ԿՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԻՒՂ

Ներքին քաղաքական լարուածութիւնը Հայաստանը կը շարունակէ պահել ծայրայեղութիւններու ճիրաններուն մէջ։ Յետպատերազմեան ցնցումներու պայմաններուն ներքեւ, երբ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը գրեթէ քայքայուած է, միանշանակ, երկիրը պէտք ունի համախմբումի։ Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան քայլերը բացարձակապէս հեռու են այդ նպատակին ծառայելէ։ Մէկ կողմէ իշխանութիւնները շատ բան ունին քննադատուելիք, նաեւ իրենց երկիրը հասցուցած վիճակով ապագայի տեսակէտէ կասկածի ենթակայ են, սակայն, միւս կողմէ ալ ընդդիմութիւնը չի յաջողիր ժողովուրդը համոզել այնպիսի այլընտրանքով մը, որ երկիրը նոր ցնցումներէ զերծ պիտի պահէ։ Շաբաթներէ ի վեր Երեւանի եւ Հայաստանի միւս քաղաքներուն մէջ կը շարունակուի «Դիմադրութիւն»ը, որ յառաջ կը տարուի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ։ Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ կը ծագին սաստիկ բախումներ, որոնք կը մտահոգեն աչալուրջ շրջանակները։ Քաղաքական բոլոր դերակատարները կրակի վրայ իւղ կը լեցնեն։ Երէկ ալ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան խօսեցաւ ընդդիմադիր երեսփոխանները լիազօրութենէ զրկելու մտադրութեան մասին։ Հաղորդակցութեան, շփումի, երկխօսութեան կամուրջները անխնայօրէն այրելու ուղղեալ վտանգաւոր մտադրութեան հերթական դրսեւորումն էր այս մէկը։

Թէ այսպէսով ո՞ւր պիտի հասնի երկիրը՝ դժուար թէ ենթադրել։ Բանիմաց շրջանակները, որոնք գործնականօրէն ոչինչ ընելու հնարաւորութիւն ունին, միայն կը մտահոգուին՝ յուսալով, թէ անդառնալի նոր հետեւանքներ բաժին չվիճակին Հայաստանին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022