ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇՆԵՐ, ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇՆԵՐ…
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ
Համախտանիշներու մասին մեր առաջին յօդուածին մէջ ներկայացուցած էինք Փարիզի, Հաւանայի համախտանիշներն ու յետքովիտեան համախտանիշը: Այս անգամ կը ներկայացնենք երեք հետաքրքրական համախտանիշ եւս, որոնք նոյնպէս զբաղեցուցած են ախտաբաններու, հոգեբաններու, բժիշկներու, այլ ուսումնասիրողներու մասնագիտական առօրեան:
Երուսաղէմի համախտանիշը ոմանք հակուած են դասելու հոգեբանական խնդիրներու, ոմանք՝ հոգեկան հիւանդութիւններու կարգին: Ամէն պարագայի զայն քիչ հանդիպող դրսեւորում մըն է, որուն ժամանակ զբօսաշրջիկը կամ ուխտագնացը, ըլլալով Երուսաղէմի մէջ, կը պատկերացէ, որ կը տիրապետէ աստուածային, մարգարէական ուժերու եւ կամ աստուածաշնչեան որոշ հերոսի մարմնաւորում մըն է ինք, եւ իր ուսերուն աշխարհը փրկելու առաքելութիւն դրուած է: Այս երեւոյթը յաճախ կը հասնի մտախտի եւ հիւանդը ստիպուած կ՚ըլլան հիւանդանոց փոխադրելու:
Երուսաղէմի համախտանիշի առանձնայատկութիւններէն մէկն այն է, որ ատով տառապող զբօսաշրջիկները կամ ուխտագնացները երկար ճանապարհ կը կտրեն եւ մինչ Երուսաղէմ հասնիլը ամբողջ ճանապարհին հանդարտ ու բնական վիճակի մէջ կ՚ըլլան, բայց երբ կը հասնին քաղաք, մէկ անգամէն կը փոխուին, կը զգան իբրեւ գերբնական ուժով օժտուած մէկը: Համախտանիշը կրողներու պահուածքին բնորոշ է թատերականացումը, ինչ որ կը գրաւէ շրջապատի մարդոց ուշադրութիւնը։ Եւ երբ այդ պահուածքը կը հասնի ծայրայեղութեան՝ մարդոց ու շրջապատի համար վտանգ ներկայացնելով, բռնի կերպով ուխտաւորները կը տարուին հիւանդանոց կամ համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերելու վայրեր: Քաղաքի փողոցներէն զանոնք հեռացնելէ եւ օգնութիւն ցուցաբերելէ յետոյ, վտանգաւոր պահերը սովորաբար կ՚անցնին:
Այս համախտանիշով տառապողներուն մէջ եղած են ինչպէս մահմետականներ, յուդայականներ, այնպէս ալ քրիստոնեաներ, որոնց վիճակը նկատելի կերպով կը վատանայ դէպի սրբավայրեր (օրինակ՝ Յիսուս Քրիստոսի եղած վայրերը, Լացի պատ, Սուրբ Յարութեան տաճար եւ այլն) երկար սպասուած այցելութիւնները իրականացնելէ յետոյ։
Հոգեբաններու տեսանկիւնէն համախտանիշը նման է Ֆլորանսի եւ եւ Հռոմի մէջ հանդիպող Սթենտալի համախտանիշին կամ փարիզեան համախտանիշին: Համանման հոգեկան խանգարումներ եւ տառապանքներ կ՚ունենան նաեւ Մեքքէի մէջ յայտնուած ուխտագնացները։
Երուսաղէմի համախտանիշը առաջին անգամ նկարագրուած է 1930-ական թուականներուն՝ հոգեբոյժ Հայնց Հերմանի կողմէ։ Համախտանիշի առաջին դրսեւորումները նկատուած են տակաւին միջնադարին՝ Ֆելիքս Ֆապերի ուղեգրութեան եւ անգլիացի հոգեւոր գրող Մարճըրի Քեմփէի կենսագրութեան մէջ։ Համախտանիշի բազում ծանր դրսեւորումներ արձանագրուած են մանաւանդ 19-րդ դարուն:
Հիւանդութեան դրսեւորման առաւել ծանր դէպքերէն է Աւստրալիայէն Երուսաղէմ ժամանած քրիստոնեայ ուխտագնաց Տենիս Մայքըլ Ռոհանի օրինակը: 1969 թուականի օգոստոս 21-ին ան փորձած է այրել Ալ-Աքսա մզկիթը՝ Տաճարի լերան վրայ, ինչ ո քաղաքին մէջ զանգուածային անկարգութիւններու տեղի տուած է: 1990-ական թուականներու վերջերը բրիտանական հոգեբանական ամսագիր մը ենթադրած է, որ հազարամեակի աւարտը Երուսաղէմի մէջ զանգուածային խուճապի եւ իրարանցման առիթ կը հանդիսանայ։ 2000 թուականին, իրապէս, նկատուած է Երուսաղէմի համախտանիշի դէպքերու աճ, սակայն համաճարակի կանխատեսումները ուռճացուած էին: Այս Երուսաղէմի համախտանիշը, ի տարբերութիւն նմանատիպ համախտանիշներու, քանի մը տեսակ ունի: Առաջին տեսակի ախտանիշները կապուած են այցելուի՝ վաղ շրջանին ունեցած հոգեկան շեղումներու հետ։ Հիւանդը կարող է զինք կրօնական կարեւոր պատմական անձ երեւակայել կամ ըլլալ կրօնական կարեւոր գաղափարներու ազդեցութեան տակ, ինչպիսին է, օրինակ, Յիսուսի երկրորդ գալուստը։
Համախտանիշի երկրորդ տեսակը հիւանդագին դրսեւորումներ ունի, կը վերածուի հոգեկան հիւանդութեան եւ կարող է դրսեւորուիլ ինչպէս զատ անհատի, այնպէս ալ՝ կրօնական խումբի քով։
Բայց առաւել յայտնի է Երուսաղէմի համախտանիշի երրորդ տեսակը, երբ հոգեկան անհաւասարակշռութիւններով անձը, յայտնուելով Երուսաղէմի մէջ, տեղւոյն վրայ մտախտի եւ խելագարութեան ակնյայտ նշաններ ցոյց կու տայ, եւ այդ նշանները կ՚անհետանան այցելուի՝ Երուսաղէմը լքելէ յետոյ: Այս պարագային կրնան պատահիլ այնպիսի տարօրինակութիւններ, ինչպէս օրինակ, ուխտաւորը կրնայ զատուիլ խումբէն կամ իր ընտանիքէն, որուն հետ Երուսաղէմ գացած է եւ քաղաքին մէջ առանձին պտտելու ձգտում կրնայ ունենալ: Համախտանիշը կրող ուխտագնացը Երուսաղէմի մէջ կը պարուրուի բծախնդիր մաքրութիւն պահելու ջանքով՝ յաճախ լոգանք կ՚ընդունէ, եղունգները կտրելու եւ յարդարանքի այլ քայլեր կ՚առնէ: Տարօրինակ դրսեւորում մըն ալ կը նկատուի այս շեղումը կրողներուն քով. անոնք ճերմակ կտորէ (որ յաճախ կը վերցնեն պանդոկի անկողինի հաւաքածոյէն) պատմուճանի նման հագուստ կը ձեւաւորեն եւ կը կրեն Երուսաղէմ եղած օրերուն: Այդ մարդիկ նաեւ Աստուածաշունչէն, սաղմոսներէն բարձրաձայն մէջբերումներ ընելու անյագ ցանկութիւն կ՚ունենան: Պանդոկի անձնակազմը կամ զբօսաշրջավարները զգուշացուած կ՚ըլլան նման պարագաներու մասին եւ անմիջապէս տեղեակ կը պահեն համապատասխան մարմինները, հակառակ պարագային, ուշադրութենէ դուրս մնալով, հիւանդները հանդիսաւոր երթ կը կատարեն դէպի Երուսաղէմի սրբավայրերը եւ քարոզ կ՚արտասանեն հոն:
ՍԹԵՆՏԱԼԻ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ
Համախտանիշը իր անուանումը ստացած է 19-րդ դարու ֆրանսացի նշանաւոր գրող Սթենտալի անունէն, որ համախտանիշը նկարագրած է «Նեափոլ եւ Ֆլորանս. ճանապարհորդութիւն Միլանէն Ռեճօ» գիրքին մէջ, ուր պատկերած է 1817 թուականին Ֆլորանս կատարած իր այցին զգացողութիւնները։ Երբ ան կը հասնի Սանթա Քրոչէ եկեղեցի (որ ֆրանսիսքեան ամենամեծ եկեղեցին է աշխարհի մէջ), անսահման յուզմունք կ՚ապրի՝ հոն տեսնելով իտալացի աշխարհահռչակ նկարիչ Ճոտտոյի եւ համաշխարհային այլ արուեստագէտներու ձգած հետքը: Այդ զգացողութիւնները այնուհետեւ ապրած են շատ ուրիշներ՝ աշխարհի ուրիշ վայրերու մէջ, երբ առընչուած են համաշխարհային մեծերու հետքերուն: Սթենտալի անունը կրող այս համախտանիշը կը բնութագրուի յաճախակի սրտխփոցով, գլխապտոյտով եւ տեսիլքներով: Այն կ՚արտայայտուի կերպարուեստի ստեղծագործութեան ազդեցութեան տակ գտնուելու ժամանակ՝ թանգարաններու, պատկերասրահներու եւ համաշխարհային արուեստի գլուխ գործոցներ ցուցադրող այլ կեդրոններու մէջ:
Սթենտալ իր ստեղծագործութեան մէջ կը գրէ. «Երբ ես դուրս կու գայի Սուրբ Խաչի եկեղեցիէն, սիրտս սկսաւ արագ բաբախել, ինծի թուաց, թէ ցամքած է կեանքի աղբիւրը, ես կը քալէի՝ վախնալով իյնալ երկրի վրայ...
«Ես տեսայ արուեստի գլուխ գործոցներ, որոնք արարուած են կրքոտ եռանդով. այդ ամենէն յետոյ ամէն ինչ դարձաւ անիմաստ, փոքր, սահմանափակ, քանի որ կիրքերու քամին կը դադրի բարձրացնել առագաստները, որոնք առաջ կը մղեն մարդկային հոգին, այդ ժամանակ հոգին կիրքերէն կը զրկուի, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ կը զրկուի արատներէն եւ արժանիքներէն»:
Հակառակ որ Սթենտալ այս ամէնը արտայայտած է 19-րդ դարուն, սակայն համախտանիշը առաջին անգամ յստակ նկարագրուած է 1979 թուականին՝ իտալացի հոգեբոյժ Կրացելլա Մակերինիի կողմէ, որ հետազօտած եւ դասակարգած է Ֆլորանս այցելած զբօսաշրջիկներու շրջանին մէջ աւելի քան 100 միանման դէպքեր եւ կազմած գիրք: Գիրքին մէջ հոգեբոյժը հիւանդութիւններու դէպքերը դասակարգած է ըստ ծագման: Այսպէս, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Ասիայէն եկած զբօսաշրջիկները չեն ենթարկուիր այդ համախտանիշին, քանի որ այն կապուած չէ անոնց մշակոյթին հետ:
Իտալացի զբօսաշրջիկները նոյնպէս ունին ախտամերժութիւն, որովհետեւ անոնք վարժ են նման մթնոլորտին:
Այս համախտանիշին առաւել նախատը-րամադրուած են դասական կամ կրօնական կրթութիւն ունեցող միայնակ մարդիկ՝ անկախ անոնց սեռական պատկանելիութենէն: Իսկ ախտորոշումը առաջին անգամ վերջնական դրուած է 1982 թուականին։
Ուսումնասիրուած է, որ Սթենտալի համախտանիշի տագնապը ամենէն շատ ի յայտ կու գայ Ֆլորանսի՝ Վերածնունդի բնօրրան յիսուն թանգարաններէն որեւէ մէկուն այցի ընթացքին։ Այցելուն յանկարծ կը տարուի զգացմունքներու այն խորութեամբ, որ արուեստագէտը ներդրած է իր ստեղծագործութեան մէջ։ Պատկերի տարածքին յայտնուելու ժամանակ ան անբնական սուր կ՚ընկալէ բոլոր զգացմունքները։ Համախտանիշի զոհերուն արձագանգները տարբեր են՝ ճչոցներէ, բղաւոցներէ մինչեւ պատկերի ոչնչացման փորձ։ Ֆլորանսի թանգարաններու աշխատողները յատուկ դասընթացքներ կ՚անցնին, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ Ստենթալի ախտով համակուած այցելուին հետ, իսկ անվտանգութիւնը միշտ խստացուած կը պահէ իր միջոցները:
Սթենտալի համախտանիշի նշաններ կրնան առաջացնել ոչ միայն արուեստի գործերը, այլեւ բնութեան չափազանց գեղեցիկ պատկերները՝ անտառը, լիճը, կենդանիները կամ աներեւակայելի գեղեցիկ մարդիկ: «Ստենթալի համախտանիշ» արտայայտութիւնը յաճախ կը գործածուի նաեւ վիպապաշտութեան ժամանակաշրջանի երաժշտութեամբ տարուած մարդիկը նկարագրելու համար:
ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Այս մէկը մեզի՝ հայերուս այս պահուն շատ մօտ համախտանիշ մըն է, որ կ՚ապրի ողջ հասարակութիւնը: Հետազօտողներ միշտ այն պնդումը առաջ կը քշեն, որ որեւէ պետութիւն, նախքան պատերազմի մէջ ներքաշուիլը, ինքն իրեն հաշիւ պիտի տայ՝ պատրա՞ստ է արդեօք իր երկրի հասարակութիւնը՝ յետպատերազմական վերապրումներուն, որ սովորաբար շատ աւելի երկար կը տեւէ, քան՝ պատերազմը: Վիշտը, ցաւը, կորուստը, նոյնիսկ՝ յաղթանակը մարսելու համար ամուր եւ կայացած հասարակութիւն պէտք է, այլապէս հարուածը մեծ կ՚ըլլայ եւ հասարակութիւնը կ՚ապրի յետպատերազմական կոչուող ծանր համախտանիշ:
Յետպատերազմական համախտանիշը առաջին անգամ նկարագրուած է Վիեթնամի, ապա՝ Աֆղանիստանի, իսկ աւելի ուշ՝ Չեչենիոյ ու Արցախի պատերազմներէն յետոյ: Փաստ է սակայն, որ այն ապրումները, որոնք կը պարուրեն պատերազմ տեսած հասարակութիւնը, շատ հին են, այնքան, որքան պատերազմներու պատմութիւնը: Հայ իրականութիւնը այսօր կ՚ապրի յետպատերազմական շատ ծանր կացութիւն, ինչ որ մասերու բաժնած է հասարակութիւնը, եւ այդ անդունդը օրէ օր կը խորանայ: Յետպատերազմական համախտանիշին բնորոշ բոլոր երեւոյթները՝ վիշտը, մերժումը, ցաւը, բողոքը, ցասումը, զղջումը, ափսոսանքը, ատելութիւնը, հակաիշխանականութիւնը եւ վախն ու ապագայի հանդէպ անորշութիւնը այսօր թանձր կերպով ներկայ են Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք… Ի տարբերութիւն աշխարհի մէջ տարածուած շատ մը ախտանիշներու, որոնցմով կը տառապին անհատներ, յետպատերազմական համախտանիշը ունակ է վարակելու ողջ հասարակութիւնը: Անոր յաղթահարման միջոցները շատ բարդ են, մասնագէտներ հիմնականը կը նշեն ներումի, համախմբումի, ազգային առանձնայատկութիւններու ճանաչման, մտային եւ հոգեբանական ախտերու դէմ պայքարի ընդհանուր ձեռնարկներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան