ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ՌԻԱՏԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու պետական նախարար Ահմէտ էլ Ճուպէյրի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համագործակցութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգերու ձեւաւորման, յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նշուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման եւ ներդրումային ծրագրերու իրականացման կարեւորութիւնը։

Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին տեղեկացուց, որ Հայաստան կ՚աջակցի Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութեան, որպէսզի «World Expo 2030»ը կազմակերպուի Ռիատի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022