ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԵՌՀԱՏՈՐԵԱԿԸ. ԳԻՐՔ Ա.
Հայրենի երիտասարդ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային համալսարանի դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է հրատարակել պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուն՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ:
Թէքէեանի յօդուածներուն մէկ մասը առաջին անգամ հրատարակուած է գրողին մահէն ետք՝ «Երկու դրախտները» խորագրով, այնուհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը նոյն խորագրով 2017 թուականին հրատարակած է Թէքէեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հրապարակագրական եւ յուշագրական բնոյթով յօդուածները: Կազմող եւ խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան այդ յօդուածներուն կցած է նաեւ այլուր հրատարակուած կարգ մը գրութիւններ, որոնք կերպով մը առընչութիւն ունին Պոլսոյ եւ պոլսահայ դէմքերուն հետ: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այդ հրատարակութեան յաջորդած է «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարով լոյս տեսած թէքէեանական միւս գիրքը՝ «Կեսարիա» խորագրով օրագրութիւնը (2016):
Բոլորովին վերջերս ալ Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Վահան Թէքէեանի՝ «Արեւ» օրաթերթին մէջ տպագրուած խմբագրականները՝ «Արեւի խմբագրականներ (1915-1945)» խորագրով: Եւ ահաւասիկ, Վարդուհի Դաւթեանի կազմած գիրքը, կու գայ լրացնելու վերջին տարիներուն Թէքէեան հրապարակագիրէն լոյս տեսած հատորներուն շարքը: Հետազօտողը այս հսկայական աշխատանքով նպատակ ունի գիտական լոյսի տակ ամբողջապէս մէջտեղ բերել Թէքէեանի հրապարակագրութիւնը:
Արդէն լոյս տեսած է եռահատորեակի առաջին գիրքը: «Վահան Թէքէեան. Յօդուածների ժողովածու, 1901-1910, հատոր Ա.» խորագիրը կրող ժողովածուն հրատարակուած է «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ վերջերս կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսէն ետք արդէն հասանելի է ընթերցողներուն: Վարդուհի Դաւթեան այժմ կ՚աշխատի միւս հատորին վրայ, որուն մէջ, ինչպէս յայտնեց մեզի, տեղ պիտի գտնեն նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ Վահան Թէքէեանի հրատարակած յօդուածները: Իսկ առայժմ ան, ինչպէս կ՚ըսէ՝ անպատմելի բերկրանքով կը շարունակէ պեղել այն հանքը, որուն տակ թաքնուած են Թէքէեան հանճարէն գանձեր: Առաջին հատորին մէջ հետազօտողը ընդգրկած է «Վահան Թէքէեան» ստորագրութեամբ, ինչպէս նաեւ անոր բազում ծածկանուններով նշուած թուականներուն մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածները: Մինչդեռ, ինչպէս Վարդուհի Դաւթեան ալ գիրքին յառաջաբանին մէջ կը յայտնէ, Թէքէեան յաճախ հրապարակած է նաեւ անստորագիր նիւթեր, զանոնք գտնելու եւ հրատարակելու ջանքը նոյնպէս գործի դրուած է: Ինչպէս որ լրագրային աշխատանքը տարերք էր Թէքէեանի համար, այնպէս ալ այսօր նոյն տարերքով տարուած են ուսումնասիրողները, որոնք կը ջանան բացայայտել Թէքէեան հրապարակագիրը: Վարդուհի Դաւթեանի այս ձեռնարկումը ատոր վառ օրինակն է:
Յօդուածները գիտական կարգով ծանօթագրելէ, անձնանուններու, տեղանուններու բառարաններ կազմելէ զատ, Վարդուհի Դաւթեան անդրադարձած է նաեւ այն ծածկանուններուն, որոնցմով Թէքէեան ստորագրած է իր յօդուածները: Գիրքին մէջ ներգրաւուած իւրաքանչիւր յօդուածին կից Դաւթեան նշած է, թէ ո՛ր լրագրական ծածկանունով եւ ո՛ր թերթին ու ամսագրին մէջ Թէքէեան հրատարակած է զանոնք:
Օգտուելով գիրքին յառաջաբանէն, կը տեղեկանանք, որ Վահան Թէքէեան արեւմտահայ բազմանուն մամուլին մէջ նաեւ հետեւեալ ծածկանուններով հանդէս եկած է Վ. Տ., Ասուպ, Համշիրակ Բ., Սկայորդի, Իսկուհի Հովեան, Խորէն Որոտում, Բիկմալիոն, Նշան Հարցական, Յովհաննէս Կարապետ, Ասպատակ, Վէ-Թօ, Սուրէն Տիրանեան, Բ. Կ. Մ., Գիսաստղ, Հ. Գ., Հայր Վարդան, Յովհաննէս-Կարապետ, Պում, Ա... եւ այլն: Ասոնց մէկ մասը ան կը գործածէր գրական գործերը օրաթերթերուն յանձնելու, մէկ մասը՝ հրապարակագրական նիւթերը տպագրելու ժամանակ:
Ժողովածուին յառաջաբանը Վարդուհի Դաւթեան խորագրած է Թէքէեանի «Հազարներու մէջէն» քերթուածին առաջին տողէն առնուած «Հազարներու մէջէն մէկը», զայն աւարտելով այսպէս.
«Նրբազգաց հրապարակագիրին նուիրաբաշխումը մեզի՝ հայ ընթերցողներուս, երկնատուր է: Բարենշելով Աստուծոյ կողմէ ժողովուրդներուն բաժին հասնող հանճարներուն շնորհատուութեան չափը, ճիշդ է նկատել, որ հանճար կը ծնի հազար գրողէն մէկը: Այդպիսիք, ի միջի այլոց, կը զարմացնեն ոչ միայն իրենց գրողական ինքնեղութեամբ, այլեւ հասարակական քաղաքական գետնին վրայ ծաւալած կարողագոյն ներկայութեամբ: Դիւրին կ՚ըլլայ միայն թուարկել այն պաշտօններն ու պարտականութիւնները, զորս անձանձիր կը կրէր Վ. Թէքէեանը, սակայն պատկերացնել անհրաժեշտ է, թէ այդքանին հետ ինչպէ՛ս հասցուցած է հրապարակագրել ու բանաստեղծել, արձակագրել ու թղթակցիլ: Մէկ Եգիպտոսի մէջ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ, ատենադպիր, մէկ՝ ուսուցիչ, մէկ՝ Ազգային հիւանդանոցի գրասենեակի տեսուչ, մէկ Սուրբ Կարապետ վանքի վարժարանի տեսուչ, Երուսաղէմի պատրիարքարանի մէջ լիազօր ներկայացուցիչ..., երբեմն անձուկ, երբեմն լայնահուն, երբեմն հոգեցունց ու խանդավառող, երբեմն նեղացնող ու խոցող ժամանակն էր Վ. Թէքէեանինը:
Վ. Թէքէեան, իր շնորհներու բազմութեամբ կրկին լեցուց, լիացուց ու յափրացուց մեր հոգիները: Վ. Թէքէեանով յագուրդ ստացած՝ իր իսկ հատընտիր տողով իրեն կը շնորհաբաշխենք մեր սիրոյ խոստովանութիւնը՝ «հազարներու մէջէն մէկը» հոգուով, խղճով, մտքով:
Վ. Թէքէեան ապրեցաւ իր կեանքը՝ իմաստութիւնն իրեն ապահով առաջնորդ դարձուցած: Այսօր ան կրնայ հանգիստ ըլլալ երկինքին մէջ, որովհետեւ անոր քալած նեղ կածանը արդէն դարձած է ընդարձակ պողոտայ, որուն համեռանդ երթեւեկին վրայ տիրականօրէն փռուած է իր երկար ստուերը: Անոր հոգիին ծիրանաշող լոյսը վաղուց արդէն կը լուսաւորէ ընթերցողին սիրտին գաղտնարծած անկիւնները: Տարիներով փակուած անոր հոգիին լիառատ պահեստը այժմ լայնադուռ բաց է: Ու որքան կը չափուի անոր մեծութիւնը, այնքան կ՚անհունանայ պահանջքը անոր անհատնելի լիութեան հանդէպ: Այդ լիութիւնը Սէր է, որ մեզի բերած ու կեցուցած է անոր հոգիին չսպառող հանքին առջեւ՝ այն ծածուկ հաւատքով, որ մեզի կ՚արտօնուի ամբողջովին ճանչնալ այդ հոգիին խորունկ ներքեւները՝ գրողական ներքնասահմանի մէջ կրկին հաղորդական ըլլալու թէքէեանական օրհնաձիր ներկայութեան»: (Վերածած ենք արեւմտահայերէնի):
Երեւանի մէջ հարցազրոյց ունեցանք Վարդուհի Դաւթեանին հետ, որ պատմեց նման վիթխարի գործի մը ձեռնարկելու իր փափաքին, կատարած ու կատարելիք աշխատանքին եւ Թէքէեանը այլ լոյսով տեսնելու եւ մեզի ներկայացնելու իր ջանասիրութեան մասին: Հարցազրոյցը կը ներկայացնենք մեր յաջորդ էջով: Իսկ այժմ, գիրքէն առնելով, կու տանք յօդուած մը:
ՈՒԽՏԵՐՆԻԴ ԸՆԴՈՒՆԱԿԱՆ…
Գեղեցիկ հնութիւններուն ճակատագիրն է ատեն-ատեն նորութիւն դառնալ նորէն: Այսպէս, նուիրական երրորդութիւնն ալ, Ազատութիւն-Հաւասարութիւն-Եղբայրութիւն Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գեղառատ կը ծփայ հիմա, երբ այլուր կառավարական շէնքերու ճակատը վիմափոր իր հետքերն աւրուելու վրայ են ժամանակէն՝- անշուշտ այնտեղ փոխադրուած ու քանդակուած ըլլալնուն համար հոգիներուն մէջ:
Իզմիրլեան Սրբազանի երկու վերադարձներուն առթիւ (վերադարձի օրն ի Պոլիս եւ վերադարձն անցեալ ուրբաթ իր գահուն վրայ) Պատրիարքարանի մերձակայ փողոցները զարդարուեցան այդ անլուր արձանագրութիւններով, որոնց նորութիւնը Թուրքիոյ մէջ այերածուփ այդ նշաններով ալ կը յայտնուի կոր:
Եւ մարդ ուզէ-չուզէ կանգ կ՚առնէ անոնց առջեւ, կ՚անդրադառնայ անոնց վրայ, եւ զանոնք վերլուծել կը փորձէ իր կարգին՝ հակառակ որ հազարաւոր անգամներ ուրիշներ կատարած են նոյն աշխատութիւնը:
Եւ մարդ ուզէ-չուզէ վարդապետական պիտի ըլլայ քիչ մը՝ երբ այդ վերլուծումը հրապարակաւ ընել ուզէ, որովհետեւ վարդապետականը հին ձեւ մըն է, եւ ծանօթ երրորդութիւնը հնութիւն մըն է վերջապէս՝ մեր մէջ նորութիւն մը ըլլալով հանդերձ:
«Ազատութիւնը» ֆրանսացիք չդրին առանց «հաւասարութեան» եւ «եղբայրութեան», իրենց դրօշին վրայ՝ երբ զայն բարձրացուցին Յեղափոխութեան թոհուբոհին վերեւ՝ անոնցմով խորհրդանշանելով իրենց բոլոր պահանջքները՝ խտացած այդ երեք բառերուն մէջ:
Փորձեցէ՛ք մեկնել, վերլուծել այդ խորհրդանշանը. կ՚ունենաք Արդարութիւն, իբրեւ արդիւնք Ազատութեան եւ Հաւասարութեան, ինչպէս կ՚ունենաք Գթութիւն՝ արդիւնք Եղբայրութեան: Եւ Գթութիւնը ա՛յն է Եղբայրութեան մէջ, ինչ որ է Արդարութիւնը՝ Հաւասարութեան ու Ազատութեան մէջ. Գթութիւնը ուրիշ մէկ ձեւն է արդարութեան, եւ այս իմաստով անիկա կը դադրի ենթակային համար նուաստացուցիչ ըլլալէ՝ ինչպէս կ՚արգիլէ միեւնոյն ատեն ամբարտաւանանալ գթացողին…
***
Անո՛ր համար թերեւս, որ Արդարութիւնը Ազատութեան եւ Հաւասարութեան ամուսնութենէն կը ծնի՝ դեռ ան չծնաւ մեր մէջ ու քիչ մը ուշանայ իսկ թերեւս: Մինչդեռ Գթութիւն ստեղծելու համար Եղբայրութիւնը կը բաւէ միայն (գիտենք, թէ այս տեսակ կենդանիներ կան) եւ այս պատճառաւ անշուշտ երկար չսպասեցինք անոր: Տղու հաշիւ, եթէ կ՚ուզէք... բայց ոչ շատ պզտիկ տղու, որուն ներելի չէ սերնդագործութեան բոլոր գաղտնիքները գիտնալ…
Հիմա կ՚ըսեն, թէ տիկին Ազատութիւնը, որ յղի է (հոս ալ ոչինչ կը մնայ «վարդապետ»ական), արկածներ մը անցընելու վրայ է եւ գուցէ վիժի իր Արդարութիւն զաւակը… Ոմանք մեղքը կը փաթթեն հօրը՝ Հաւասարութեան… ճիտը, որ պակասաւոր է, կ՚ըսեն: Ուրիշներ, արտաքին պատճառի մը կը վերագրեն արկածը, Բռնապետութեան գլորած քարերուն Ազատութեան ճամբուն վրայ, որոնց հանդիպելով՝ տիկին Ազատութեան մէկ թեթեւ, բայց ծանրակշիռ սայթաքումը կը յիշեն: Կացութիւնը թէպէտ փափուկ, ինչպէս կը տեսնուի, բայց կորսուած չէ բոլորովին, եւ ճարտար մանկաբարձներ տիւ եւ գիշեր կը հսկեն, կ՚ըսուի, Ազատութեան սնարին մօտ՝ խոստանալով ազատել թէ՛ մայրը եւ թէ՛ մանուկը…
Ահա թէ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուի, ընտանի կամ «ընտանեկան» ձեւով մը բացատրուած, Ազատութեան եւ Հաւասարութեան գործը:
Գալով Եղբայրութեան (խօսելով միշտ նոյն ձեւով եւ ատոր համար չվախնալով նոյնիսկ… ազգապղծութիւն մը ընելէ) թէպէտ դժուարաւ, թէպէտ տաժանքով, բայց վերջապէս ծննդագործութիւնը տեղի կ՚ունենայ, եւ գէթ հայկական Եղբայրութիւնը աշխարհք բերելու վրայ է արդէն բազմաթիւ փոքրիկ Գթութիւններ…
Հոս, ներեցէք, որ ալ փակեմ Ծննդոց Գիրքը, որ եթէ գայթակղեցուց ալ Ձեզ, դիտել կու տամ, թէ նուազ գայթակղալից չէ Աստուածաշունչը, ուր գիտէք, թէ Ադամէն եւ Եւայէն անմիջապէս ետք սերունդը ինչպէ՛ս կը շարունակուի.....
Բայց փակենք: Մանաւանդ որ կ՚ուզեմ անդրադառնալ գթութեան գեղեցիկ դէպքի մը վրայ, որ զիս խորապէս յուզեց, եթէ ժպտեցուց ալ, յուզումի այն ժպիտով, որ գեղեցկագոյն վէպերու ընթերցման մէջ աւելի յաճախ կը փթթի, քան կեանքին մէջ, այնքա՛ն ժպիտ եւ յուզում անջատուած են իրարմէ յաստիս, այնքան ժպիտը չար եղած է հետզհետէ եւ յուզումը՝ գռեհիկ…
***
Ահաւասիկ դէպքը իր պարզութեանը, իր բովանդակ պարզութեանը վսեմին մէջ:
Ատաբազարի մէջ այր մը եւ կին մը, հիմա տարիքնին յառաջացած, երկար ատենէ ի վեր մեծ իղձ մը, ուխտ մը, իտէալ մը ունէին՝ Երուսաղէմ երթալ, Քրիստոսի ապրած, պտտած վայրերը այցելել, Գողգոթային վրայ ելլել, Գլխադիրին մասունքը համբուրել եւ... վերադարձնուն յԱտաբազար՝ «հաճի-աղա» եւ «հաճի-տուտու» կոչուիլ… Այս փափաքով ապրեր էին երկա՜ր տարիներ եւ խնայած… քսանութ ոսկի, որ թերեւս իրենց բովանդակ հարստութիւնն էր, որ ինքնին հարստութիւն մըն է աղքատիկ այր եւ կնոջ մը համար: Արդ, այս տարի Զատկին պիտի երթային վերջապէս…
Պիտի երթային, բայց վերջերս իմանալով լրագիրներէն, թէ հայրենիքին մէջ սովը (սե՜ւ սովը) սկսած է տարածուիլ, յորդիլ, թէ Զէյթունէն մինչեւ Սասուն անցնելով Կիւրինէն, Կարինէն, Պօզոխէն, Մուշէն ու Վասպուրականէն՝ թշուառութիւնը տիրապետեր է սպառնալից՝ հազիւ միւս տիրապետութիւնը, բռնապետութիւնը իր մագիլները թուլցուցած,- իմանալով այս ամէնը՝ այր ու կին խորապէս խռովուեցան ու մտածել սկսան… Կ՚երեւակայեմ այն առաւօտը, ուր անոնցմէ մին կամ երկուքը միասին (այո՛, միաժամանակ երկուքը միասին) նոյն գաղափարը յղացած՝ մեծ վարանքով, մեղք մը գործելու վախով հաղորդեցին զայն իրարու.- Դրամը, քսանո՜ւթ ոսկին, տարիներու երկայնքին ու երկունքին մի առ մի գուրգուրաքին հաւաքուած, պահուած ոսկինե՜րը, փոխանակ Երուսաղէմ ուխտի ծախսելու, նուիրե՜լ Հայ կարօտեալներուն…
Դրին-վերուցին, վերուցին ու դրին… Աստուած կը հաւանէ՞ր արդեօք, կը ներէ՞ր իրենց՝ ուխտերնին չկատարել, քանի որ այդ տարիքէն ետքը ա՛լ յուսալու չէին, որ պէտք եղած գումարը պիտի կրնային անգամ մըն ալ ժողվել: Բայց (ատոր անդրադարձան թէ ոչ, չեմ գիտեր) Աստուծոյ հաւանութիւնը պատրուակ մըն էր բուն գործին մէջ, իրօք, սո՛ւրբ պատրուակ սո՛ւրբ գործի մը՝ որ էր իրենց բարեպաշտիկ փափաքը Սուրբ-Վայրերն այցելելու... Եւ կ՚երեւակայեմ նորէն, թէ գիշեր մը ամբողջ լուսցուցին՝ վիճելով այդ մասին, քով քովի գետնատարած իրենց անկողիններէն թեր ու դէմ զուրցելով ամէն ինչ, որ կրնային մտածել այդ խնդրոյն վրայ, իրարու բերնէ առնելով, գիշերային փոխ մը զուրցելու նման... Եւ այդ կռիւը աստուածային կռիւ մը եղաւ ընդմէջ բարեպաշտութեան եւ գթութեան, մղուած երկու ծերունիներու սրտին մէջ...
Գթութիւնը յաղթանակը տարաւ վերջապէս: Միաբերան անոնք որոշեցին իրենց թանկագին (օ՜հ որքա՜ն) դրամը յատկացնել կարօտելոց եւ Երուսաղէմ չերթա՛լ, իրենց ուխտը չկատարե՛լ, հաճի չըլլալ…
Չեմ գիտեր, թէ այս տողերով կրնա՞մ կոր ճշդիւ զգացածս թարգմանել... Ամէն պարագայի մէջ, երբ ես կարդացի լուրը՝ քիչ էր մնացեր, որ լայի, լայի յուզումէս ու ուրախութենէս, որ արցունքի երկու կաթիլ հոսէր վար ժպտաշող դէմքէս:
Ինծի համար՝ եթէ այս ժամանակիս Քրիստոսը ըլլայի ես, նոյնքան եւ աւելի պիտի պանծացնէի այս ծերուկ ամոլին ըրած զոհողութիւնը, որքան բուն, Քրիստոսը պանծացուց իր ատենին, այրի կնոջ մը Տաճարին գանձանակին մէջ ձգած լուման… Բայց մինչդեռ այրի կնոջ լումային անկումը յաւիտենապէ՛ս կը հնչէ, այդ կինն իր մէկ լումայով յաւիտեա՜ն կը ցնծայ դարերուն մէջէն՝ ասդին նոյնքան եւ աւելի արժանաւոր գթասիրական գործեր մութին մէջ կը մնան, որովհետեւ Աստուած մը չվկայեց անոնց…
Ինծի համար դարձեալ, գիտնալով իսկ, թէ իրենց որոշումը տալէն ու պէտք եղած տեղը զայն հաղորդելէն վերջ, ա՛լ կարօտնին առած, ուխտերնին կատարուած զգացած են անոնք՝ կ՚առաջարկեմ մարդկային հնարաւոր միջոցով մը յաւերժացնել գթասիրտ այրեւկնոջ խնկելի արարքը, յաւերժացնել գոնէ մինչեւ անոնց կեանքին վերջը… Իմ առաջարկս կ՚ուղղեմ մասնաւորապէս ատաբազարցիներուն եւ կը խնդրեմ, որ բարի ծերունիներուն հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ զանոնք կոչեն
-ՀԱՃԻ աղա...
-ՀԱՃԻ տուտու…
Իբրեւ թէ իրապէս անոնք գացած ըլլային Երուսաղէմ, որովհետեւ իրօք ալ հոգով անոնք բարձրացան Հայութեան Գողգոթային գագաթը եւ փոխանակ իրենց բթամատերուն անկիւնին եւ դաստակներուն՝ անոնց սիրտե՛րն ասղնտեցան ու արիւնեցան իրենց ցեղին ցաւէն…
10-23 Նոյեմբեր, ԺԱՄԱՆԱԿ Ա. ՏԱՐԻ, Կ.ՊՈԼԻՍ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024