ԱՆՇԵՂ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շահագրգիռ երկիրներու անշեղ ուշադրութեան առարկայ մնալ կը շարունակէ։ Յառաջիկայ շաբաթ տարածաշրջանային դերակատարներու միջեւ բարձր մակարդակի վրայ հերթական անգամ խոշորացոյցի տակ պիտի առնուի այս հարցը։ Մինչ երէկ Մոսկուայի մէջ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ, յաջորդ քայլափոխին ուշադրութեան առանցքին պիտի ըլլան Անգարայի իրադարձութիւնները։ Յունիսի 8-ին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պիտի հիւրընկալէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Բնականաբար, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, Սուրիոյ իրադարձութիւնները կիզակէտային կը համարուին թուրք-ռուսական բանակցութիւններուն ժամանակ, յամենայնդէպս, պաշտօնական աղբիւրներու մէջ չի շրջանցուիր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը՝ որպէս Չավուշօղլու-Լաւրով քննարկումներու առաջնահերթ նիւթ։ Հարկ է նշել, որ Սերկէյ Լաւրով Թուրքիայէն վերջ պիտի մեկնի Հայաստան՝ մասնակցելու համար ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Երեւանի ժողովին։
Մինչ այդ, երէկ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար այցելեց Երեւան, ուր տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Քլաարի հետ շօշափեց տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր, այս համատեսքին մէջ ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը։ Փաշինեան բարձր գնահատեց Եւրոմիութեան եւ անոր խորհուրդի նախագահին՝ Շարլ Միշելի ջանքերը, որոնք միտուած են տարածաշրջանային կայունութեան։ Իր կարգին, Թոյվօ Քլաարն ալ դիտել տուաւ, որ ԵՄ կ՚աջակցի տարածաշրջանային երկխօսութեան։
Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Պրիւքսելի հանդիպումներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերու։
Արարատ Միրզոյեանն ալ Թոյվօ Քլաարի հետ զրուցելու ժամանակ ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ, այս համատեսքին մէջ միշտ վերահաստատելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքներու վերականգնման կարեւորութիւնը։
Կողմերը քննարկեցին Պրիւքսելի հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը։ Միրզոյեան ընդգծեց, որ անթոյլատրելի են այդ համաձայնութիւններու կամայական, իրականութեան անհամապատասխան մեկնաբանութիւնները։ Ան կարեւորեց նաեւ շինիչ մթնոլորտի ապահովման ուղղեալ հռետորաբանութեան եւ գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովներու աշխատանքներու, տարածաշրջանի տնտեսական ու փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Արարատ Միրզոյեան անընդունելի համարեց ռազմատենչ յայտարարութիւններու եւ սահմանային սադրանքներու միջոցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակը ապակայունացնելու ուղղեալ Ատրպէյճանի շարունակական փորձերը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է ներկայութիւնը ընդլայնել Եւրոպայի կազի շուկայէն ներս։