանկարկող
Լարային գործիքներուն վրայ
Եւ կը փայլեցնէր զիս
Արեւելեան իշխանուհիի մը ադամանդին պէս:
Ով չ՚երգեր հիմա,
Այս առաւօտ,
Ապա երբեք չ՚երգուիր:
Տուր մեզ, սէ՛ր, բոլոր յորդումներդ,
Որպէսզի զգացականներու
Արդար պատերազմը վարենք,
Քանի կլիման յարմար է
Եւ արեւը՝ առտու,
մեր զէնքերը կը մուրայ:
Ով սէր, մեր թիրախը միայն,
Քու պատերազմիդ մէջ,
պարտութիւնն է...
Յաղթէ՛ դուն, յաղթէ՛
Եւ լսէ՛ գովերգդ զոհերէդ:
Յաղթէ՛:
Ձեռքերդ ողջ ըլլան:
Եւ դարձիր մեզի՝ յաղթուածներուս, առողջ:
Թաքուն բանով մը ուրախանալ:
Կը քալէի երազելով կապոյտ
Քերթուածի մը մասին՝ երկու տողանի...
Թեթեւ երջանկութեան մը մասին՝
Տեսանելի եւ միեւնոյն ատեն գաղտնի:
Ով չի սիրեր հիմա,
Այս առաւօտ,
Ապա երբեք չի սիրուիր:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 02/07/2025