ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն։ Այս ամբողջին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը իսկապէս առանձնացաւ՝ ամբողջ դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտի առիթ դառնալով։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, յարակից մարմիններէ դէմքեր եւ ծնողներ։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Բոլորի գնահատանքի մթնոլորտին մէջ անոնք տողանցեցին միասնաբար՝ մինչ շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ մանկապարտիզպանուհի Նելլի Պասմաճեան։

Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2022