ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ
Տ. Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունի «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ երկրին մէջ» աշխատութեան մէջ կը լուսաբանէ քրիստոնեաներուն անապատական կեանքին վիճակը եւ թէ ի՛նչ պատճառներէ մղուած նոյն բարեպաշտ քրիստոնեաները ձգեցին անապատական կեանքը ու հիմնեցին մեծամեծ վանքեր, որոնք վերածուեցան հոգեւոր կեանքի եւ կրօնական ուսման եւ աղօթքի սրբավայրերու: ԺԱՄԱՆԱԿ առիթ ունեցած է անդրադառնալու «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» գիրքին, հրատարակուած 1931 թուականին, Երուսաղէմ:
Սուրբ Երկրին մէջ հիմնուած վանքերէն մին էր Տեառնեղբօր հայ վանքը Յովսափատի ձորին մէջ: Ո՞վ էր Տեառնեղբայր, որու անունով վանք շինած են հայերը: Սուրբ Յակոբոս Տեառնեղբայր կապող օղակն է աւետարանական սուրբերու եւ Գործք Առաքելոցի մէջ յիշուած սուրբերուն միջեւ: Ան Նախնական Եկեղեցիի տիրական դէմքերէն է եւ Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը: Յովսէփիոս պատմիչը ան կը բնորոշէ «արդար» մակդիրով:
Վարքագրական աղբիւրներու համաձայն՝ ոմանք կը բռնանան անոր վրայ եւ կը պատուիրեն, որ բարձրանայ աշտարակի վրայ եւ Յիսուսի դէմ չարախօսէ: Սակայն ան, բարձրանալով՝ կը սկսի խօսիլ Յիսուս Մեսիայի մասին, որ նստած է Աստուծոյ աջ մասը եւ որ պիտի գայ դատելու աշխարհ արդարութեամբ: Շատեր հաւատքի կու գան, բայց ուրիշներ սուրբը աշտարակէն վար կը նետեն: Ըստ աւանդութեան՝ յուղարկաւորուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ: Անոր անունով մեզի հասած է ընդհանրական մէկ թուղթ:
Հայ Եկեղեցին Դաւիթ մարգարէի յիշատակը կը տօնէ Յակոբոս Տեառնեղբօր հետ, որովհետեւ եթէ Դաւիթը Քրիստոսի «նախահայրն» է ըստ մարմնի, ապա Յակոբոս անոր «եղբայրը», ազգականը՝ ըստ մարմնի: Այս երկու սուրբերուն անունները միասին կը տօնախմբուին՝ խորհրդանշելու համար Հին եւ Նոր ուխտերուն միաձուլումը քրիստոնէութեան մէջ:
Հայ Եկեղեցին Սուրբ Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքյալի յիշատակը կը տօնէ Ս. Ծնունդին նախորդող Աւագ տօներու ժամանակ: Աղաւնունիի գիրքէն կը ներկայացնենք Տեառնեղբօր հայ վանքին նուիրուած հատուածը:
ՏԵԱՌՆԵՂԲՕՐ ՀԱՅ ՎԱՆՔԸ ՅՈՎՍԱՓԱՏԻ ՁՈՐԻՆ ՄԷՋ
«Գլխադիր» եւ «Տեառնեղբայր» կրկին Ս. Յակոբներու յիշատակին վաղնջական ժամանակներէն կառուցուած է Սիոնի լերան վրայ հռչականուն Հայոց վանքը, որ ունեցած է իր յատուկ միաբանութիւնը, եւ ունի իր ուրոյն պատմութիւնը: Աւանդութիւն, յիշատակարաններ, արքունի հրովարտակներ, արձանագրութիւններ եւ պաշտօնական գրութեանց ամբողջութիւն մը, անհերքելի կերպով կ՚ապացուցանեն նոյն մենաստանին հայկական սեպհականութիւնը: Երուսաղէմի Հայ միաբանութիւնը Սիոնի բարձունքին վրայ կառուցած այդ պանծալի հաստատութենէն զատ, ունեցած է ուրիշ վանք մըն ալ, յանուն Ս. Տեառնեղբօր, Յովսափատի ձորին մէջ: Անոր հետքը թէեւ չկայ հիմակ, բայց պատմական փաստեր եւ յիշատակարաններ կը վկայեն, թէ նախնի դարերու հայ բարեպաշտութիւնը չէ գոհացած Սիոնի Ս. Տեառնեղբօր միակ վկայարանով, այլ անոր նահատակութեան տեղւոյն վրայ կամ մօտը ջերմեռանդօրէն փափաքած է, շատ կանուխէն, հաստատել ուրիշ վանք մըն ալ «Ս. Տեառնեղբայր» անունով:
Եկեղեցական պատմութենէն գիտենք, թէ Տեառնեղբայրը երկար ժամանակ Երուսաղէմի եկեղեցւոյն եպիսկոպոսապետն էր, ու անոր Աթոռը, իբր խորհրդանշան քրիստոնէական նուիրապետութեան, մեր Ս. Յակոբայ եկեղեցւոյն մէջ կը մնար. գիտենք նաեւ, թէ Տեառնեղբայրը նահատակուած է Տաճարին մօտ տեղ մը. վասն զի այն ժամանակի քրիստոնէական կրօնի ընդդիմադիրները ուզեցին փակել բերանը Քրիստոսի այդ անձնուէր Առաքելոյն, բայց ան իր ձայնը լսելի կ՚ընէր Տաճարին աշտարակէն, եւ ճշմարտութեան հակառակորդները կատաղութեան նոպայէ մը բռնուած՝ աշտարակէն վար գլորեցին Տեառնեղբայրը. եւ երբ ան կ՚աղօթէր իր թշնամեաց համար, անոնցմէ մին տոփանով զարկաւ Սուրբի գլխին, ու ան նահատակուեցաւ ի սէր Քրիստոսի: Եւսեբիոս՝ Հիգեսիպպոսէն եւ Կղեմէսէն առնելով, մանրամասն կը պատմէ անոր նահատակութեան պարագաները ու կը գրէ. «Այսպէս վկայեաց նա, եւ թաղեցին զնա անդէն ի տեղւոջն. եւ մինչեւ ցայսօր ժամանակի շիրիմ նորա կայ առ կողմն տաճարին»:
Այս վկայութիւնը բացորոշ կերպով կը հաստատէ տիրող աւանդութիւնը Ս. Տեառնեղբօր գերեզմանին նկատմամբ: Դ. դարուն, Կիւրեղ Երուսաղէմացիին օրով, Տեառնեղբօր նշխարները գտնուած եւ Սիոն փոխադրուած են, մեր այժմու Ս. Յակոբայ եկեղեցւոյն տեղը, ինչպէս կը վկայեն աւանդութիւնք եւ վկայաբանութիւնք: Բայց ամենէն որոշ վկայութիւնը կու տայ Շարթրը քաղաքին (Փարիզի մօտ) մատենադարանին մէջ գտնուած եւ յունարէնէ լատիներէն թարգմանուած Ժ. դարու ձեռագիր մը, զոր Պոլլանտեանք հրատարակած են 1889-ին (Revue Biblique, 1919. էջ 480-499): Այդ ձեռագրին համեմատ Դ. դարուն Ս. Տեառնեղբօր գերեզմանին վրայ կը շինուի վկայարան մը եւ նշխարներէն մաս մը կը փոխադրուի այդ նորակերտ վկայարանը:
Նոյն թուականին, յայտնի է, թէ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ տակաւին մուտ գործած չէր խտրականութեան ոգին. բոլոր քրիստոնեաները, «մի հօտ եւ մի հովիւ», առ հասարակ ջերմեռանդութեամբ կը յաճախէին տնօրինական Ս. Տեղեր. պաշտամունքներ կը կատարէին միասնաբար: Որոշ թուականէ մը յետոյ է, որ Երուսաղէմի մէջ, իւրաքանչիւր ժողովուրդ կ՚ունենայ իրեն սեպհական ուխտատեղիները եւ վանքերը: Մեր ձեռքը գտնուած յիշատակարաններ կը վկայեն, թէ Է. դարուն, Յովսափատի Ս. Տեառնեղբօր վանքը Հայոց սեպհականութիւնն էր: Անաստաս հայ վարդապետի կազմած ցանկին մէջ, գուցէ Պաղեստինագէտները առարկելի մասեր մատնանշեն, սակայն ան իր հիմքին մէջ իրականութենէ դուրս չի կրնար նկատուիլ: Երուսաղէմի եւ շրջակայինց մէջ երեւան եկած հայկական արձանագրութիւններ, մոզայիքներ եւ աւերեալ հայ վանքերու հատակոտոր յիշատակարանները յոյս կը ներշնչեն, թէ օր մը թերեւս կարելի ըլլայ վերականգնել Անաստաս վարդապետի վանօրէից ցուցակը՝ իր գլխաւոր գիծերուն մէջ:
Գիտունները Կեդրոնի ձորին մէջ «Գերեզման Ս. Յակոբայ» անուամբ ճանչցուած յիշատակարանի մասին տարբեր բացատրութիւններ կու տան: Ան բոլորովին տարբեր է Յովսափատի Ս. Տեառնեղբօր վկայարանէն: Նոյն յիշատակարանին ճակատը փորուած է ժայռին մէջ. ծոփորի մը (frise) հետ կառուցուած է չորս փոքր սիւներով, եւ ունի անդաստակ մը. որ կը տանի դէպի գերեզմանական չորս սենեակներ, որոնց իւրաքանչիւրը կը բովանդակէ բազմաթիւ խուցեր: Այս գերեզմանին Ս. Յակոբ անունը տրուած է աւանդութեան մը համաձայն, որպէս թէ Առաքեալը հոն ապաստանած էր Քրիստոսի չարչարանց ժամանակ եւ հոն թաղուած էր իր մարտիրոսութենէ վերջ: Յիշատակարանը ծածկուած է եբրայական արձանագրութիւններով: Վերջնոցս մէջ գտնուած աւելի հին արձանագրութիւն մը քովթարի մը (architrave) վրայ քանդակուած՝ ցոյց կու տայ, թէ այս գերեզմանը Պէնի-Հէզիրներու (Beni-Hésir) քահանայապետական ընտանիքի մը ութը անդամոց կը վերաբերի: Իսլամները այս գերեզմանը կը կոչեն Տիվանը-Ֆարաւոն:
Յովսափատի Ս. Տեառնեղբայրը հետեւեալ կերպով կը յիշուի նոյն Անաստաս վարդապետի ցուցակին մէջ. «Սահառունեաց վանքըն, զոր Քարուվանք կոչեն, որ Տեառնեղբօրն է, զոր ընկալաւ վէմն»: Որո՞նք են Սահառունիք. - Սահառունիք կը նկատուին հայ նախարարութիւններէն մին, որուն ծագումը շատ յայտնի չէ:
Ան Ս. Սահակի գահնամակին մէջ ԻԵ. կարգն ունի: Չորրորդ դարէն սկսեալ պատմական դեր մը ունեցած են Սահառունիք: Իրենց բնակութիւնը կը թուի ըլլալ Շիրակի մէջ: Մուշկ, Բատ եւ Կարէն Սահառունիք կը յիշատակուին պատմութեան մէջ: Իսկ Է. դարուն, Դաւիթ Սահառունին շինած է Մրենի հոյակապ եկեղեցին Շիրակի մէջ. եւ ան յիշատակներ ունեցած է շատ հեռի տեղեր՝ որ չեն յիշատակուիր, նոյնիսկ Աղթամարի մէջ, ըստ Ալիշանի (Շիրակ, էջ 140): Սահառունեաց մասին կարելի է փոքր ի շատէ ծանօթութիւններ քաղել Ալիշանի Շիրակէն (էջ 141-142): Անհաւանական չեմ նկատեր Դաւիթ Սահառունիի վերագրել Յովսափատի Ս. Տեառնեղբօր վանքի վերաշինութիւնը, քանի որ ան կործանուած կրնար ըլլալ 614-ի Պարսիկ արշաւանքներու ընթացքին: Թ.-ԺԲ. դարուն կը յիշուի նոյն վանքը նոյնիսկ օտարներէն: Արաբ մատենագիր մը, Մուգատարի 985-ին կը գրէ, թէ՝ Յովսափատը ծաղկեալ ուխտատեղի մըն էր, պարտէզներով, այգիներով ու զարդարուած եկեղեցիներով, եւ կը յարէ թէ ճգնասուն վանականներ, ինչպէս Հայեր, Յոյներ եւ Ասորիներ խուցերու մէջ կը բնակէին եւ կը շէնցնէին Սելովամի արաբ գիւղակին ստորոտը: Այս վանքը ԺԲ. դարուն, Սալահէտտինի եւ անոր յաջորդներուն արշաւանքներուն հետեւանքով որչափ ալ կործանուած նկատենք, բայց քանի որ ունինք յիշատակարաններ, որ բացայայտօրէն կը յիշեն այս վանքին գոյութիւնը մինչեւ ԺԵ. դար, կը տարուինք մտածել, թէ Հայ միաբանութիւնը կարողացած է նոյն արշաւանքներէն վերջ վերաշինել Ս. Տեառնեղբօր վանքը: Օտարներէն Ալլատիոս, Վատիկանի մատենադարանապետը (1669), իր Երուսաղէմի պատմութեան գրքին մէջ («Վարք Սրբոց» Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի, Հտ. 10. էջ 257) կը գրէ. «Ոչ կարի հեռի է ի Ձորոյն Յովսափատայ վանքն Սրբոյն Յակոբայ աստուածեղբօր՝ բնակեալն ի Հայոց»: Մեր Ս. Յակոբայ մատենադարանին (Թ. 1130) անթուական ձեռագիր «Աղօթագրքի» մը մէջ, Մարկոս գրիչ հայ ուխտատեղիներու ընդօրինակեալ ցուցակի մը մէջ, Յովսափատի վանքերու շարքին կը յիշէ Ս. Տեառնեղբօր վանքը, ըսելով. «Եւ եկեղեցի մի Յակոբայ առաքելոյն, որ եղեւ քարկոծեալ ի տաճարն». բայց ամենէն բացայայտ վկայութիւնը կը գտնենք Ղալաթիոյ (Կ. Պոլիս) Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրչագիր «Գանձարան»ի մը յիշատակարանին մէջ, զոր ընդօրինակած է Ղ. վրդ. Փիրղալէմեան- «Եւ արդ գրեցաւ սա ի սուրբ քաղաքիս Երուսաղէմ, ընդ հովանեաւ Յարութեանս Քրիստոս Աստուածոյ մերոյ. եւ Գողգոթայի եւ Սուրբ Սարգսի զօրավարին, եւ Սուրբ Առաքելոցս եւ Հրեշտակապետացս, եւ Սուրբ Փրկչին, եւ Սուրբ Ծննդեանն, եւ Սուրբ Աստուածածնին, եւ Սուրբ Համբարձմանն եւ Սուրբ Տեառնեղբօր, եւ Սուրբ Լեռնակողմանն, եւ այլ ամենայն Տնօրինականացս Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ: Ի կաթուղիկոսութեան Հայոց Տեառն Կարապետի, եւ յեպիսկոպոսութեան սուրբ քաղաքիս Երուսաղէմայ Տէր Մեսրոպայ եւ Տէր Աբրահամին, եւ այլ ամենայն միաբանիցս Սուրբ Յակոբայ ամէն…: Յիշեցէք … զանարհեստ գրիչս զՆերսէս էրէցս, եւ զծնողսն իմ … Յետկար եւ զՄարթայ …» (Նօտարք Հայոց, էջ 18-19): Ինչպէս կը տեսնուի, յիշատակարանիս գրիչը՝ Ներսէս երէց իր «Գանձարանին» ընդօրինակութիւնը կը կատարէ Երուսաղէմի մէջ եւ կը յիշատակէ իր ժամանակին ազգային ուխտատեղիները, եւ առանց թուականի կը յիշէ իրեն ժամանակակից եպիսկոպոսները: Կարապետը՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսն է (1448-1477), որով նոյն ձեռագիրը ընդօրինակուած կ՚ըլլայ 1448-էն մինչեւ 1477 երկարող տարիներուն մէջ, եւ Յովսափատի Ս. Տեառնեղբօր վանքն ալ իր գոյութիւնը պահած կ՚ըլլայ մինչ եւ այդ թուականը:
Ուշադրութեամբ կարդալով վերի յիշատակարանի մէջ յիշուած ուխտատեղիները, կը դիտենք որ նախ եւ առաջ կարգաւ նշանակուած են քաղաքին մէջ գտնուածները, եւ ապա քաղաքէն դուրս գտնուած «Ս. Փրկչի, Ս. Ծննդեան, Ս. Աստուածածնի, Ս. Համբարձման եւ Ս. Տեառնեղբօր եւ Ս. Լեռնակողման» վանքերը. արդէն իր կարգին յիշատակուած ըլլալով Սիոնի մեր Ս. Յակոբայ վանքը Լեռնակողման վանքէն յառաջ. առանձինն յիշատակուած Ս. Տեառնեղբօր վանքը, պէտք է ընդունիլ թէ՝ Քարուվանքն է Յովսափատու Ս. Յակոբայ վանքը, որ այժմ աւերակ է:
Պատմական այս յիշատակներուն անդրադարձումը յիշել կու տայ մեզի նախնեաց բարեպաշտական ոգին, որ գիտցած է Ս. Տեղեաց յարգը ճանչնալ եւ անոր բազմապիսի շնորհաց վայելքը ըմբոշխնել. նոյն ոգին կրած է նախ մեր Սարգիս Շնորհալի վարդապետը, որ Յակոբայ Առաքելոյն կաթողիկեայց թղթին մեկնութեան գրքին վերջին յորդորակին մէջ, հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտուի. «Եւ ես սակս այնորիկ զԵրուսաղէմ սիրեմ եւ գովեմ եւ երանեմ, զի այսպիսի զանազանութիւնք շնորհացն Աստուծոյ եղեն անդ»:
Երանի՜ անոր որ կը զգայ ու կը գնահատէ Ս. Տեղեաց մէջ Աստուծոյ շնորհաց զանազանութիւնները եւ կ՚արժանաւորի անոնց:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան