ԱՐԹՕ ԹՈՒՆՉՊՈՅԱՃԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԵՆԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Ենիգիւղի մէջ։ Նախկին պոլսահայ արուեստագէտը թէեւ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է արտասահման, սակայն, պարբերաբար կը ներկայանայ մեր գեղարուեստասէրներուն։ Երէկուան իր ելոյթը յարաբերաբար աւելի երկար ընդհատումէ մը վերջ տեղի ունեցաւ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ արդարացուց իր համակիրներուն սպասումները։
Արթօ Թունչպոյաճեանի համերգը տեղի ունեցաւ Ենիգիւղի՝ Աւստրիոյ հիւպատոսարանի ընդարձակ համալիրի պարտէզին մէջ։ Բացօթեայ ելոյթը կազմակերպուած էր Ենիգիւղի ճազի օրերու ծիրէն ներս։ Զուգահեռաբար նախատեսուած էր նաեւ համապատասխան լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որու պատասխանատուն է Մելիհ Աքօղլու։
Արթօ Թունչպոյաճեանի գլխաւորած «Avant-garde Folk» խումբը երէկուան ելոյթը անուանած էր՝ «Բարեւ»։ Խումբին մաս կը կազմեն նաեւ Տերիա Թիւրքան, Ճենք Էրտողան եւ Քաան Եըլտըզ։
Յայտագիրը սկսաւ Արթօ Թունչպոյաճեանի «Զէյթունի ծառ» գործի կատարումով։ Երեկոյթի տեւողութեան, ինչպէս միշտ, ան վառ հաղորդակցութիւն մը ապահովեց ունկնդիրներուն հետ, որոնց հետ մարդասիրական շեշտադրումներով բաժնեց նաեւ իր կեանքի զանազան դրուագները։
Հուսկ, համերգի աւարտին բոլորը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Արթօ Թունչպոյաճեանն ու իր նուագակից ընկերները։