ԱՂՋԻԿ «ՎԵՐՑՆԵԼ»

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ Մկրտիչ Երիցանց անուն գրող մը Փարիզի մէջ հրատարակուած «Խարտոց» շաբաթաթերթի Ա. թիւին չորրորդ էջին մէջ կը գրէր «Բարեկամիս խրատներ» խորագրեալ նամակ մը, ուր խօսելով ամուսնութեան ու կին ընտրելու «կարեւոր» խնդիրին շուրջ ընկերոջը կ՚ըսէ. «անշուշտ Կեսարի կամ Շնորհալի Ներսէսի հետ ապրած ըլլալու պէտք չի կայ, գիտնալու համար, թէ այն օրերուն աւելի դիւրին էր բերդ մը գրաւել քան թէ կնոջ մը սիրտը. նոյնը չէ այսօր»:

Ի՜նչ հանելուկ. Մկրտիչ ինքզինք համեմատութեան մէջ կը դնէ իրմէ դարեր առաջ ապրող մարդոց հետ՝ մատնանշելու համար անհամեմատելի փոփոխութիւնը, իսկ մենք այսօր մենք զմեզ համեմատութեան մէջ կը դնենք Մկրտիչին հետ՝ մատնանշելու համար իրենց եւ մեր միջեւ եղած փոփոխութիւնը եւ տասնամեակներ ետք նոր եկող ապագայ սերունդները իրենք զիրենք համեմատութեան հետ պիտի դնեն մեզի հետ, որովհետեւ սերունդէ սերունդ ամէն բան փոփոխութիւն պիտի կրէ եւ ստանայ հիներուս համար տարօրինակ, սակայն նորերուն համար բնական ու պարզ բան մը:

Հաւանաբար երբեք վերջ պիտի չգտնէ այդ համեմատութիւններն ու քննադատութիւնները, որովհետեւ բացայայտօրէն (ինչպէս արդիւնքը կը վկայէ) անցեալի միշտ պիտի ըլլայ աւելի առողջ ու լաւ՝ քան ներկան, որ իր կարգին ապագային համար պիտի դառնայ լաւ ու առողջ եւ այդ ընթացքը անվերջօրէն պիտի շարունակուի: Նման հակասութիւններու պարագային միշտ կը մտածեմ. ի՞նչ պիտի գրէր Մկրտիչ Երիցանց եթէ ապրէր այսօր:

Սիրոյ եւ ամուսնութեան նիւթը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր մեր շրջանակներուն մէջ կարեւորագոյն նիւթերէն մին կը նկատուի, որովհետեւ տակաւին 1900-ական թուականներու անգիր օրէնքներուն համաձայն տրամաբանական ու ընդունելի չէ դառնալ չափահաս ու չամուսնանալ. նման պարագաներու կա՛մ անձը թիւր կողմ մը ունի կամ յոռի բիծ մը: Երբ թերթատենք հին մամուլը այդտեղ բազմաթի՜ւ նիւթեր, հրապարակախօսութիւններ, մինչեւ իսկ քննադատութիւններ պիտի գտնենք այս նիւթին շուրջ. այսպէս օրինակ.- 1900-ական թուականներուն սկիզբը Պոլսոյ մէջ Նազիկեան էֆէնտի կը պատրաստէ աշխատութիւն մը՝ «Կինն իբրեւ օրիորդ» խորագրով, որուն մէջ աղջիկներու չամուսնանալը եւ չամուսնացող օրիորդներու թիւին աճը կը վերագրէ աղջիկներու տգիտութեան եւ իրենց ստացած «սալօն»ի դաստիարակութեան եւ այս զրպարտութեան ի պատասխան «Արեւելեան Մամուլ»ը իր 15 մարտ 1901 թուականի թիւին մէջ կը գրէ.- «Այս մասին ներուի մեզի ըսել, որ համամիտ չենք հեղինակին. պէտք եղած գիտելիքները եւ պարտականութիւնները անգիտանալուն համար չէ որ շատ անգամ ամուրի կը մնայ, այլ այն պատճառով որ մեր երիտասարդները, մեծամիտ գաղափարներով տոգորուած, միշտ իրենց աստիճանէն բարձրին աչք կը դարձնեն եւ իրենց դիրքին ու ընկերական վիճակին համապատասխան օրիորդներու ձեռք կարկառել չեն ուզեր»:

Թէեւ «Արեւելեան Մամուլ»ը հեղինակին անունը չի յիշեր, սակայն դժուար չէ հետեւցնել, որ գրողը իգական սեռի պատկանող ներկայացուցիչ մըն է:

Այս բոլորէն ետք եկէք խօսինք «ապագացու զատելու» արուեստին մասին: Անցեալին՝ 1900-ականներէն իսկ առաջ հայ մայրեր կը հաւատային, որ փեսացու կամ հարսնացու ընտրելու լաւագոյն տեղը եկեղեցին է, որովհետեւ անոնց համեստ մտածումով եկեղեցի կ՚երթայ ան՝ որ արդար ու մաքուր է, եւ ո՞վ պիտի չուզէ իր տղան կամ աղջիկը տալ անձի մը՝ որ այդպէս է. այդ իսկ պատճառով եկեղեցին Քրիստոսի պատարագուելուն կողքին հարսնացուի եւ փեսացուի շուկայ մըն էր՝ ուր մարդիկ իրենց մեղքերուն մասին խորհրդածելու փոխարէն կը փորձէին այս կամ այն աղջիկը մտապէս դնել իրենց զաւակներուն քով՝ հեռապատկեր մը ստեղծել եւ ըստ այնմ որոշել՝ կ՚ըլլայ թէ ոչ: Ինչ սուտ. այդ մտայնութիւնը մինչեւ այսօր ալ գոյութիւն ունի շատ մը գաղութներու մէջ: Յաճախ հին վէպերն ու պատմուածքները կարդալով կը զարմանամ, թէ ինչպէս մայր մը իր աղջկան կամ տղուն փոխարէն կրնայ երթալ փեսացուին կամ հարսնցուին քով եւ առանց իր զաւակին համաձայնութիւնը վերցնելու իր ընտրած «յարմարագոյն»ը հրաւիրել տուն՝ ապագայի լաւ խոստումներով:

Եգիպտոս հրատարակուած «Հայկական Սինեմա» թերթը իր շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 1925-ի թիւին մէջ կը գրէ Գապուքեան ընտանիքի մը մասին, որ ինչ ինչ պատճառներով կը մերժեն ամէ՛ն փեսացու, որուն դիմաց թերթը կը գրէ. «Այս պարագան, ինքնըստինքեան կը բաւէր Օր. Սարթիկին մազերը ճերմկցնելու... սպասելէն»:

Ահաւասիկ ծայրայեղութիւն մը. ես ալ ձեզի ներկայացնեմ այլ ծայրայեղութիւն մը՝ որ մերօրեայ իրական կեանքին մաս կը կազմէ: Համացանցի վրայ տեսերիզներ տեղադրող ամերիկաբնակ հայ երիտասարդ մը վերջերս Հայաստան գալով տեսերիզ մը կը նկարէ, որուն որպէս վերնագիր կը դնէ «Ինչպէ՞ս աղջիկ վերցնել՝ առանց մերժուելու». այլ խօսքով կու գայ ցոյց տալու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է «գլխէ հանել» հայ աղջիկ մը եւ ծանօթանալ անոր հետ:

Կ՚արժէ անգամուան մը համար դիտել՝ վա՜յ մը կարդալու համար մեր գտնուած վիճակին։ Երիտասարդ տղան ամերիկացիներուն հագուածքով, ձեռքերուն վրայ դաջուածքներ ինքնավստահ քայլերով առանց հրաւէրի կը նստի հայ աղջկան քովը, ոտքերը իրար վրայ կը նետէ եւ բերնին մէջի ծամօնը՝ կ՚ըսէ. «հեռուէն տեսայ որ անուշիկ ես, ըսի գամ ծանօթանամ, որպէսզի գիշերը տեղ մը երթանք» եւ կ՚երկարէ հեռաձայնը՝ որպէսզի հայ աղջիկը իր հեռաձայնի թիւը արձանագրէ եւ այսպիսով «գիշերը տեղ երթան»:

Նորութիւն մը չէ, որ այսօր աշխարհը նման երեւոյթներէ կ՚ախորժի, սակայն դարձեալ կը շարունակենք տարօրինակ գտնել, որ այնքան աժանցած է հայ աղջիկի մը չափանիշները։ Ընկերութիւն մը՝ որ անցեալին աղջիկը յարգելու համար ամէ՛ն բան կ՚ընէր, այսօր ոտք ոտքի վրայ նետած, ծամօնը բերնին, անտարբեր ու ինքնահաւան հովերով կը հպարտանայ, որ «այսքա՜ն դիւրին է հայ աղջիկ վերցնելը»:

Տեսերիզին մէջ երիտասարդը կը մօտենայ մօտաւորապէս 6 աղջկայ, որոնցմէ միայն մէկ հոգին կը մերժէ ծանօթանալ «ճերմակ ձիաւոր»ին հետ՝ արդէն իսկ ընկեր ունենալուն պատճառով: Իւրաքանչիւր ծանօթացումէ ետք տեսերիզին մէջ կը գրուի «mission passed» (առաքելութիւնը յաջողուած է): Հայը աշխարհին կը ներկայացնէ հայուն չափանիշի չգոյութիւնը՝ որուն վստահուած պիտի ըլլայ մեր ապագան:

***

Այս բոլորը գրած ժամանակ կ՚ունկնդրեմ Սայաթ Նովայի երգերը եւ աւելիով կը նկատեմ մեր խեղճութիւնը. ի՜նչ նազանք, ի՜նչ սէր ու յարգանք անոր բառերուն մէջ, իսկ այսօր...

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՐԴ
(1890-1972)

Մեր թուականէն 50 տարիներ առաջ՝ 3 յունիս 1972-ին Թեհրանի մէջ մահացած է բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Յովհաննէս Մարդ (բուն անունով՝ Յովհաննէս Մարգարեան):

Յովհաննէս Մարդ ծնած է 26 հոկտեմբեր 1890 թուականին, Իրանի Թաւրիզի քաղաքին մօտ գտնուող Մուժումպար գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը սկսած է առնել ծննդավայրին մէջ, ապա փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Թիֆլիզ:

Յովհաննէսի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1912 թուականին, Մ. Էփրիկեանի խմբագրած «Պատանի» հանդէսին մէջ: Երիտասարդ տարիքին վերադարձած է Թաւրիզ, ուր շարունակած է զբաղիլ գրական գործունէութեամբ. բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ հրատարակած է զանազան մամուլներու մէջ. անոր առաջին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Զուլալ երգեր» խորագրով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1946 թուականին: Յովհաննէս իր բանաստեղծութիւններէն շատեր ստորագրած է Յովհաննէս Մարդ գրչանունով:

Գրական գործունէութեան կողքին Յովհաննէս Մարդ զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. «Հարազատ Էջեր» խորագրով հրատարակած է աշխարհի շատ մը բանաստեղծներու գործերը ընդգրկող թարգմանական աշխատութիւն մը, որուն յաջորդած է «Ճշմարտարան» խորագրեալ ժողովածուն, ուր բանաստեղծը թարգմանած է շատ մը յայտնի պարսիկ բանաստեղծներու գործերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2022