ԵՐԿՐՈՐԴ ԾՆՈՒՆԴ՝ Ս. ԱՒԱԶԱՆԷՆ

Դանիէլը տակաւին չէր ծնած, երբ ես զգացի, թէ մանչ է: Երեխան երեխայ է, Աստուծոյ պարգեւն է, ըլլայ մանչ թէ աղջիկ: Տարբերութիւն չկայ: Յիրաւի, ինծի համար ալ տարբերութիւն չկայ: Սակայն ես մանչ կը սպասէի, մանչուկ մը կը փափաքէի. հայկազուն մը, քաջազուն մը, հայ մարտիկ մը ու զինուոր:

2020 թուականի 44-օրեայ դաժան պատերազմի ընթացքին աւելի քան քսան հազար զոհ ու վիրաւոր ունեցանք. անհրաժեշտ է այդ բացը լրացնել: Իսկ մեր վիրաւոր ու ծանր հեւացող հայրենիքը կարիքն ունի նոր ուժի ու եռանդի: Դանիէլն ալ լոյս աշխարհ եկաւ իր հայրենիքի բազուն վէրքերէն մէկուն դարման ըլլալու համար:

Դուն տակաւին չէիր ծնած, երբ քու հայրիկդ որոշեց անունդ՝ Դանիէլ: Անդրանիկ զաւակիս անունը ես կնքած եմ, ի պատիւ իմ սիրասուն Զաւէն մեծ հօր: Մինչ մեր ամուսնութիւնը՝ այս մասին ամուսինիս հետ խօսեցանք.

-Մեր առաջնեկի անունը Զաւէն պիտի կնքեմ:

-Իսկ եթէ աղջիկ ունենա՞նք,- մտամոլոր հարցուց Արին:

-Ո՛չ, մանչ պիտի ըլլայ,- կտրականապէս պատասխանեցի ես: Այն ատեն ալ վստահ էի, որ մանչ պիտի ունենամ:

Առհասարակ ես կը սիրեմ հետեւիլ հայկական աւանդոյթներուն, պահպանել մեր մեծերուն վառ յիշատակը, անոնց անունները փոխանցելով սերնդէ սերունդ:

Դանիէլ անունը Արիի սիրելի անունն է: Միայն այդքան չէ: Եկուր ու տես, որ այդ գեղեցիկ անունը ոչ միայն Արիի սիրելի անունն է, այլեւ Արիի մեծ հօր՝ Սարգիս պապիկի մեծ հօր անունն ալ Դանիէլ էր: Այս փաստը, որուն ծանօթացանք Դանիէլի ծնունդէն վերջ, մեզ շատ ուրախացուց:

Դանիելը տակաւին չէր ծնած, երբ մեր կնքահայրը՝ Վահանը որոշեց մեր մանուկի մկրտութեան ամիսը. մայիս:

Քանի մը ամիսէ ի վեր դուն կաս, կ՚ապրիս ու քու ներկայութեամբ կը ջերմացնես մեր հոգիները՝ փոքրիկ Դանիէլ: Դէպի քու մկրտութիւն տանող ճանապարհը հարթ էր ու ծաղկուն:

Աստուածային կերպարանքով այս փոքրիկ արարածը իր ծնունդով օրհնութիւն բերաւ մեր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ յանձն առաւ մեծ առաքելութիւն մը. Դանիէլը պատճառ դարձաւ, որ իր պոլսահայ ազգականներէն շատեր առաջին անգամ ոտք դնեն իրենց հայրենիք, նոյնիսկ անոնք, որոնց յառաջիկայ ծրագրերուն մէջ չէր մտներ Հայաստան այցելութիւնը: Ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել՝ ամէն բան ընթացաւ հալած իւղի պէս:

Հերթական ընտանեկան հաւաքոյթի ընթացքին խօսք բացուեցաւ Դանիէլի մկրտութեան մասին: Մասնակիցներէն մին առաջարկեց մասնակցիլ այդ սուրբ արարողութեան: Բոլորը միահամուռ համաձայնեցան՝ առանց երկար ու բարակ խորհելու: Աստուած ալ երկինքէն իր օրհնութիւնը յորդեցուց:

Սոյն թուականի մայիսի մէկին լրացաւ Դանիէլի հինգ ամսականը: Հինգ ամսականին մտնելով սուրբ աւազանի մէջ Դանիէլը երկրորդ անգամ ծնաւ՝ մկրտուեցաւ, կնքահօր կողմէ ստանալով Վարուժան անունը:

Զաւէն-Տիրան

Դանիէլ-Վարուժան

Իմ երկու մանուկներու անուններն ու աւազանի անունները:

Կ՚ըսեն, թէ երբ երկրի վրայ մանուկ մը կը մկրտուի, հրեշտակները երկնքի մէջ կը կազմակերպեն խրախճանք: Մայիսի մէկը կրկնակի ուրախութիւն էր մեզի համար երկրի երեսին ու երկնքի մէջ: Ամէն մարդ շատ ուրախ էր ու երջանիկ: Բարութիւնն ու հոգեթով ժպիտը անպակաս էին իւրաքանչիւրի երեսէն: Մկրտութեան ամբողջ արարողութեան հոլովոյթին Դանիէլը անգամ մը չլացաւ, նոյնիսկ երբ Տ. Առնակ Քհնյ. Յարութիւնեան մանուկս մտցուց սուրբ աւազանի մէջ: Բոլորը շուարեցան, բացի ինձմէ. բնական է: Եկեղեցիի մէջ ծնունդ առած երեխայ է: Տակաւին չծնած՝ ինն ամիս մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ սուրբ պատարագներուն: Ծնունդէն վերջ ալ ամէն կիրակի եկեղեցին էր: Իսկ գիշերները Զաւէնիկի հետ միասին, իմ կողմէ՝ Տէրունական ու մանկան աղօթքը արտասանելէ վերջ իմ փոքրիկները կը քնանային շարականներու ելեւէջներու տակ:

Կնունքէն վերջ, երեքշաբթի օր այդ նոյն կազմով երեկոյեան ժամը հինգին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին էինք: Մեր մեծ գերդաստանով եկանք Դանիէլը միւռոնէն հանելու: Տէր Առնակին, որով մեր հիւրերը պարզապէս հմայուած էին, կրկին, մեծ սիրով ունկնդրեցին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022