ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ, ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱԻՍԻԻ ԵՒ ԻՐԱԿԼԻ ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻԻ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ երէկ։ Ռուս ղեկավարը, որ օր մը առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնով զրուցած էր, երէկ շնորհաւորեց Փաշինեանի ծննդեան տարեդարձը։ Ապա Փաշինեան եւ Փութին քննարկեցին Երեւան-Մոսկուա երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր, անդրադարձան տարածաշրջանային խնդիրներու եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեան։ Փութին ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը։ Ան վերահաստատեց Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը՝ սահմանազատման գործընթացին աջակցելու ուղղութեամբ։ Փութին ընդգծեց նաեւ, որ ըստ պայմանաւորուածութեան՝ յանձնաժողովի յաջորդ նիստը նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ։
Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման խնդրին եւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան աշխուժացման ուղղութեամբ համաձայնութիւն ձեռք բերին։ Փաշինեան Փութինին տպաւորութիւններ փոխանցեց՝ Պրիւքսելի մէջ վերջերս Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ վարչապետը մտահոգութիւն յայտնեց, որ այդ հանդիպումէն վերջ կատարուած են մեկնաբանութիւններ, որոնք քննարկումներու էութեան հետ կապ չունին։
Անցեալ ապրիլի 19-ին Փաշինեան եւ Փութին համատեղ յայտարարութիւն մը ստորագրած էին։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին ալ, այդ յայտարարութեան դրութիւններուն համապատասխան, անոնք քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքները աշխուժացնելու հնարաւորութիւնը։
Փաշինեան-Ռաիսի հեռախօսազրոյցն ալ տեղի ունեցաւ այսօր։ Նիկոլ Փաշինեան նոյնպէս Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպման վերաբերեալ ներկայացուց իր տպաւորութիւնները։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին՝ մանաւանդ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման աշխատանքներու սկիզբին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ընթացքին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն մասին։
Փաշինեան եւ Ռաիսի կանգ առին նաեւ Երեւան-Թեհրան երկկողմանի օրակարգի հարցերուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Հայաստան-Իրան երրորդ ելեկտրագծին, Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման, ուժանիւթի ոլորտին վերաբերեալ հարցերը։ Զրուցակիցները վերահաստատեցին պաշտօնական այցելութիւններ կատարելու ուղղեալ փոխադարձ հրաւէրները եւ համաձայն գտնուեցան, որպէսզի այցելութիւններ փոխանակեն յառաջիկային։
Փաշինեան-Ղարիպաշվիլի զրոյցն ալ տեղի ունեցաւ երէկ։ Վրացի վարչապետը ընդգծեց բարեկամական եւ սերտ գործընկերային յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին սերտ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ։ Անոնք համաձայն գտնուեցան, որպէսզի մօտաւոր ապագային ունենան հանդիպում մը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՍԱՆՈՍԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման անվտանգային հարցերով յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը անցած է լաւ ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Հարկ է նշել, որ Սանոսեանի տեղակալը ընդգրկուած է այդ յանձնաժողովին մէջ։